

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ
Համացանցի բարիքներու շնորհիւ վերջերս բախտը ունեցայ հանդիպիլ հայերէն լեզուով գրուած բժշկական շատ կարեւոր եւ բացառիկ գիրքի մը, որուն խորագիրն էր՝«Մարդ մը շինենք, կամ մարդկային մարմնի կազմախօսութիւնը, բնախօսութիւնը եւ համառօտ ծանօթութիւններ ախտաբանութեան եւ առողջապահութեան մասին»:
Գիրքին հեղինակն է բժիշկ Լեւոն Գրիգորեան: Գիրքը հրատարակուած է Փարիզ 1930-ին: Գրուած է արեւմտահայերէնով եւ հարուստ է մեծ թիւով բժշկական լուսապատկերներով: Ան լոյս տեսած է հեղինակի «Բուժանք» ամսագրի մատենաշարին մէջ՝ որպէս թիւ երեք:

Տոքթ. Լեւոն Գրիգորեան Փարիզի մէջ 1926-1930 հրատարակած է «Բուժանք» ամսագիրը, ուր տպուած են առողջապահական և գիտաբժշկական յօդուածներ եւ նիւթեր՝ նուիրուած հայ բժշկության պատմութեան, անուանի բժիշկներու, մարմնամարզանքի, դպրոցի առողջապահական հարցերու եւ բուժման ժողովրդական եղանակներու։
Բուժանքի մէջ գրած են անուանի բժիշկներ՝ Ա. Աբէլեան, Գ. Սերոբեան, Ե. Մինասեան, Յ. Բասմաճեան, Երուանդ Խաթանասեան եւ ուրիշներ:
Բժիշկ լեւոն Գրիգորեան մաս կազմած է Փարիզի մէջ «Նահատակ գրողներու բարեկամներ» յանձնախումբին, որուն նպատակը եղած է նահատակ գրողներու գրական գործերը հաւաքել եւ հրատարակել: Յանձնախումբի անդամներէն եղած են՝ Լ. Մօզեան, Մկրտիչ Պարսումեան, Սիմոն Վրացեան, Վազգէն Շուշանեան, Շաւարշ Նարդունի, Մկրտիչ Երիանց, բժիշկ Լեւոն Գրիգորեան եւ ուրիշներ:
«Մարդ մը շինենք» գիրքը կը սկսի հեղինակին կողմէ գրուած «Մարդ մը շինենք» վերնագիրով ամփոփ խօսքով մը, որուն կը յաջորդեն գիրքին բաղկացուցիչ 16 բաժինները՝ գրուած 180 էջերու վրայ: Գիրքին վերջաւորութեան յիշուած է 16 բաժիններու ցանկը հետեւալ շարքով՝ Բջիջ եւ հիւսուածք, ոսկոր եւ կմախք, յօդերը, դնդերները, մորթը, աչքերը, ականջները, քիթը, բերան եւ լեզու, մարսողական գործարան, շնչողական գործարան, արեան շրջանառութեան գործարան, միզային գործարան, ծննդական գործարան, ջղային դրութիւն, ներծոր գեղձեր:
Գիրքը չի խօսիր հեղինակի մասին, այսինքն՝ հոն չենք տեսներ բժիշկ Լեւոն Գրիգորեանի կենսագրականը, սակայն գիրքի շապիկին վերջընթեր էջին յիշատակուած է հեղինակին հրատարակած գործերը՝
- «Թէ ի՞նչ պատմեց թրէբոնէմը կամ ի՞նչ է սիֆիլիսը, ի՞նչպէս զգուշանալ, ի՞նչպէս դարմանուիլ», հրատարակուած Փարիզ 1927-ին:
- «Երջանկութեան ուղին կամ մարմնական եւ հոգեկան առողջութեան գաղտնիքը»: Բժիշկ Լեւոն Գրիգորեան ամփոփած է տոքթ. Վ. Փոշէի գործը::
- «Մարդ մը շինենք կամ մարդկային մարմնի կազմախօսութիւնը, եւ համառօտ ծանօթութիւններ ախտաբանութեան, եւ առողջապահութեան մասին», հրատարակուած Փարիզ 1930-ին:
- «Թէ ի՞նչ պատմեց կօնօկօքը կամ ի՞նչ է ջերմամիզութիւնը, ի՞նչպէս զգուշանալ, ի՞նչպէս դարմանել» (հրատարակելի):
Ի՞նչու եւ կամ ի՞նչէ մղուած բժիշկ Լեւոն Գրիգորեան 91 տարիներ առաջ հայերէն լեզուով գրած է այս մասնագիտական-բժշկական գիրքը Փարիզի մէջ: Ան բժշկական ուսանողներու եւ կամ բժշկական համալսարաններու մէջ գործածուելու համար չէ գրած, այլ պարզ ժողովուրդին համար: Սակայն, ըստ ինծի, կարելի է նկատել զայն՝ բժշկական ուսանողներու համար մարդակազմութեան մնայուն դասագիրք մը:
Վերոյիշեալ հարցումին կրնանք ճշգրտօրէն պատասխանել կարդալով հեղինակին կողմէ գրուած «Մարդ մը շինենք« խօսքը: Բժիշկ Լեւոն Գրիգորեան իր յառաջաբանին մէջ կ’ըսէ.
« Ժողովուրդներու մէջ հինէն մինչեւ այսօր կը տիրէ վերապահութիւնն ու տգիտութիւնը ճանչնալու մեր մարմինը, որ շէնքի մը կը նմանի: Շատեր չեն գիտեր եւ չեն իսկ հետաքրքրուիր, թէ ի՞նչպէս շինուած է այդ շէնքը, ի՞նչպէս կը գործեն մեր արտաքին եւ ներքին բարդ բայց հրաշալի գործարանները: Մարդիկ ընդհանրապէս ծանօթ չեն մարդկային շէնքին հրաշալիքներուն, անոնց համադրութեան, մեքենականութեան, պաշտօններուն եւ գործածութեան»:
Ուրեմն ան գրած է այս աննախնթաց բժշկական առողջապահական գիտելիքներով լեցուն գիրքը զարգացնելու համար հայ հանրութիւնը:

Բժիշկ Գրիգորեան իր յառաջաբանի վերջաւորութեան ըսած է.
«Ձեզի կը մնայ, ընթերցողներ, ուշի ուշով հետեւիլ մեր աշխատանքին, որպէսզի ճանչնաք մարդկային տոկուն բայց նուրբ շէնքը, ուր կը բնակի ձեր հոգին, չվարուիք անհոգ վարձակալներու նման եւ տգիտաբար կամ անգիտակցաբար չաւերէք զայն ժամանակէն առաջ, այլ խիստ հոգածու ըլլաք իբրեւ տանտէր՝անվթար պահելու համար զայն երկար տարիներ»:
Բժիշկ Լեւոն Գրիգորեան նմանցուցած է մարդկային մարմինը մանուկներու խամաճիկ խաղալիքի մը եւ քակելով մարդ խամաճիկը, հետզհետէ մէկդի դրած է բաղկացուցիչ մասերը, թափանցած է ամենանուրբ տարրերուն մէջ եւ փորձած է համախմբել այդ քակուած մասերը մարդ մը շինելու համար նորէն: Ան այս բոլորը ընելու ատեն զուգահեռ համառօտ եւ ամփոփ նկարագրած է անոր մասերը՝ կազմախօսութիւն (anatomy), անոնց նուրբ կազմուածքը՝ հիւսուածաբանութիւն (histology), աշխատանքը՝ բնախօսութիւն (physiology), երբեմն ալ տուած է ախտաբանական, առողջապահական, աւանդական ու պատմական ծանօթութիւններ:
Բժիշկ Լեւոն Գրիգորեան դիւրիմաց բացատրութիւններով կը ներկայացնէ մեր մարմնի կազմութիւնը՝ մարդակազմութիւնը: Ան գրած է բոլորովին բացառիկ ոճով մը:
Դասական եղանակով գրուած գիրք մը չէ այդ հրատարակութիւնը: Ան գրած է գեղեցիկ զրուցատրութեամբ: Ան կը խօսեցնէ մարմնի զանազան մասերը՝ արտաքին եւ ներքին բարդ բայց հրաշալի գործարանները, որոնք կը պատմեն, թէ ինչպէ՞ս շինուած են, ինչպէ՞ս կը գործեն եւ ինչո՞ւ կը գործեն: Ան կը խօսեցնէ իւրաքանչիւր օրկանը դիւրահասկնալի ձեւով, պարզ, մաքուր արեւմտահայերէնով եւ հարուստ բժշկական հայկական բառամթերքով: Ան գործածած է հազարաւոր հայերէն բժշկական բառեր:
Բժիշկ Լեւոն Գրիգորեան հաճոյալի գրելաձեւ մը ունի, կարծէք վէպ մըն է, որ կը կարդաս, վէպ մը, որ հետաքրքրական է եւ ձանձրացուցիչ չէ: Ան գրած է այս գիրքը մարդակազմութեան յետին մանրամասնութիւններով, նկարագրութիւններով եւ գծանկարներով:
Ան գրած այս զուտ բժշկական դասագիրքը հայերէնով Փարիզի մէջ, բայց որո՞ւ համար եւ ինչո՞ւ գրած է: Մեծ հարցականներ: Այն եզրակացութեան կրնայ գալ մեզմէ ոեւէ մէկը, որ այդ օրերուն մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուած է այսպիսի գիրքերու նկատմամբ, եղած են հետաքրքիր ընթերցողներ, բժշկական գրականութիւն սիրող հանրութիւն մը:

Բժիշկ Լեւոն Գրիգորեան, մարդու կազմուածքութիւնը նկարագրելու ընթացքին, մերթ ընդ մերթ որոշ բաժիններու մէջ ըրած է խիստ կարեւոր թելադրութիւններ՝ այդ շէնքին՝ մարմնին զանազան բաժիններուն առողջ գործունէութեան պահպանման համար: Ահաւասիկ իր սրտէն բխած յորդոր-խրատներէն օրինակ մը.
«Դանդաղ կեր եւ լաւ ծամէ: Կերուխումներով ստամոքսդ մի յոգնեցներ, բայց միեւնոյն ատեն ինքզինքդ ուտելիքէ մի զրկեր: Ճաշի ատեն ջուր խմէ, քիչ խմէ եւ որեւէ ատեն ըմպելիները ումպ ումպ խմէ: Գիտցիր որ իբրեւ ախորժաբեր կամ մարսողական առնուած ալքոլը միշտ թոյն է: Ճաշէն վերջ քիչ մը հանգիստ կամ հանդարտ պտոյտ մը ըրէ. թէ մտային եւ թէ ֆիզիքական ծանր աշխատանքը մարսողութիւնը կը խանգարեն. նմանապէս ցուրտը, սաստիկ տաքը եւ սեղմուած հագուստները: Ամէն բանէ չափաւոր կեր: Բայց գիտցիր, որ մսեղէնները անհրաժեշտ են մինչեւ 20-25 տարեկան մարմնի հիւսուածքներու շինութեան համար, կարելի է զանց առնել կամ չափաւոր գործածել 25-50 տարեկան, եւ վնասակար կրնան ըլլալ այդ տարիքէն վերջ: Գիտցիր նաեւ, որ թէ ֆիզիքական եւ թէ մտային աշխատանքի համար լաւագոյն ուժը կը հայթայթեն շաքարալիւրային ուտելիքները: Երբ ստամոքսդ կամ աղիքներդ խանգարուին, մտիկ ըրէ անոնց բողոքը, հետեւաբար զանց առ կարգ մը ուտելիքներ եւ լաւ գիտցիր, որ դեղերէ աւելի սննդապահութեամբ եւ յարակից առողջապահական կանոններով կարելի է կանոնաւորել անոնց գործունէութիւնը եւ կանխել ծանր բարդութիւններ: Հսկէ աղիքներուդ կանոնաւոր պարպումին, կարելի եղածին չափ շուտ գոհացում տուր միշտ «պէտքի» զգայութեան: Երբ արտաքսումդ անկանոն է, մի կարծեր որ միշտ դեղահատերով կարելի է կանոնաւորել. Յաճախ հակառակը կը պատահի: Ուստի հոգ տար սնունդներու ընտրութեան, ճաշերու կանոնաւորութեան, մարզանք ըրէ եւ հակառակ պարագային քննութեան մը ենթարկուէ՝ պատճառը գիտնալու եւ դարմանուելու համար, եթէ չես ուզեր տեւական պնդութիւն ունենալ եւ կեանքդ թունաւորել»:
«Մարդ մը շինենք» գիրքը կարդալով վերյիշեցի բժշկական ուսանողութեանս առաջին տարուան մարդակազմութեան ամենօրեայ դասաւանդութեան ժամերը եւ դիազննութեան ուշագրաւ պահերը:
«Մարդ մը շինենք» գիրքը կը նկատեմ խիստ շահեկան եւ ուսանելի գիրք մը:
Աղբիւրներ՝
- Հայկական գիտահետազօտական հանգոյց, Երեւան.
- Հայաստանի հանրագիտարան.
- Պետիկեան Գէորգ, Ապրիլեան խոհեր, Ազդակ օրաթերթ, Պէյրութ, Ապրիլ 24, 2017
- Վիքիպեդիա