
Read Time:1 Minute, 47 Second
Խմբագրական
Ոդիսակա՞ն, թէ՞ արհաւիրք։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի անխոհեմ, կարճատես եւ անտրամաբանական գործունէութիւնը օրըստօրէ իր վրայ կը կեդրոնացնէ բոլորին ուշադրութիւնը, յաւելեալ քննադատութիւններու դուռ բանալով։
Ապօրինի գաղթականներ արտաքսելու հարցը մեծ դժգոհութեան ալիք ստեղծած եւ մելան հոսեցուցած էր, երբ այս անգամ Թրամփի ղեկավարութիւնը այլ արագ եւ կարճատես որոշում մը առաւ, Յունիս 20-ին պաշտօնապէս տեղեկացնելով, թէ Միացեալ Նահանգները կը քաշուին Մարդկային Իրաւանց խորհուրդէն։
Մ.Ա.Կ.-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան եւ նախագահ Թրամփի հլու կամակատար Նիքի Հէյլի յայտարարեց, թէ իր երկիրը կը քաշուի այս խորհուրդէն, այն պատճառով, թէ քաղաքական մութ հաշիւներ կան եւ թէ ճնշումներու արդիւնքով մարդկային իրաւունքները զոհը դարձած են այս անհանդուրժելի մթնոլորտին։
Վստահաբար, իր սովորական դայլայլիչներով, նոյնինքն նախագահ Թրամփն ալ, իր «փորձառութեամբ», իւրայատուկ մեկնաբանութիւններով եւ անշուշտ յաւելեալ ձաբռտուքներով պիտի համոզէ, թէ առնուած որոշումը տեղին է։ Հաւանաբար, ամենայն ինքնավստահութեամբ եւ անտրամաբանութեամբ, ան կրնայ առաջարկել նաեւ, թէ կրնայ վերատեսութեան ենթակել այս որոշումը, կամ վերստին միանալ Մ․Ա․Կ․-ի Մարդկային Իրաւանց խորհուրդին եթէ ընդհանուր կեդրոնատեղին փոխադրուի․․․ Երուսաղէմ։
Բնական է, որ այսպիսի խորհուրդ պիտի զբաղի ընկերային, բարոյական եւ անշուշտ քաղաքական հարցերով։ Նոյնիսկ արուեստի եւ մշակոյթի մէջ մասնագիտացած Մ․Ա․Կ․-ի հովանիին տակ գտնուող խորհուրդներ կը զբաղին քաղաքական հարցերով։
Այս որոշումին առնչութեամբ նոյնանման բացատրութիւններ տուաւ Թրամփի ղեկավարութեան այլ բանալի հլու կամակատար մը՝ Արտաքին Գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ, որ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հէյլիի, շեշտելով, թէ Ամերիկայի շահերը առաջնահերթ կը դասուին ամէն բանէ վեր։
Հոս տեղին է հարց տալ, թէ աշխարհի ամենէն աւելի ժողովրդավար եւ ազատամիտ երկիրներէն մէկը նկատուող Միացեալ Նահանգները պէտք չէ՞ որ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող մարդկային իրաւունքները արծարծող հարցեր նաեւ նկատի ունենան իբրեւ առաջնահերթութիւն։
Այսպէս, այս խորհուրդին մէջ էր որ Լիպիա կախակայուեցաւ, օրուան ղեկավար Քազաֆին խախտած ըլլալով մարդկային իրաւունքները։ Այլ երկիրներու մարդկային իրաւունքներու դէմ գործած ըլլալով, երկու տարի առաջ մերժուեցաւ Ռուսաստանի գործօն անդամակցութեան իրաւունքը։ Միեւնոյն մերժումը ստացան նաեւ իրենց երկրին մէջ մարդկային իրաւունքները ոտնակոխած Պելառուսն ու Ատրպէյճանը։
Նաեւ, տեղին է ընդգծել Եւրոպական Միութեան մէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ կը նշուի, թէ Միութիւնը պիտի շարունակէ պաշտպան հանդիսանալ մարդկային իրաւունքներուն ու սկզբունքներուն եւ թէ դժբախտաբար Միացեալ Նահանգներ կը նահանջեն ժողովրդավարութեան կողմնակից եւ քաջալեր պետութեան իրենց դերէն:
Մէկ խօսքով՝ Մ․Ա․Կ․-ի մարդկային իրաւանց խորհուրդէն դուրս գալու Ա․Մ․Ն․-ի այս որոշումը կը նկատուի մարդկայնազուրկ …եւ իրաւազուրկ։