
Read Time:1 Minute, 54 Second
Խմբագրական
Մարաղայի կոտորածը Արցախի ազատագրութեան օրերու սեւ էջերէն մէկն է, որ դժբախտաբար միշտ մոռցուած ու լուսանցքի տակ առնուած է, յատկապէս երբ նկատի ունենանք Խոճալուի ջարդի առնչութեամբ Պաքուի կողմէ հայերը այպանելու անտեղի եւ ապարդիւն հակաքարոզչական արշաւը:
Մարաղայի կոտորածը գործադրուած է Ապրիլ 1992-ին երկու հանգրուանով՝ Ապրիլ 9-10-ին եւ 22-23-ին:
Ծանօթ նաեւ իբրեւ Մարղուշեւան (կամ Մարգուշեւան) եւ յատկապէս խորհրդային օրերուն՝ Լենինաւան, Մարաղան կը գտնուի Արցախի եւ Ատրպէյճանի հիւսիս-արեւելեան սահմանին վրայ, ազերի Միրպաշիր քաղաքէն հազիւ մղոն մը հեռու, «թառած» Թարթառի շրջանին մէջ: Օրին, Մարաղան շրջանի ամենամեծ գիւղն էր, որուն բնակչութիւնը չորս հազարը կ՚անցնէր եւ առհասարակ կը զբաղէր անասնապահութեամբ ու հողագործութեամբ, մշակելով յատկապէս հացահատիկ, բանջարեղէն եւ անշուշտ մեծ հռչակ ստացած խաղող, ինչպէս եւ անոր վերամշակումով պատրաստուած հիւթեր եւ բնականաբար գինի:
1992-ի Ապրիլ 9-էն 10 լուսցող ժամերուն, երբ Արցախի ազատագրութեան ուժերը արդէն իսկ հեռացուցած էին ազերիները, անակնկալ յարձակումի ենթարկուեցան։ Այս ներխուժումը հազիւ 24 ժամ տեւեց։ Յաջորդ օրն իսկ, հայրենի ուժերը վերագրաւեցին Մարաղան: Սակայն, այդ կարճ ժամանակաշրջանը բաւարար եղած էր, որպէսզի յիսուն անմեղ զոհ արձանագրուէր, մեծամասնութեամբ ծերունիներ, կիներ եւ երեխաներ, եւ նոյն թիւով անձեր ալ գերի իյնային:
Դեռ աւելին. երբ տասնեակ մը օրեր ետք, սգակիրներ կը պատրաստուէին հողին յանձնել իրենց հարազատները, Մարաղան յանկարծ կրկին յարձակման ենթարկուեցաւ, եւ գիւղ վերադարձած բնակիչները անգամ մը եւս սպաննուեցան, խոշտանգուեցան, բռնագաղթուեցան, իսկ անոնց ընտանեկան օճախները կողոպտուեցան ու հրկիզուեցան:
Այս երկրորդ գրաւումէն ետք, զոհերուն թիւը հասած էր հարիւրի, իսկ վաթսունէ աւելի գիւղացիներ իբրեւ գերի վերցուած էին, որոնցմէ շուրջ քսանը ցայսօր անյայտ կը մնան:
Վերջին հարիւրամեակին, ազերիներ շարունակ ոտնձգութիւններ կատարած էին Մարաղայի մէջ՝ 1895, 1896, 1908, 1915, 1918, 1920, 1923 եւ 1988 թուականներուն:
Դժբախտաբար, Մարաղան մաս չկազմեց Արցախի հանրապետութեան եւ անիկա կը գտնուի ազերի բռնագրաւման տակ: Մասամբ աւերուած գիւղին մէջ այժմ կը բնակին հարիւրի մօտ ազերիներ: Իսկ Մարաղայի բնակիչներու մեծ մասը գաղթեց յատկապէս Ռուսաստան, իսկ այլ գաղթականներ փոխադրուեցան Հայաստան:
Յիշատակելի է, որ այլ մաս մը Արցախ մնաց եւ սահմանամերձ հողաշերտի մը վրայ, Մարաղայէն ոչ շատ հեռու, հիմնեց Նոր Մարաղան, որ այսօր կը հաշուէ չորս հարիւրի շուրջ բնակիչ:
Տեղին է ընդգծել եւ կարեւորել Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան լոյս ընծայած յայտարարութեան այն մասը, ուր կը նշուի, թէ Մարաղայի ոճրագործութիւնը շարունակութիւնն է 1988-1991 թուականներուն Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ Ատրպէյճանի այլ բնակավայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Արցախի շրջաններուն մէջ կատարուած հայկական ջարդերուն եւ տեղահանութիւններուն: Այսպէս, Մարաղայի կոտորածը մաս կը կազմէ Պաքուի կողմէ կատարուած ցեղասպանական արարքներու շարքին: