
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
“Կը հաւատամ, որ բոլոր բարբարոսական միջոցները, որ ի գործ կը դրուին, քանդելու եւ ջարդելու համար հայ ժողովուրդը` ձախողած են եւ դատապարտուած են ձախողելու“
Հայ որբերու հայրը` Եաքոպ “Փափա“ Քիւնցլէր (1871-1949)
65 տարի առաջ, այս օրերուն…Յունուար 15, 1949 թուականին իր ծննդավայր Ալպեան լեռնաշղթայէն հեռու, Լիբանանի մէջ, 78 տարեկան հասակին մահացաւ, Ցեղասպանութէնէն փրկուած հազարաւոր հայ որբերու “հայր“` Եաքոպ Քիւնցլէր: Անոր թաղման արարողութեան ներկայ էին տեղացի թէ օտար բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, բազմաթիւ հիմնարկներու ներկայացուցիչներ, եւ անշուշտ որբեր ժամանած էին իրենց վերջին յարգանքը յայտնելու:
Նիւթէն շեղած պիտի ըլլանք, եթէ անգամ մը եւս նշենք, թէ նոյնինքն “Փափա“ Քիւնցլէրի որբանոցի հովանաւորութեան տակ գտնուող գորգի գործարանէն, չորս հարիւր որբերու կողմէ պատրաստուած էր յատուկ 18 ամսուան աշխատանք խլած կարպետ մը, իբրեւ ձօն` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քալվին Քուլիճի, առ ի շնորհակալութիւն, իր երկրին ցուցաբերած գուրգուրանքին եւ օժանդակութիւններուն: Անշուշտ այլ անհասկնալի եւ խոտոր երեւոյթ մըն է, այդ գորգին աներեւութանալը, դեռ վերջին շաբաթներուն երբ այդ նիւթին շուրջ գրքոյկի մը ներկայացման առթիւ, առաջարկուած էր ցուցադրել զայն:
Բնականաբար “Փափա“ Քիւնցլէր պիտի զարմանար այս հարցին ստեղծած թնճուկին առնչութեամբ: Այսուհանդերձ, ան շատ աւելի պիտի զայրանար եւ անվարանօրէն արտայայտէր իր պոռթկումն ու ցասումը, գրեթէ ամիս մը առաջ կատարուած այլ տեսակի անարք ոճիրի մը դէմ յանդիման գալով:
Այդ անարք ոճիրը` վճիռ մըն էր…ծանր ոճիր, արձակուած Սթրազպուրկ (Ֆրանսա) քաղաքի մէջ կայք հաստատած` Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին կողմէ: Ըստ եօթնանդամ դատարանի անդամներուն, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, Ոչ-Կառավարական կազմակերպութիւններու, Բարեսիրական միութիւններու, եւ դեռ աւելին` “Կարմիր Խաչ“ի երկիրը` Զուիցերիան դէմ հանդիսացած ու…ոտնակոխած է Թուրքիոյ Աշխատաւորներու կուսակցութեան նախագահ Տողու Փերինչեքի խօսքի ազատութիւնը:
Փերինչեք, Մարտ 2007-ին, Լօզանի ոստիկանութեան դատարանին կողմէ, իննսուն օր բանտարկութեան եւ երեք հազար ֆրանք տուգանքի ենթարկուած էր ցեղային խտրականութեան համար: Արդարեւ, ան տարիներ շարունակ հաւաքներ եւ ժողովներ կազմակերպելով, “միջազգային սուտ“ որակած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ըստ եւրոպական դատարանին, Փերինչեքի կատարածը իրաւունքի չարաշահում չէր, այլ դժգոհութիւն պատճառելու հակամէտ հարցերը հրապարակաւ քննարկելու իրաւունքի գործադրումը — խօսքի ազատութեան հիմնակա՛ն երեսներէն մէկը:
Յաւելեալ գոյժ Եաքոպ Քիւնցլէրի եւ անոր նման, օրին շուտափոյթ օգնութեան հասած այլ գթասիրտներու` Էֆի Չեմպըրզի, Ֆրիտհոֆ Նանսէնի կամ Քարէն Եփփէի:…Նաեւ գոյժ` Ռաֆայէլ Լեմքինի, որուն համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, պատճառներէն մէկն էր ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ բառը նկարագրելու իր ընդհանուր եւ ամբողջական բացատրութեամբ:
Եւ դեռ աւելին, հաստատե՛լ թէ Լօզանի դատապարտումը չէր համապատասխաներ ընկերային հրատապ պահանջի մը, այս մէկը լուրջ հարուած մըն էր մարդկային իրաւունքներուն հանդէպ, նոյնինքն Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին կողմէ:
Սոյն խայտառակ որոշումը կարելի է բեկանել իննսուն օրերու ընթացքին…որոնց մէկ երրորդը արդէն իսկ թաւալած է:
Ո՛չ մէկ քայլ սթափեցնելու համար այս դատարանին որոշումը, նոյնքաՆ ծանր է, որքա՜ն հարիւրամեակի սեմին` Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Եւ դեռ աւելին, նոյնինքն Զուիցերիոյ իշխանութիւնն է, որ պէտք է գործի լծուի, այս ամօթալի որոշումը բեկանելու համար: