Յօդուածներ

Մայիս 28 (Տարեդարձ` Անկախութեան Եւ Հանրապետութեան Հռչակումին)

 

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Աթէնք

Հայ ժողովուրդը այսօր հպարտութեամբ կը տօնէ տարեդարձը մայիս 28-ին, որ շատ աւելին է, քան անկախութեան յայտարարութիւնը կամ անոր նախորդող ռազմաքաղաքական յաղթանակներն են, քանի որ մայիս 28-ի բազմաշերտ խորհուրդն ու դասերը իրարու շաղկապուած` կը տարածուին ապագային մէջ եւ ներկայ օրերուն ալ յատկապէս շեշտակի հանգամանք կը ստանան:

Տարեդարձի առիթով զիրար ամբողջացնող մայիս 28-ի խորհուրդին միայն չորս երեսներու փորձենք անդրադառնալ` խտացեալ ու հպանցիկ.

1.- Հայ ժողովուրդի միասնութեան ոգիին եւ սեփական ուժին նկատմամբ անխախտ հաւատքը, ինչպէս նաեւ այդ օրերու քաղաքական ու ռազմական գործիչներու ամբողջական նուիրուածութիւնը կազմեցին այն առանցքը, որուն շուրջ բոլորուելով, յուսալքուած, աղքատ ու անզօր հայրենի ժողովուրդը, նաեւ անօթի ու անտուն գաղթական հայերը անօրինակ քաջութեամբ համակուեցան ու վերածուեցան արի արանց անպարտելի բանակի եւ, անզուգական Արամ Մանուկեանի առաջնորդութեամբ, Հայաստանէն դուրս շպրտեցին Ցեղասպանութիւնը շարունակելու ախորժակով յառաջացող թրքական խուժանը…

Advertisement Subscribe Today

Բոլոր ժամանակներուն, նաեւ` ներկայիս, բոլոր ազգերուն եւ յատկապէս մեզի պէտք են ոչ թէ իրենց ըրածով ու չըրածով սոնքացող ու «image maker»-ներու ապաւինող գործիչներ, այլ` գաղափարապաշտ ղեկավարներ, որոնք ժողովրդային զանգուածներու մէջ միասնական ոգի կարենան դարբնել, ազգասիրութեամբ ներշնչուին ու ներշնչեն, եւ որոնցմով հպարտանայ ամբողջ ազգը, ինչպիսիք եղան մայիս 28 կերտող Արամ Մանուկեանն ու անոր մարտընկերները…

2.- Մայիս 28-էն ետք հիմնովին փոխուեցան հայ մարդուն քաղաքական ընկալումներն ու ըմբռնումները: Անկախութեան կորուստէն ետք հայրենի բնակչութիւնը ապրեցաւ անկախութիւնը վերականգնելու յոյսով, իսկ սփիւռքի մէջ հայրենի հողին կարօտով երկրէ երկիր թափառող հայեր կազմակերպ համայնքներ ստեղծեցին, զանոնք հայրենակարօտ` փեթակներու վերածեցին եւ կառուցեցին հոգեկան հայրենիք ու իրենք դարձան հաւատարիմ քաղաքացիները անոր:

Հոգեկան հայրենիքի սահմանները ընդարձակ էին, նուիրագործուած` ամբողջական Հայաստանի տարածքով, որ յանգած էր մայիս 28-ի շնորհիւ ձեռք բերուած Սեւրի դաշնագիրին…

Եւ հիմա, ռէալ փոլիթիքի, այսինքն գործնական քաղաքականութեան կամ «իրական Հայաստան»-ի լոզունգով կը փորձուի թաղել հոգեկան հայրենիքը, այսինքն` մայիս 28-ի առաջին տարեդարձին յայտարարուած «Միացեալ Հայաստանի» մեծ նպատակը… Պօղոս Սնապեան տեղ մը իրաւունքով գրած է, թէ պէտք է պահուի հոգեկան հայրենիքը, որպէսզի մարդուն մէջ անասունը ՄԱՐԴ դառնայ: Այսինքն տեսլականով ապրի:

3.- Մայիս 28-ով հռչակուած ազգային պետականութեան խորհրդանիշ դրօշին` եռագոյնին ժառանգը երկար տարիներ բարերար իր կնիքը դրոշմեց հայ բազմութեանց գիտակցութեան վրայ եւ փրկեց զանոնք, որ չիյնան անհայրենիք գնչուի հոգեբանութեան ճիրաններու մէջ: Հայ մարդոց մեծ զանգուած մը պաշտամունքի վերածեց զայն: Ճիշդ է նաեւ, որ ուրիշ զանգուած մը, համակերպած` խորհրդային վարչակարգին, մերժեց անոր հովանին: Բայց ընդունինք, որ թէ՛ եռագոյնը պաշտողները եւ թէ՛ իրենց տեսանկիւնէն զայն մերժողները վերջին հաշուով Հայաստանին իրենց կապուածութիւնը կ՛ամրապնդէին, եւ երկու կողմերն ալ գիտակցական մակարդակի վրայ կ՛ուղղորդուէին դէպի հայրենիք…

4.- Մայիս 28-ին շնորհիւ, հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով, կերտուեցաւ հայ քաղաքացին, եւ հայ մարդուն գիտակցութեան մէջ ամրապնդուեցաւ, որ ազգային պետականութիւնը գերագոյն արժէք է եւ ազգի մը ինքնութեան վաւերագիրը: Գիտակցեցաւ ան, որ ազգային պետականութեան հովանիին եւ իրաւ ժողովրդավար պայմաններու տակ է միայն, որ ազգերը կը բարգաւաճին, մշակութային ու քաղաքակրթական վերելք կ՛ունենան եւ ամէն մարզի մէջ զարգացում կ՛արձանագրեն եւ նովին բանիւ ալ` համամարդկային իրենց առաքելութեան կոչումին տէր կրնան կանգնիլ:

Մենք երկար դարեր պետականազուրկ կեանք մը ապրած ենք ընդհանուր առումով: Պատմական որոշ ժամանակաշրջաններու ունեցած ենք անշուշտ թագաւորական, իշխանական, մարզպանական պետական կառոյցներ, որոնք սակայն եղած են շատ փխրուն եւ չեն դիմացած դէպքերու վերիվայրումներուն: Մատենագիրներ արձանագրած են, որ մեր պետական կառոյցներու կորուստը մեծ չափերով հետեւանքը եղած է ներազգային անմիաբանութեան, իշխաններու սեփական անձը ընդհանուրէն գերիվեր դասելու զգացումին եւ իշխանատենչութեան:

Արձանագրենք նոյնպէս, որ մայիս 28-ով հիմնուած նորաստեղծ հանրապետութեան կորուստին մէջն ալ նուազ դերակատար չեղաւ ներազգային անմիաբանութիւնը: Համայնավարական ստապատիր գաղափարաբանութեամբ տարուած հայ մարդիկ ամէն տեսակ խոչընդոտ ստեղծեցին ու խարդաւանանքի դիմեցին խափանելու համար ազգային պետականութեան գործունէութիւնը, մինչեւ անոր տկարացումը, ապա նաեւ` կորուստը:

Հուսկ. հիմա կարելի է նոյնիսկ ըսել, որ ազգերը հայրենիք կ՛ունենան, որպէսզի պետականութիւն կերտեն: Մանաւանդ մեզի համար ազգային պետականութիւնը աչքի լոյս է, անոր պէս այնքա՛ն կենսական, միաժամանակ` այնքա՛ն զգայուն: Գուրգուրանք անոր վրայ այժմ եւ ընդմիշտ:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button