Գոյժ
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը խոր կսկիծով կը գուժէ Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, Հայ Օգնութեան Միութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ իր կարեւոր աւանդը ունեցած՝ բարերար եւ անձնուէր Հ.Օ.Մ.-ուհի
ԸՆԿԵՐՈՒՀԻ ՀԱՅԿՈՒՇ ԳԵՂԻՆԵԱՆ- ՔՈՀԼԸՐԻ
Մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 11 Յուլիս 2025ին։
Մեր վաստակաշատ եւ նուիրեալ ընկերուհիին մահուան տխուր առիթով՝ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ անոր դստեր՝ Քրիսթին Գեղինեան – Օսթինի, ընտանեկան պարագաներուն, Հ.Օ.Մ.-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանին, գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն եւ Հ.Օ.Մ.-ի մեծ ընտանիքին։
Ընկերուհի Հայկուշի յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ՝ շնորհիւ անոր ծաւալած աշխատանքին եւ բեղուն գործունէութեան, որոնք իրենց անջնջելի դրոշմը ձգեցին մեր ազգային եւ հաւաքական կեանքին մէջ։
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

