
Read Time:19 Second
ՍԵՒԱՆ ԼԱԼԻՔՕՂԼՈՒ
Դեկտեմբեր 21, 2014
Ով կորսուելու ենթակայ «իմ մայրենի քաղցր լեզու»
Ազատելու համար քեզ, մնացեր եմ ուժաթափ
Գրած գիրերս կարելի է թռին
Չէի կարծեր թէ ամպերուն մէջ պիտի կորսուէին անոնք ձրի:
Անիծուած սերունդ են ասոնք
Պիտի ըսուի մեզի
Ասոնց ատենը ոչնչացաւ մեր լեզուն
Ասոնք չի պահպանեցին մեր թանկագինը
Եւ Հայերէնը թաղեցին մինչեւ յաւիտեան: