
Յունիս 21-ին, մեկնարկեց Մարտակերտի ազատագրման 25-ամեակին նուիրուած տօնակական ձեռնարկներու շարքը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Յունիս 28: Տեղի պիտի ունենայ քարաթէի մրցում, ապա զարգացման մրցում՝ Մարտակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնէն ներս։ Յունիս 25-ին, Մարտակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնէն ներս պիտի կայանայ համերգ՝ Արցախի պետական էսթրատային խումբի մասնակցութեամբ: Յունիս 26-ին, ժամը 18:00-ին, Մարտակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնէն ներս պիտի բեմադրուի «Աշխարհը Լոռուայ ձորերում» ներկայացումը՝ Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մասնակցութեամբ, Յունիս 27-ին, ժամը 17:00-ին, Մարտակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնէն ներս տեղի պիտի ունենայ տօնական համերգ՝ կեդրոնի երգիչ-երգչուհիներուն կատարումով:
Մարտակերտի Վիգէն Շիրինեանի անուան մարզադաշտին մէջ պիտի կատարուին ոտնագնդակի մրցումներ, ապա Մարտակերտի ըմբշամարտի դահլիճին մէջ՝ ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցոյթ:
Տօնական շաբթուան վերջին օրը՝ Յունիս 28-ին, Մարտակերտի մէջ պիտի կազմակերպուի զինուորական քայլերթ, որուն պիտի յաջորդէ ծաղկեպսակադրութիւն՝ արցախեան գոյամարտին նահատակուած ազատամարտիկներու եւ զինծառայողներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին:
Կազմակերպուող ձեռնարկներուն ծիրէն ներս, նոյն օրը, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնին մէջ պիտի կայանայ հանդիսաւոր ժողով՝ նուիրուած Մարտակերտի ազատագրման 25-րդ տարեդարձին, որուն պիտի յաջորդեն տօնական համերգներ: Ապա, տեղի պիտի ունենայ հրավառութիւն: