
Read Time:1 Minute, 17 Second
Խմբագրական
Մայիսը հայորդիին համար յաղթանակի ամիսն է:
Իսկ այս տարուանը շատ աւելի իւրայատուկ է, մանաւանդ որ համայն հայութիւնը պիտի տօնէ Մայիս 28-ի անկախութեան հարիւրամեակը:
Շատ աւելի տարբեր պայմաններու տակ տրուեցաւ Մայիսեան շքերթին ազդանշանը, Մայիս 8-ին, Շուշիի ազատագրութեան 26-ամեակին առթիւ:
Այսպէս, ազատագրուած Շուշիի հանդիսութիւնը կը վայելէր նաեւ ներկայութիւնը «ազատագրուած» եւ օլիկարխային կարգավիճակէն դուրս եկած Երեւանի, յանձին նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի:
Վարչապետը, հազիւ պաշտօնի գլուխ անցած, պատիւը ունեցած էր իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը կատարելու Արցախ, ուր պատշաճօրէն կը նշուէր Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակը, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի կազմաւորումն ու անշուշտ՝ Շուշիի ազատագրման տօնը:
Տարբեր իմաստ, բոյր ու բուրմունք ունին այս տարուան Ստեփանակերտի յուշահամալիրին եւ անոր կողքին գտնուող՝ Արցախեան գոյամարտին զոհուած ազատամարտիկներու եղբայրական գերեզմանատան մէջ զետեղուած ծաղիկներն ու ծաղկեպսակները:
Հպարտ են Շուշիի ազատագրութեան համար զոհուած այդ հերոսները: Հպարտ են եւ յատկապէս երախտապարտ: Անոնք կրնան հանգստօրէն ննջել կամ իրենց իւրայատուկ յաղթանակի պարը կատարել: Այո՛, իրականացած է անոնց երազը:
Շուշիի ազատագրումը իրագործուած է շնորհիւ այդ ազատամարտիկներու եւ կամաւորներու արի մարտունակութեան:
Շուշիի ազատագրումը կը խորհրդանշէ ո՛չ միայն հայկական մարտունակութեան անպարտելի ուժը, արժանապատուութիւնն ու կամքը, այլ նաեւ հաւատքը՝ հողին եւ տեսլականին:
Արիւն հոսեցուց Շուշիի ազատագրումը, որ համեմատած վերջին շաբաթներուն Երեւանի մէջ պատահած անցուդարձերուն, բոլորովին տարբեր պայմաններու տակ կատարուած էր: Այս վերջինին պարագային, օրինակելի եւ իւրայատուկ եղաւ §ազատագրում»ը, շնորհիւ թէ՛ շահագործողին եւ թէ՛ շահագործուողին տիպար մօտեցումին:
Հայորդին ակնածանքով կը հետեւի Շուշիի եւ Երեւանի ազատազրութիւններուն: Ի վերջոյ, Հայաստան թէ՛ ռազմագիտական եւ թէ՛ ժողովրդավարական բնագաւառներուն մէջ յաղթական է ալիեւեան բռնատիրութեան տակ ճնշուած Ատրպէյճանին վրայ։
Մայիսեան շքերթին ազդանշանը տրուած է եւ «զանգակատուները անլռելի» պիտի մնան, փառաւոր կերպով նշելով առաջին անկախութեան հարիւրամեակը: