Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.- Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Նիստը՝ Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա, Հոկտեմբեր 16–17
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը իր հերթական ժողովը գումարեց Հոկտեմբեր 16–17-ին, Կլենտէյլի (Քալիֆորնիա) մէջ, համախմբելով աշխարհի հինգ Հայ Աւետարանական Միութիւններու ներկայացուցիչները՝ ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Ստեփան Փիլիպոսեան Հիմնարկի ներկայացուցիչները։

Ետեւի շարք ձախէն աջ: Վեր. Հենտրիկ Շահնազարեան,Վեր. Յովել Միքայէլեան, Աստղիկ Թօփուզխանեան, Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Վեր. Կալվին Սաղըրեան, Վեր. Աւետիք Խաչատրյան, Վեր. Վարդան Ափինեան: Նկարէն կը բացակային: Դոկտ. Նուրհան Հելվասեան, Տիկ. Ճօյս Փիլիպոսեան Սթայն:
Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, ժողովը բացաւ աղօթքով եւ Աստուածաշնչական խորհրդածութեամբ։ Խորհուրդը ուրախութեամբ ողջունեց
Սերժ Տ. Պուչաքճեանը՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նոր Գործադիր Տնօրէնը, եւ յատուկ գնահատանք յայտնեց Համաշխարհային Խորհուրդի երկարամեայ Գործադիր Տնօրէն Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանին՝ աւելի քան քսաներկու տարուայ իր նուիրեալ ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ Տիկին Ռօզէթ Թութիկեանին՝ Խորհուրդի գործին ցուցաբերած իր անշահախնդիր օժանդակութեան համար։
Խորհուրդի պատասխանատուներու եւ եկեղեցական միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու գրաւոր եւ բանաւոր զեկոյցները լսելէ ետք, Համաշխարհային Խորհուրդը քննարկեց անցեալ տարուան իր գործունէութիւնը եւ նախաձեռնութիւնները՝ գնահատելով իր առաջընթացը Աւետարանական Միութիւններու, Աւետարանչականի եւ հարակից հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ։ ՀԱՀԽ-ի Անդամները նաեւ քննարկեցին 2026 տարուան Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի 180-ամեակի նշումի ծրագիրներն ու նախապատրաստութիւնները՝ որպէս կարեւոր հանգրուան մը համաշխարհային Աւետարանական Եկեղեցիի կեանքին մէջ։
Եղբայրական եւ միասնութեան ոգիով Համաշխարհային Խորհուրդի անդամները աղօթեցին եկեղեցւոյ կեանքին եւ վկայութեան համար՝ աւելի խորը աշակերտութեան եւ հաւատարիմ ծառայութեան միջոցով։ Խորհուրդը աղօթք բարձրացուց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ աշխարհի բոլոր անկիւններու մէջ ապրող Հայ ժողովուրդին համար՝ այս վճռորոշ հանգրուանին մեր պատմութեան ընթացքին՝ արդարութեան իրականացման, խաղաղութեան հաստատման եւ մարդկային արժանապատուութեան վերականգնման համար, յատկապէս բռնագաղթեցուած Արցախահայ բնիկ ժողովուրդի, քաղաքական գերիներու, բռնութեան եւ ցեղասպանութեան զոհերու, ինչպէս նաեւ ամբողջ Աստուծոյ ստեղծագործութեան համար ։
Ժողովը վերստին հաստատեց Համաշխարհային Խորհուրդի նուիրումը՝ ծառայելու համատարած հայ ժողովուրդին՝ աւելի զօրացնելու Հայ Աւետարանական աւանդը՝ Քրիստոսի Աւետարանի բարի լուրը տարածելու, սերունդները դաստիարակելու եւ կարիքաւորներուն հասնելու առաքելութեան մէջ՝ այն բոլոր վայրերուն մէջ, ուր Եկեղեցին կոչուած է վկայութիւն ըլլալու։
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը միաձայնութեամբ ընտրեց Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըքեանը որպէս նոր Գործադիր Տնօրէն՝ սկզբնական երկու տարուայ պաշտօնավարութեան համար։
Ժողովը փակուեցաւ Գործադիր Տնօրէն Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի աղօթքով եւ օրհնութեամբ։

