
Ուրուկուայի հանրածանօթ քաղաքական գործիչ Լիպեր Սերենիի անուան հիմնադրամի կեդրոնը, Սեպտեմբեր 12-ին հրաւիրած էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանը` դասախօսութիւն մը տալու “Հարաւային Կովկասի ներկայ իրավիճակը եւ ապագայի մարտահրաւէրներ“ նիւթով:
Դասախօսութեան ներկայ էին հիմնարկի տնօրէն Ակուսթին Քանսանի, իշխող Լայն ճակատ կուսակցութեան նախագահ Մոնիքա Սավիեր, նոյն կուսակցութեան ծերակոյտի անդամներէն եւ խորհրդարանի միջազգային յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ փրոֆ. Էնրիքէ Ռուպիօ, որոնք մաս կը կազմէին կլոր սեղանին, ուր դասախօսութենէն ետք տուին իրենց մեկնաբանութիւնները:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Լիլիան Քէշիշեան, երեսփոխաններ, զանազան հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ գաղութիս անդամներ: Նալպանտեան իր դասախօսութեամբ ընդհանուր պատկեր մը տուաւ Հարաւային Կովկասի ներկայ իրավիճակի մասին` զայն բաժնելով “Հեռանկարներ եւ մարտահրաւէրներ Հարաւային Կովկասի մէջ“ եւ “Ապահովութիւն եւ կայունութիւն արդար խաղաղութեան մը համար“ խորագիրներուն:
Գրեթէ մէկ ժամ տեւած իր դասախօսութեան ընթացքին, Նալպանտեան վերլուծական ակնարկով ընդհանուր պատկերով մը ներկայացուց Կովկասի շրջանի ռազմական նշանակութեան կարեւորութիւնը, ընդհանրապէս ուժանիւթի պաշարները եւ յատկապէս հզօր պետութիւններու շահագրգռուածութիւնը, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք անոնց որդեգրած շրջանային քաղաքականութիւնը: Նալպանտեան կեդրոնացաւ Հարաւային Կովկասը կազմող հանրապետութիւններուն` Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի վրայ` լուսաբանելով իւրաքանչիւր երկրի թէ՛ քաղաքական, թէ՛ աշխարհագրական եւ թէ՛ ժողովրդագրական կացութիւնը` այդ շատ զգայուն շրջանին մէջ: Ապահովական գետնի վրայ, դասախիօսը կարեւոր նկատեց Արցախի հիմնահարցը` մանրամասնութիւններ փոխանցելով ներկայ հոլովոյթներուն մասին եւ շեշտը դնելով անոր արդար եւ քաղաքական լուծում մը գտնելուն վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ տեւական խաղաղութիւն ձեռք բերել, քանի որ, ըստ անոր, եթէ Արցախի հիմնախնդիրը արդար լուծումի մը չյանգի, կրնայ ոչ միայն Հարաւային Կովկասի, այլեւ աւելի լայն առումով, Միջին Արեւելքի ապակայունութեան պատճառ դառնալ, հակառակ անոր որ արդէն այդ շրջանը երկար տարիներէ ի վեր պայթուցիկ իրավիճակ մը կը ներկայացնէ, ի մասնաւորի սուրիական տագնապը եւ այլ չլուծուած հարցեր նկատի ունենալով: