ՄԱՐԴՆ ՈՒ ԳՐՈՂԸ

Գէորգ Պետիկեան
Խնդրե՛մ, ըսէ՛ք, ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր պատասխանը, երբ օր մը ձեր սենեակէն ներս, գրասեղանիդ վրայի համակարգիչին դիմաց նստած, մտածկոտ ու խոհերու մէջ թաղուած, յանկարծ տասը տարեկան ձեր թոռնուհին սենեակ մտնէր, առանց բարեւելու, մօտենար ձեզի եւ բարկացող եւ սակայն անմեղօրէն հարց տար.-
-Պապի՛կ, ի՞նչ կ’ընես…նորէ՞ն կը գրես…ի՞նչ կը գրես… այս անգամ որո՞ւ համար կը գրես, «ա՛յ նօ». դուն նորէ՛ն նստած կը գրես քու Հալէպիդ մասին… հայերու մասին… «ուել»…, հապա ե՞ս…, ուրեմն …դո՛ւն ինծի համար լաւ պապիկ մը չես… դուն միայն մեր տունին մէջ «րայթըր» մըն ես … պայ…
Այսչափ։ Պարզ։ Արագ։ Հեւքոտ ու ջղային։
Այս բոլորը ինծի ըսաւ, որովհետեւ ես փոխանակ իրեն ժամանակ տրամադրելու, եւ իր հետ անցընելու, եկած էի սենեակ ու «աշխատանքի» լծուած, առանց իր «արտօնութեան»։
Ա՛յդ օր, եւ ա՛յդ վայրկեանին, իրեն համար խոստումնադուրժ պապիկ մըն էի։ Պարզապէս իր խօսքը չյարգող պապիկ մը։ Այս մէկը իրեն համար «ըլլալիք» չէր։ Անհաւատալի։ Անընդունելի:
Անոր համար իր զայրոյթը պարպելէ ետք, արագ մը դուրս եկած էր սենեակէս, այնպէ՛ս, ինչպէս որ մտած էր, միեւնոյն ժամանակ խանգարելով միտքս ու մտածումներս, եւ մանաւանդ սենեակիս լուրջ նոր ստեղծած մթնոլորտս ու զիս նետած դարձեալ կեանքի թագուն ձայներուն մէջ:
Իսկ հիմա, ըսէ՛ք,-ինչպէ՞ս ընդունիլ կեանքի այս ճշմարտութիւնը։
Կ’ըսեմ…գրող…, գրագէտ…, բանաստեղծ եւ մտաւորական…։ Չեմ գիտեր…Բայց ասոնցմէ առաջ՝ մարդ էի, չէ՞: Համեստ եւ պարզ։
Կը կարծեմ, որ ճիշդ էր թոռնուհիս իր վրդովումի վայրկեաններուն մէջ։ Ճիշդ էր, եւ հաստատապէս, որովհետեւ այդ օր ես իր գիտցած ու ճանչցած «մարդը» կամ պապիկը չէի։ Զինք անտեսած էի։ Իր ներկայութիւնը…: Ես պարզապէս իր հոգիի կանչին ականջալուր «եղող» մըն էի։
Բայց, ինչպէ՞ս այս մէկը բացատրէի խեղճ թոռնիկիս։ Ո՚՞ր բառերով ու ո՞ր տողերով։ Ի՛նք, իր աշխարհը ունէր, ինչպէս նաեւ ես՝ իմս։ Իրարմէ տարբեր, իրարմէ հեռու, ծանօթ եւ անծանօթ, բայց յաճախ իրարու շատ մօտ։ Կից։ Փակած։
Ճիշդ էր, որ այդ վայրկեանին ես պարզապէս կը գրէի։ Սկսած էի գրել: Բայց…։ Պէտք է ըսեմ, որ գրելը, թէեւ աստուածային շնորհ մըն է, կեդրոնացում է պէտք: Յարգանքով պէտք է մօտենալ ճերմակ թուղթին կամ համակարգիչիդ պաստառին: Որովհետեւ, խօսքը, շատ հատու զէնք մըն է, կրնայ նոյնիսկ պատրանքներ ստեղծել։
Որովհետեւ, գրելը նաեւ պոռթկումն է, ո՛չ սովորական։ Այլ խօսքով՝ արարչական գովք։
Գրել։ Այո՛։ Գիտեմ որ գրողը նախ պէտք է հասկնայ, թէ ի՞նչ կ’ուզէ կեանքէն։ Ան այդ վայրկեանին պէտք չէ որ խանգարուի: Կեդրոնացումը էական է: Նաեւ ան պէտք է անկեղծ մնայ իր նպատակին հետ, նոյնացնելով իր ապրումը, իր իսկ ընթերցողին հետ։
Պէտք է…պէտք է… պէտք է… եւ տակաւին…։
Ահա նորագոյն գրականութիւնը, ուր միշտ կայ, կ’ապրի, գոյութիւն ունի յուսահատ անհատի կերպարը։ Որովհետեւ, այնպէս կ’երեւի, թէ այս դարուն գրողը, շատ մը «բաներու» կողքին, նաեւ կը փնտռէ իր կեանքի իմաստը։
Իսկ հիմա…իսկ այս մանր «վէճէն» ետք … գրել… ի՞նչ գրել…թոռնիկիս ըսածին նման,- ինչո՞ւ գրել, երբ նոյնիսկ կարդացող չկայ։ Կայ…թերեւս…«անունով»…միայն։ Բացառութիւնները՝ մէկդի:
Չէ՞, որ գրողը մեր ցաւերը մատնանշող գրիչն է։ Չէ՞, որ ան է հայ լեզուի նահանջով մտահոգուողը եւ աւելին՝ մեր մայրենիի մաքրութեան անտարբերութիւնը շեփորողը։ Վերջապէս…ան է նաեւ հայ մտքի աղքատութիւնը ողբացողը։ Ուրեմն… ամէն առիթով պէտք է որ գրէ՛։ Պէտք է, որ շարունակէ իր մատիտին կամ գրիչին վազքը դէպի հայ տողերը, անոնց փոխանցելով իր իսկ հարազատ մտահոգութիւններն ու խնդակցութիւնները։
«Հայ գրողը հայասիրտ տրոփում պէտք է ունենայ.- ըսած էին մեր մեծ գրիչները,-առաւել՝ իր եզակի հայեացքներով, օտար կամ հայ միջավայրի մէջ անսահման տագնապող… ազգային ալեկոծութեան ականատեսն ու ապրողն ալ է…, եւ վերջապէս իր անբիծ ու անկողմնակալ երազանքներով մտածողը… ու նաեւ այ՛ն «մարդը»՝ որ միշտ կ՚ապրի հայ մշակոյթին մօտ իր ներքին հաւատքով, հեռու սովորական չափանիշներէն, իր ժամերուն խառնելով ազգային իր գիտակցութիւնն ալ…»։
Ահա՛, ինծի համար, կամ աւելի ճիշդ, իմ հասկցած… հայ գրողը։
Իսկ ես։
Ըսեմ, որ իմ կարգիս, իբրեւ պարզ եւ համեստ մարդ, այդ պահուն համակարգիչիս եւ թուղթերուս վրայ յամառօրէն մտքիս դրօշարաշաւը կը փորձէի, անձայն եւ …անխռով։ Անջատուած շրջապատիս մթնոլորտէն…ուրիշ ոչինչ:
Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս կարելի էր բացատրել տասնամեայ այս թոռնուհիիս այս բոլորը: Որովհետեւ, իր այդ «խօսքերէն» ետք, ես ինծի հարց սկսած էի տալ թէ անձնապէս ես ի՞նչ էի…արդեօ՞ք պարզ «մա՞րդ» մըն էի.., թէ ոչ՝ խոստումնադուրժ պապի՞կ մը… կամ աւելի ճիշդ թոռնիկիս բացայայտումով՝ պարզապէս «րայթըր» մը…։
Իրապէս. շուարած էի:

