Յառաջիկայ Մարտ 5-ին (երեկոյեան ժամը 7-էն 9) , համագործակցութեամբ Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանին (UCLA – Նարեկացի ամպիոն եւ Փրամիս հիմնարկ) եւ Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարկին (NAASR), տեղի պիտի ունենայ սփիւռքահայ փիլիսոփայ եւ գրականագէտ Մարկ Նշանեանի մասին ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը:
Այս վաւերագրական բնոյթ ունեցող ժապաւէնին բեմադրիչն է Հրայր Անմահունի (Էօլմեսեքեան): Սրահին հասցէն է.-

