Մայրենիի Տօնին Առթիւ Հ.Հ. Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Ուղերձը

0 0
Read Time:1 Minute, 21 Second

Փետրուար 21-ին աշխարհի շատ ժողովուրդներ կը տօնեն ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի կողմէ հաստատուած Մայրենիի օրը: Աշխարհի հետ միասին մենք եւս պետականօրէն կը նշենք զայն, սակայն այս օրը համայն հայութեան համար ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն: Օրուան խորհուրդը, անկասկած, մեծ ու պարտաւորեցնող է, այն նախ եւ առաջ զօրաւոր ազդակ է պահել-պահպանելու մեր ազգային ժառանգութեան մեծագոյն գանձը` հայոց լեզուն` հայ ինքնութեան ու ազգային միաբանութեան առաջնային գրաւականն ու հայապահպանութեան հիմնասիւնը, ուծացման վտանգի դէմ զօրեղ վահանը: Այսօր` համաշխարհայնացող աշխարհի համահարթեցման պայմաններուն մէջ, սեփական լեզուի կիրառումը, ուսուցումն  ու փոխանցումը պէտք է  հրամայական դառնան, քանզի համընդհանուր ձուլման ովկիանոսը անհետեւողականութեան, անտարբերութեան պայմաններուն մէջ մեզմէ հեշտութեամբ կը խլէ մեր հոգեւոր աւիւնը` մայրենի լեզուն, ատոր հետ նաեւ մեր արժէքները, ինքնութիւնը, պատմութիւնը:

Համայնքներուն եւ Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն մէջ մայրենիի ուսուցումը պէտք է դառնայ առաջնային նպատակ, որ հայ աշակերտը, երիտասարդը խօսի՛, կարդա՛յ ու մտածէ՛ հայերէն, հայ մանուկը վաղ մանկութենէն սորվի հայկական բառն ու բանը, ունենայ հայերէն լեզուամտածողութիւն: Այսօր բարձր արհեստագիտութիւններու միջոցով կրնանք հասնիլ ցանկալի արդիւնքի. հեռավար ուսուցման կազմակերպում, հայկական խաղեր, իրար հետ համացանցի վրայ հաղորդակցուելուն հայերէն տառերու օգտագործում` ամէնուր  գիտակցելով մեր ոսկեղինիկ լեզուի աստուածային էութիւնը: Ալիշանը կ’ըսէր.  «Ուր որ հայրենի երգեր կը լսուին` հոն հայրենիքը ողջ է…»: Ուրեմն եկէ՛ք խօսինք, մտածենք, ապրինք, երգենք, աղօթենք հայերէն:

Այսօր Հայաստան պետութիւնը կ’ընէ ամէն հնարաւոր բան հայոց լեզուի երկու ճիւղերու` արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի պահպանման, փոխանցման, մերձեցման ու զարգացման համար: Հայրենիքը մայրենիի պահապանն է ու կենսունակութեան աղբիւրը, որուն կենարար ջուրը, վստահ եմ, կ’ապրեցնէ, կը հազարապատկէ ձեր մէջ եղած սէրն առ մայրենին, հայեցի խօսքը, միտքը:

Սիրե՛նք, սորվի՛նք ու փոխանցե՛նք մայրենին, թո՛ղ համայն հայութեան շրթունքներուն ծաղկի այն ու դառնայ մեր խարիսխը յաւերժութեան ովկիանոսին մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles