
Գերմանիա 2013
“Մեր երկրի արի այրերից կազմեցի ես մեծ մի բանակ
եւ մեր սեւ դրօշի վրայ գրեցի Հայրենիք կամ Մահ,
եւ մեր երկրի արի այրերից կազմուած այդ մեծ բանակը
տուաւ աշխարհին մարդկային պատմութեան մէջ նմանը
չտեսնուած դուզանի մէկ տիպար որ կոչուեցաւ ՖԻՏԱՅԻ“
ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ
1915 Ապրիլ 24
1918 Մայիս 28
Երկու թուականներ, որոնք կը խորհրդանշեն վերջին վեց հարիւր տարուան հայոց նախ մութ ու մռայլ, ապա` լոյս ու պայծառ օրերը:
Այսօր հայ ժողովուրդը, բոլորս կը վայելենք Ազատ ու Անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հերոսներու կտակած հայրենիքը այսօր ողջ է ու կ՛ապրի նորոգուած եւ վերջապէս` հերոսացած:
1375ևին Կիլիկիոյ մէջ մեր կորսնցուցած անկախութիւնը վեց դարերու տառապանքներէն, առեւանգումներէն եւ ստրկութենէն ետք Հայ ժողովուրդը “Իւր քաջ որդւոց սուրբ արիւնով“ ստեղծեց Մայիս 28, 1918ևին Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը:
1917ևին ռուսական բանակները գրաւած էին Արեւմտեան Հայաստանի մեծ մասը, ռուսական յաղթանակներուն իր բաժինը բերած է հայութիւնը (կամաւորական շարժումը): Ռուսական զէնքի յաղթանակին իր յոյսը կապած հայութիւնը կը հիասթափի: Ռուսական զօրքեր ու ճակատի լքումով Արեւմտեան Հայաստանը կրկին կ՛անցնի թուրքերուն ձեռքը:
1917ևի Փետրուար 28ևին կը պայթի ռուսական մեծ յեղափոխութիւնը եւ վերջ կը գտնէ Ցարիզմի գերիշխանութիւնը: Կը կազմուի ժամանակաւոր կառավարութիւն Քերենսկիի գլխաւորութեամբ, որ Անդրկովկասի համար կը նշանակէ “Անդրկովկասեան Յատուկ Կոմիտէ“: Կոմիտէի անձնակազմը կը բաղկանայ երեք վրացի, մէկ թաթար եւ մէկ հայ` Մ. Պապաջանեան:
Այս ժամանակաւոր Կառավարութեան մէջ Քերենսկին կը նշանակէ երեք հայ զինուորականներ.և
Ա.և Զօր. Բագրատունի, Ս. Փեթրսպուրկի զինուորական հրամանատարը:
Բ.և Զօր. Տիգրանեան (Զօր. Բագրատունիի սպայակոյտի պետ):
Գ.և Զօր. Իշխան Թումանով` զինուորական նախարարի օգնական:
Ս. Փեթըսպուրկի մէջ Հոկտեմբեր ամսուան մարտանաւ “Աւրորա“ի վրայէն պոլշեւիկները կը ռմբակոծեն ցարին պալատը, ուր կ՛ունենար նախարարական նիստ: Պալատը կը գրաւուի: Իշխանութիւնը կ՛անցնի պոլշեւիկներուն ձեռքը:
Այդ օրերուն Անդրկովկասի քաղաքական կեդրոնը Թիֆլիսն էր: Փետրուարեան յեղափոխութենէն ետք փոխարքայ Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը կը հեռանայ Թիֆլիսէն:
Անդրկովկասեան յատուկ կոմիտէն, որ կազմուեցաւ Ս. Փեթրսպուրկի մէջ Թիֆլիս կը հասնի Մարտ 16ին, այս կոմիտէի ամբողջ գործադիր իշխանութիւնը երեք վրացիներուն ձեռքն էր: Կոմիտէի կողքին Անդրկովկասի հայերը, վրացիները եւ թաթարները կը ստեղծեն իրենց Ազգային Խորհուրդները:
Անդրկովկասեան յատուկ կոմիտէն կը մնայ պաշտօնի վրայ, բայց հեղինակութիւնը կը կորսնցնէ: Կը կազմուի Անդրկովկասեան կառավարութիւնը (Սէյմ), որ Անդրկովկասը կը նկատէ Ռուսիոյ անբաժան մաս:
Այս կառավարութիւնը կը ստեղծուի տեղական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներէն, 3 վրացի, 2 ռուս, 1 թաթար եւ 3 հայ`
Խ. Կարճիկեան` ֆինանսական կոմիսար.
Տէր Ղազարեան` պարեւորման կոմիսար.
Համօ Օհանջանեան` խնամատարական կոմիսար:
Պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք, Կովկասը կը մերժէ ճանչնալ այդ յեղաշրջումը: Կովկասը իրաւականօրէն կապուած կը մնայ Ռուսիոյ հետ, բայց փաստօրէն հայ, վրացի եւ թաթար ժողովուրդները կը սկսին ուրոյն քաղաքականութիւն վարել: Անդրկովկասը անկախ կը հռչակուի: Անդրկովկասեան ժողովուրդները իրենք իրենց բախտը որոշողները պիտի ըլլային:
Հայոց Ազգային Խորհրդի մէջ, տիրապետող թեւը կովկասեան սահմանաւորման ծրագիրը, քանի որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցականները հոն մեծամասնութիւն կը կազմէին: Դաշնակցութիւնը իր լիազօրները ուղարկեց հայկական գաւառները, այնտեղ կազմելու համար տեղական իշխանութիւններ, ձգտելով կեդրոն ունենալ կամ Երեւանը կամ Ալեքսանտրապոլը:
1917ին Արարատեան Դաշտը` Երեւանը ու իր գաւառներով, դժուար ու անորոշ վիճակ կ՛ապրէր, ժողովուրդը առողջ բնազդով թեքուած էր դէպի Ազգային խորհուրդները եւ յեղափոխական կոմիտէները:
Դեկտեմբերի վերջերը, Վանի Հերոսամարտի ղեկավարը, արցախի հերոս զաւակ, դաշնակցական Արամ Մանուկեանը Թիֆլիսէն կու գայ Երեւան, իբրեւ Արեւելահայ Հայոց Ազգային Խորհուրդի եւ Արեւմտահայութեան Ապահովութեան Խորհուրդի ներկայացուցիչ:
Ազգային Խորհուրդի առաջին գործերէն մէկը կ՛ըլլայ հայկական զօրաբանակի ստեղծումը, զոր կը դնէ Հայաստանի Հանրապետութեան ապագայ սպարապետ թիֆլիսահայ Զօր. Թովմաս Նազարբէկեանի հրամանատարութեան տակ:
1918 Յունուարի սկիզբը Թիֆլիսէն Երեւան կու գայ ռուսական բանակի գեներալ մայոր վարդաշէնցի Մովսէս Սիլիկեանը (իբրեւ Երեւանի զինական ուժերու հրամանատար) իր սպայակոյտով:
Դաշնակցական իգդիրցի Դրոն` զինուորական հրամանատարն էր: Արամ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ, զինուորական իշխանութիւնները Զօր. Սիլիկեանի ղեկավարութեամբ եւ Դրոյի աջակցութեամբ կը կազմակերպեն եւ կը կարգաւորեն հայկական զօրամասերը, որոնք պիտի պաշտպանեն Անդրկովկասի ճակատը:
Իսկ Դրոյի նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուին ինքնապաշտպանութեան խումբեր, որոնք կը զբաղին ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեամբ:
Երեւանի Ազգային Խորհուրդէն ծնունդ կ՛առնէ Յատուկ Կոմիտէն, որ կը հանդիսանայ ձեւով մը Հայաստանի առաջին ազգային կառավարութիւնը: Յատուկ կոմիտէն կը կազմուի բացառաբար դաշնակցականներէ եւ Կոմիտէն կը գործէ Արամ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ: Ահա փաստ մը, Արամ Մանուկեանը կը նկատուի Հայաստանի ազգային պետական կեանքի առաջին հիմնաքար դնողը:
Յատուկ Կոմիտէի անձնակազմի կորիզը կը կազմեն` Արամ Մանուկեան, Մ. Մուսեան, Ա. Աստուածատրեան, Սահակ Թորոսեան, Յ. Մելիքեան եւ Ս. Օհանջանեան:
Թրքական բանակի հրամանատարութիւնը պատրուակ կը բռնէ, թէ ռուս զօրքերը, 1918ի սկիզբէն զանոնք փոխարինած հայկական զօրամասերը, իբրեւ թէ կը ջարդեն թուրքևթաթար բնակչութիւնը, որ կը խախտէ 1917ի Երզնկայի զինադադարը, եւ 1918 Փետրուար 12ին թրքական զօրքերը մօտ 25.000 կը շարժէ դէպի Էրզրում, Վան: Անոնց դէմ կը կանգնի հայկական զօրամասը մօտ 17.000 մարդ:
Հայկական զօրամասը չի կրնար կեցնել թրքական գերակշիռ ուժերու յարձակումը: Եւ մինչեւ Մարտի կէսին` թուրքերը կը գրաւեն Երզնկան, Տրապիզոնը եւ Էրզրումը: Թրքական վտանգը կը սպառնայ Կարսի եւ Պաթումի:
ՊրեսթևԼիթովսկիի մէջ բանակցութիւններ կը սկսին Դեկտեմբեր 9, 1917ին ընդմիջումներով կը շարունակուի մինչեւ Մարտ 3, 1918ին կը կնքուի հաշտութեան պայմանագիր` Պոլշեւիկ Ռուսիոյ, միւս կողմէ Գերմանիոյ, ԱւստրօևՀունգարիոյ, Պուլկարիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ:
Այդ դաշնագրով Թուրքիոյ կը մնան` Արեւմտահայաստանը ամբողջութեամբ եւ Կարսի եւ Արտահանի նահանգները:
Թուրքերը յաղթական են եւ Անդրկովկասի կառավարութենէն (Սէյմը) կը պահանջեն ընդունիլ ՊրեսթևԼիթովսկիի հաշտութեան պայմանները: Վրացիները չեն ուզեր կռուիլ թուրքերուն դէմ եւ թաթարները թուրքերու կողմն են:
և Փետրուար 27ին կ՛իյնայ Էրզրումը եւ Արեւմտահայաստանի վերջին քաղաքը կ՛անցնի թուրքերուն ձեռքը:
և Մարտ 30ին Պաթումը կ՛իյնայ թուրքերուն ձեռքը, գրեթէ առանց դիմադրութեան:
և Ապրիլ 9ին Անդրկովկասը ինքզինք անկախ կը հռչակէ պոլշեւիկ Ռուսիայէն:
և Ապրիլ 15ին Զօր. Նազարբէկեան եւ Վէհիպ փաշան կը հաղորդեն պաշտօնապէս Կարսի յանձնումի մանրամասնութիւնները:
և Ապրիլ 16ին հայ զօրքերը պարպեցին Կարսի նահանգը եւ կեդրոնացան Ալեքսանդրապոլի մէջ: Թուրքերը մօտեցան եւ հասան մինչեւ Ալեքսանդրապոլի մօտերը:
և Ապրիլ 27ին թուրքերը կը փորձեն մտնել Արարատեան դաշտ: Հայկական ուժերը` Վանի երկու գունդերը բուռն կերպով կը դիմադրեն:
և Մայիս 15ին թուրքերը կը գրաւեն Ալեքսանդրապոլը:
Հայ գաղթականները Կարսէն, Էրզրումէն, Վանէն եւ Մուշէն կը լեցուին Երեւանի նահանգը: Արեւմտահայ գաղթականներու թիւն էր 300.000 հոգի:
1916 թուականին, տուեալներուն համաձայն, Երեւանի նահանգ ունեցած է 1,120.000 բնակիչ, 60 տոկոսը հայեր էին, 33 տոկոս թուրքեր, մնացեալը` քիւրտ, եզտի, ռուս, ասորի եւայլն:
Մայիս 24ին Զօր. Նազարբէկեան հրաման կու տայ հայկական զօրաբաժիններուն ընդհանուր յարձակումի անցնիլ:
Զօր. Մովսէս Սիլիկեան հայ ժողովուրդին կ՛ուղղէ հետեւեալ կոչը`
“Հասել է րոպէն, երբ, իւրաքանչիւր հայ, մոռնալով իր անձնականը, յանուն մեծ գործի` հայրենիքի փրկութեան եւ իր կնոջ ու աղջիկների պատուի պաշտպանութեան, պէտք է գործ դնի իր ճիգը` թշնամուն հարուածելու համար:
“Յանուն բազմաչարչար ժողովրդի ֆիզիքական գոյութեան:
“Յանուն ոտնակոխ ճշմարտութեան:
Ոտքի կանգնեցէք, դէպի սրբազան պատերազմ“:
Ալեքսանդրապոլը գրաւելէ ետք, թրքական բանակը կը յարձակի դէպի Ղարաքիլիսա այժմ Վանաձոր եւ միւս մասը Երեւանի ուղղութեամբ: Ստեփանաւանի մօտ տեղի կ՛ունենայ երկու օրուայ կռիւներ, Մայիս 21և22ին Անդրանիկի ջոկատները կը կեդրոնանան Դսեղ գիւղին մէջ, ապա կը շարժի Դիլիջան:
Հայկական բանակը գնդապետ Դանիէլ բէկ Փիրումեանի հրամանատարութեամբ ջախջախիչ պարտութեան կը մատնէ թրքական 10.000 ընտիր բանակը, որ կը դիմէ նահանջի ու փախուստի:
Դրոյի հրամանատարութեան տակ` հայկական ուժերը յաղթանակէևյաղթանակ կը խոյանան: Մայիս 25ին թուրքերը միաժամանակ կը յարձակին Ղարաքիլիսայի, Բաշ Ապարանի եւ Սարդարապատի ուղղութիւններով: Բաշ Ապարան կը դառնայ ինքնապաշտպանութեան կեդրոն, թուրք բանակին վրայ հայկական թնդանօթներէ կրակ կ՛արձակուին, թշնամին կը նահանջէ:
Սարդարապատի ու Ղարաքիլիսայի մէջ կատարուած հերոսական կռիւներու իբրեւ հետեւանք, Երեւանի, Արարատեան դաշտի ու Սեւանի շրջանի հայութիւնը կը փրկուի ջարդէ: Կռիւներու ժամանակ թշնամին կը թողու 3500 դիակ: Հայոց ընդհանուր կորուստը կը հասնի 2500ի սպանուած, վիրաւոր եւ գերի:
Պարտուած բոլոր ճակատներուն վրայ` թուրքերը խելակորոյս կը նահանջեն: Արամ Մանուկեանի ընդհանուր հովանաւորութեան տակ եւ զօրավարներ` Նազարբէկեանի, Սիլիկեանի, Արարատեանի, Դրոյի ու Ղորղանեանի եւ ուրիշներու վճռական հարուածներով` նոր էջ մը կը բացուի հայոց պատմութեան մէջ:
Երբ այսօր կը տօնենք 95ամեակը խաչեալ հայ ժողովուրդի հրաշափառ յարութեան, որ աւերակներու եւ արեան մէջէն կրկին անգամ ծնունդ առաւ Պետութիւնը Հայկազեան եւ Հայ Դրօշը ծածանեցաւ Արարատեան դաշտին վրայ` իբրեւ խորհրդանիշը հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին, ոչ միայն ապրելու եւ գոյատեւելու այլ նաեւ ապրելու ազատ տէրը ըլլալու իր ճակատագրին եւ իր տաղանդին ու դիրքերուն համապատասխան իր արժանի տեղը գրաւելու այս աշխարհին ազատ ազգերու ազատ ընտանիքին մէջ:
Մայիս 26ին, վրացիներու առաջարկով` “Սէյմ“ը ինքզինքը լուծուած կը հռչակէ:
Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ Ատրպէյճանը ինքզինքը անկախ կը հռչակէ Մայիս 26, 1918ին, Վրաստանը անոր կը հետեւի Մայիս 27ին, իսկ Մայիս 28ին թուրքերը զինադադար մը կառաջարկէին Զօր. Նազարբէկեանին: Մայիս 28ին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերը Հայաստանի Անկախութիւնը կատարուած իրողութիւն դարձուցած էին արդէն:
1918 Մայիս 28ին Հայոց Ազգային Խորհուրդը Թիֆլիսի մէջ իր պատմական վաւերագրով կը յայտարարէ.և
“Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծումով եւ Ատրպէյճանի Մայիս 26ին ու Վրաստանի Մայիս 27ին անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր կացութեան հանդէպ` Հայոց Ազգային Խորհուրդը իրեն յայտարարում է Հայկական Գաւառների Գերագոյն եւ միակ Իշխանութիւն“:
Յունիս 4ին կը ստորագրուի խաղաղութեան դաշնագիր` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ մէջ: Հայաստան 12.000 քառ. քիլոմեթր է:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան անդամ Յովհաննէս Քաջազնունին իբրեւ Հայաստանի առաջին վարչապետ կը կազմէ հանրապետութեան առաջին դահլիճը:
Քօալիսիոն հիմունքով կը վերակազմուի Քաջազնունիի կառավարութիւնը, որուն կը մասնակցին հայ ժողովրդական կուսակցական ներկայացուցիչները:
Դեկտեմբեր 2ին, հայերը կը գրաւեն Ալեքսանդրապոլը եւ կը կցեն Հայաստանի Հանրապետութեան: Երեք օր վերջ վրացիները կը գրաւեն Ախալքալաքը: Դեկտեմբեր 13ին կը սկսի հայևվրացական պատերազմը: Հայերը կը յաղթեն բոլոր ճակատներուն վրայ ու կը հասնին վրաց սահմանները: Անգլիացիներու միջամտութեամբ վերջ կը տրուի պատերազմը, ու կը հաստատուի երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական կանոնաւոր յարաբերութիւն:
Ապրիլ 28, 1919ին Կարսը իր շրջանով կ՛անցնի հայերուն ձեռքը:
Մայիս 28ին Հայաստանի կառավարութիւնը կը յայտարարէ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան:
Հայ բանակի կողքին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ եկեղեցին, վկայ` Զաւէն ու Գարեգին եպիսկոպոսները, Եզնիկ եւ Թադէոս վարդապետները: Հայ ժողովուրդը մէկ սիրտ ու մէկ բազուկ էր դարձած, ծերն ու երիտասարդը, քաղաքացին ու գիւղացին գունդ առ գունդ կանգնած էին կռուող իւրաքանչիւր հայ մարտիկին կողքին, պատգամելու համար “Ազատութիւն կամ Մահ“, մահը հեռացաւ եղաւ Անկախութիւն, եղաւ նոր կեանք, եղաւ Ազատութիւն եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն:
Մայիս 28ևով ստեղծուած կորիզն է, որ այսօր կը կոչուի Հայաստանի Հանրապետութիւն:
Մայիս 28ևէն առաջ հող կար, Հայրենիք չկար, այսօր կայ հողը` մէկ մասը, բայց չկայ հողին Մեծ մասը:
Մայիս 28ևով իրագործուեցաւ Արեւմտահայութեան եւ Արեւելահայութեան միացումը:
Մայիս 28ևի շնորհիւ էր, որ երկար դարերէ ի վեր մեր հայրենիքը մաքրուեցաւ իր ծոցին մէջ բոյն դնող գոյութեան դաւող թշնամին, տարբերէ, Հայաստանը հայացաւ:
Մայիս 28ևի խորհուրդը կը մարմնաւորէ իղձը բովանդակ Հայ ժողովուրդին մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ, մէկ հայրենիք եւ մէկ Մեծ Հայաստան, Սեւանէ-Վան եւ Արցախէն Փոքր Հայկ եւ այդ օրը պիտի գայ ըսենք Թուխ Արամասի խօսքերով.և
“Ես կը հաւատամ հայ ժողովուրդ քո դարձին, ինչպէս կը հաւատամ որ ամէն առաւօտ արշալոյսը կը ծագի“:
Մայիս 28 թուականը պիտի ապրի դարէևդար: Յաւիտեանս, օրհնեալ ըլլայ այդ թուականը կերտողներուն խնկելի յիշատակը:
Վաղուան պատմութիւնը աներկրայելիօրէն Մայիս 28, 1918 թուականը պիտի արձանագրէ, որպէս բովանդակ հայութեան նորագոյն ազատութեան օրը:
“Համբոյր Սարդարապատի հողին ու քարին, համբոյր Հայաստանի բոլոր հողերին, համբոյր նոր Հայաստանի կերտող ժողովուրդին, հայ մեծ ազգին, մեծ` ոգով, մեծ` մշակոյթով, մեծ` ներողամտութեամբ, մեծ` խիղճով, մեծ` երգով, մեծ` սրտով, մեծ` նոյնիսկ համբերանքով“:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ