Հայրենի Աշխարհ

Մարաղայի Ողբերգութեան 25-ամեակ

Ապրիլ 10-էն 11, 1992-ի լուսցող գիշերուան ընթացքին, ատրպէյճանցի մօտաւորապէս հազար զինեալներ, քսան հրասայլերով եւ զրահապատներով մեծ յարձակում մը շղթայազերծեցին Մարտակերտի շրջանի հինգ հազար բնակչութիւն հաշուող Մարաղա գիւղին վրայ եւ մասամբ գրաւեցին զայն:
Իբրեւ հետեւանք` 50 անձեր սպաննուեցան, իսկ 59 ուրիշներ գերի ինկան:
Հայ ազատամարտիկները հակայարձակումի անցան եւ գիւղէն ետ մղեցին նախայարձակ ուժերը: Ազատագրումէն ետք գիւղին մէջ գտնուեցան ազերիներու կողմէ խողխողուած շուրջ 60 հայերու դիակներ:
Այս առթիւ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտնեց.- «Այս օրը կը խորհրդանշէ Արցախեան պատերազմի ամէնէն մռայլ, սակայն ոչ այդքան յայտնի էջերէն մէկը, երբ 25 տարի առաջ ատրպէյճանական կողմը իր գործողութիւններով կոպտագոյն ձեւով ոտնահարեց միջազգային մարդկային իրաւունքը»:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button