Մանկութիւն Չունեցող Վահանը՝ Գառնիկ Բանեան

Զ. Թ.
«Հայրենիք» – Բացառիկ Դեկտեմբեր 2025
Ամբողջ հայ գրականութիւնը զրկանքով եւ տառապանքով ապրած մարդու մտքին ու հոգիին արգասիքն է։
(«Գառնիկ Բանեանի յուշերը, Ճիպէյլի որբանոցէն ետք եւ իր Ճեմարան մտնելէն առաջ» գիրքէն, էջ 78)
Ահաւասիկ մանկութիւն չունեցող Վահանը՝ Գառնիկ Բանեանը։
Տեղեակ չէի, որ Պէյրութի «Համազգային»-ի Ճեմարանը մուտք գործելէն առաջ, ապա նոյն հիմնարկին երդիքին տակ՝ մեր ուսուցիչն ու դաստիարակը, ապա գաղափարակից ընկերը եւ… դրացին ըլլալէ առաջ, մատղաշ տարիքէն արհեստի մէջ նետուած էր, օրապահիկը ապահովելու եւ ուսումը կարենալ շարունակելու համար:
Յաճախ կ’ըսուէր, որ ան եղած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերէն։ Ուսուցչութեան օրերուն, երբեմն ակնարկութիւն կ’ընէր այդ մասին, սակայն ո՛չ մէկ մանրամասնութիւն կամ յաւելեալ տեղեկութիւն։
Աւելի ուշ, յատկապէս իր մահէն ետք, Անթուրայի եւ Ճիպէյլի (Խմբ․- Ժըպէյլ, կը պահենք գիրքին մէջ գործածուած եզրոյթը) որբանոցներու մասին իր գրի առած յուշերը խմբագրուեցան եւ հրատարակուեցան։ Յետոյ, տաս տարի առաջ, անգլերէնի թարգմանուած եւ լաւապէս խմբագրուած «Goodbye Antoura»-ն լայն հետաքրքրութիւն ստեղծեց, որուն յաջորդեցին անգլերէն, թրքերէն եւ ռուսերէն թարգմանութիւնները։ Ներկայիս, համալսարաններու եւ երկրորդական վարժարաններու մէջ կը դասաւանդուի այս գործը։
Եւ ահա, վերջերս լոյս տեսած՝ «Գառնիկ Բանեանի յուշերը, Ճիպէյլի որբանոցէն ետք եւ իր Ճեմարան մտնելէն առաջ» (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ տպարան, Անթիլիաս, 2025), որ մաս առ մաս լոյս տեսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Հասկ» պաշտօնաթերթին մէջ, 2015-էն 2020, յաջորդաբար քսան թիւերու մէջ։
Շատ աւելի պատշաճ պիտի ըլլար, եթէ դասական՝ բացատրողական խորագրի փոխարէն, այս գիրքը հրատարակուէր այլ վերնագրով մը, նախընտրաբար ընդգրկելով նոյնինք Գառնիկ Բանեանի ծածկանուն՝ Վահանը, օրինակ՝ «Վահանին ոդիսականը», կամ «Որբ Վահանի հետքերով», կամ ալ Անդրանիկ Ծառուկեանի՝ «Մանկութիւն չունեցող Մարդիկ» գլուխ գործոցէն ներշնչուելով եւ անոր հետեւողութեամբ՝ «Մանկութիւն չունեցող Վահանը»։
Նաեւ, շատ աւելի կատարեալ պիտի ըլլար, եթէ 270 էջերէ բաղկացած հատորը, փոխանակ միայն հինգի՝ բազմաթիւ ենթագլուխներ ունենար։ Յամենայնդէպս, նախընտրելի է մէկ շունչով կարդալ այս յուշերը, որ առաջին էջերէն իսկ կը ներգրաւէ ընթերցողը։
Բաղդատած նախկին հրատարակութիւններուն, Գառնիկ Բանեան կը ներկայանայ Վահան ծածկանունով։
Հաւանաբար, այսպէսով աւելի հետաքրքրութիւն եւ խորհրդաւորութիւն մը ստեղծած կ՛ըլլայ, քիչ մըն ալ վիպական մթնոլորտի կը տանի ընթերցողը՝ այդ անծանօթ «ծանօթ» Վահանը, որ այլ միջոց չունենալով, իր հաւաքած դրոշմաթուղթերը պահած է տրամադրութեան տակ եղող միակ ապահով ալպոմ-քաթալոկ-թղթածրարին՝ «Աստուածաշունչ»-ին մէջ։ Թէ ինչպէ՞ս տիրացած էր այդ Սուրբ գիրքին՝ այդ եղած է Ճիպէյլի որբանոցի իր օրերուն, երբ գոց արտասանած է 23-րդ սաղմոսը։
Դրոշմաթուղթերու հաւաքածոն եղած է Վահանին առաջին շահ ապահոված գումարը՝ 10 լիբանանեան ոսկի (որուն արժեզրկումը այսօր, հարիւր տարի ետք, աւելի քան հազար անգամ է)։ Քանի մը «ղրուշ» ապահովելու համար, ան այդ դրոշմաթուղթերը ծախած էր հայ վաճառականի մը, որ Աստուածաշունչի պատմութենէն զգացուած եւ տպաւորուած, արժէքէն աւելի գումար մը յանձնած էր Վահանին։ Այդպէս կը նկարագրէ ան՝ այս հատորին մէջ։
Այդ օրը, հարստացած՝ իր վաճառականական սխրանքէն եւ գեր խանդավառ, Վահան քանի մը դահեկանով աղանձի եւ քաղցրեղէնի տեսակներ գնելով՝ կը վերադառնայ իր փրկութեան իջեւանը՝ Հ․Յ․Դ․-ի քաղաքի ակումբը, քանի մը այլ գիշերօթիկ ընկերներու հետ տօնելու համար իր յիշատակելի եւ անկիւնադարձային օրը։
Վահանին ընկերներն ալ, իրեն նման Հայոց Ցեղասպանութէնէն ճողոպրած՝ մանկութիւն չունեցող մարդիկ էին, որոնք գիշերն ու ցերեկը իրարու խառնելով, կը փորձէին իրենց օրապահիկը ապահովել։ Անոնց համար, ամէն բան կարելի էր, այնքան մը, որ օր մըն ալ կը մտադրեն, պէյրութաբնակ ընկերներու հետ, քաղաքի ծովափէն լողալ դէպի Կիպրոս։ Իրենց երազած քարտէսով, անոնք կը կարծէին, թէ քանի մը ժամէն, պիտի կարենան լողալով հասնիլ (այլապէս թռիչքով) մօտակայ, սակայն ջուրի ճամբով հեռաւոր կղզին։ Այո՛, Ճիպէյլի որբանոցի ծովափին, ժամեր «սլքտող եւ ջրամոյն» տղոց համար կարելի չէր «ջուրի ճամբայ» սեպել այդ ուղեւորութիւնը։ Յետոյ, պէտք է հաստատել, թէ Միջերկրականն ալ «խաղաղական» չէր, նոյնիսկ օգոստոսեան շոգ օրերուն, ուր փրփրադէզ ալիքներ կուլ կրնային տալ լաստեր ու մակոյկներ։ Բնականաբար, շատ աւելի մահացու կրնար ըլլալ անպատսպար լողորդի մը ճակատագիրը։

Այդ օրերուն, հաւանաբար գոյութիւն չունէր իրականութենէ կտրուած ըլլալու՝ «la la land» հասկացութիւնն ու ասացուածքը, որ հետզհետէ սկսած է դուրս գալ Լոս Անճելըսէն եւ նշուիլ ամէնուրեք։ Ըսել կ’ուզենք՝ ահաւոր Եղեռնէն հրաշքով պրծած այդ պատանիները, իրենց աշխատանքի ժամերէն դուրս ստեղծած էին իրենց իւրայատուկ մթնոլորտն ու միջավայրը՝ «la la land»-ը, միասնաբար կը նախաճաշէին, կը զրուցէին, ու սիրայօժարութեամբ զիրենք ընդունող Հ․Յ․Դ․ ակումբին երէց այցելուներու հետ խօսակցելով, տեղւոյն գրադարանի թերթերը «կուլ տալով», ընթրելով, ի վերջոյ խոր քունի եւ երազներու մէջ կը նետուէին։
Անոնք իրենց պարզ ապրելաձեւով ստեղծած էին իրենց երջանիկ աշխարհը եւ այդ ձեւով կը վարուէին իրենց շրջապատին հետ։ Այո՛․ երջանիկ էին յատկապէս երբ նշանաւոր, որոնց կարգին՝ Երուանդ Օտեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ Շահան Նաթալի դասախօսութիւններ կու տային ակումբէն ներս, ինքնազարգացնելով որբերը։
Կիրակիները ակումբը հանդիսաւոր փայլք մը կը ստանար։ Հոն կը հաւաքուէին մտաւորականը, քաղաքական գործիչը, հարուստ առեւտրականը, արհեստաւորը եւ որբանոցէն դուրս եկած Վահանն ու ընկերները։ Այսպէս, ժողովրդային տունը վերածուած էր մշակութային կեանքի կեդրոնի։ Ակումբի կեանքը նոր դպրոց մըն էր որբերուն համար։
Յոյժ յիշատակելի են այն քանի մը էջերը, ուր Վահան կը նկարագրէ հիւղաւան Քարանթինան՝ իր խրճիթներով։ Շրջանը զուրկ էր տարրական կարիքներէն։ Չկար ջուր, ելեկտրականութիւն, ոչ ալ խելքը-գլուխը բաղնիք։ Սրտաճմլիկ եւ ահաւոր տեսարան, ողբալի եւ սրտաճմլիկ կացութիւն։ Վահանին եւ քարաշէն, ամուր պատերով եւ բարձր ձեղունով ակումբին մէջ բնակութիւն հաստատած ընկերներուն համար, հիւղաւանի բնակիչները ո՛չ թէ կ’ապրէին, այլ կը նահատակուէին։
Ընթերցողին համար մէկ բան յստակ է. Վահան, այսինքն Գառնիկ Բանեան երբեք յուսաբեկ չէ։ Ան միշտ ալ համոզուած է, թէ ցեղը յամառօրէն կ’ապրի, կը շատանայ եւ իր ճամբան կը շարունակէ։ Եւ այս լաւատեսութիւնը յաճախ կարելի է նկատել եւ ընդգծել։

Ան մանրամասնօրէն նկարագրած է, նախքան ուսումնական եւ ապա ուսուցչական աշխարհ մուտք գործելը՝ կօշկակարութիւնն ու ապա աւելի եկամտաբեր ելեկտրագործութիւնը։ Ան գիշերները կը կարդար Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան, Գրիգոր Զօհրապ, Համաստեղ․․․, իսկ առաւօտեան, օ՛ն, դէպի աշխատատեղի, ուր կաշին կը թրջէր, ծռած գամեր կը շտկէր, մոմած թելին ծայրը բարակցնելով ասեղէն կ՛անցընէր, իսկ աւելի ուշ՝ իւրաքանչիւր վայրերու մէջ զետեղուելիք ելեկտրական գիծերը, լամբերը եւ այդ բոլորը իրարու կապող տուփերն ու բանալիները կը դասաւորէր։
Վահան բազմիցս կը նկարագրէ միջին արեւելեան սեղանը, սկսելով առաւօտեան բակլայէն (ֆուլ), մինչեւ ընթրիքը, այնքա՛ն տեսակաւոր, որ կրնար բանակ մը կերակրել։
Իբրեւ կօշկակար, Վահան քանի մը ամիս աշխատած է Երուսաղէմի մէջ ալ, ապա վերադարձած՝ Պէյրութ, ուր դժուարութիւն չէ ունեցած իր համակրելի կօշկակար վարպետին բացատրելու, թէ մտադրած է աւելի շահաբեր ասպարէզի մը՝ ելեկտրագործութեան անցնելու։ Ընդհակառակը, վարպետը ո՛չ միայն քաջալերած է եւ յաջողութիւն մաղթած, այլ գզրոցէն գումար մըն ալ հանած-տուած է՝ իբրեւ հրաժեշտի նուէր եւ մաղթանք։ Ելեկտրագործի ասպարէզ մտնելէ ետք, ան աշխատած է Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ, նոյնիսկ գործուղղուած է Սուրիա։
Յիշատակելի է Վահանին նկարագրած առաջին սէրը՝ իսկական սէրը, որուն հանդիպած է՝ երկար ժամանակ մը Սուրիոյ մէջ գտնուող եւրոպական կառոյցի մը ելեկտրական գործերը դասաւորելու ժամանակ։ Ան տարբեր զգացում մը ունէր դանիացի երիտասարդ հիւանդապահուհիի մը հանդէպ։ Զգացում մը, յարաբերութիւն մը, սիրահարութիւն մը, որ պարզ ու մեկին մնացած է… պղատոնական։
Վերի տողերուն մէջ, արդէն իսկ ծովի հետ կապ ունեցող դրուագ մը նշուեցաւ։ Ըստ երեւոյթին, յատուկ կապուածութիւն մը ունեցած է Գառնիկ Բանեան այդ կապոյտ հորիզոնին հետ։
Պէյրութէն Երուսաղէմ պանդխտութեան եւ քանի մը ամիս վերջ վերադարձին, ան մանրամասնութեամբ կը նկարագրէ Միջերկրականը։ Այո՛, Վահան կախարդուած էր ծովու տեսարանով։ Ի վերջոյ, այդ միեւնոյն ծովն էր, որ իր նկարագրած Տամուրէն, Սաատիաթէն, Ժիէէն, ապա Սայտայէն եւ Սուրէն՝ հակառակ ուղղութեամբ կ՛երկարէր մինչեւ Ճիպէյլ, Պաթրուն, Թրիփոլի, եւ այդ միեւնոյն ծովուն մէջ է, որ ընկերներուն հետ օրական երեք անգամ ծով կը մտնէին, կը զովանային, կը սուզուէին, կը լողային եւ մէկ խօսքով «կ՛ուժովնայինք», ինչպէս կը գրէ ան, Ճիպէյլի որբանոց եղած ժամանակ։
Զարմանալիօրէն, տասնեակ տարիներ ետք, իբրեւ ուսուցիչ՝ Ճեմարանի դասարանի պատուհանէն ալ, ան ակնածանքով եւ հիացմունքով կը դիտէր ու կ՛ըմբոշխնէր լազուարթային Միջերկրականը։ Մէջբերենք իր գրած տպաւորիչ քանի մը տողէն եւ հարց տանք, թէ արդեօք ան նմա՞ն էր բռնուած ձուկի մը, որ փրկուելու համար ինքզինքը այս ու այն կողմ կը նետէ, մինչեւ որ շարժելու կարողութիւնը սպառի իր մէջ։ է՛հ, իրեն համար կարեւորը այդ ծփացող եւ յորդաբուխ ջուրն էր եւ ոչ, թէ տարբեր ուղութեամբ երթեւեկող նաւերը։
Այս որբերն էին, որոնք ապագային կազմակերպեցին Լիբանանի գաղութը, ուր հայ կրթօճախներ բացուեցան եւ հայ մշակոյթը զարգացաւ։
Յատկապէս, եթէ աշակերտած էք պարոն Բանեանին, կրնաք դիւրութեամբ զինք յիշել՝ կարդալով Վահանին գործածած բառամթերքն ու յուշերը։
…Եւ այդ ալ ի՜նչ յուշեր։

