
Լուսանկարներ` “Ֆօթօ Մարտօ“
Արդէն իսկ տարեսկիզբէն ի վեր սկսած էր գործել, բոլորովին վերանորոգուած “Հայրենիք“ի կից գտնուող Հայ Ամերիկեան Ընկերային Ակումբը` Հ.Յ.Դ. “Բաբգէն Սիւնի“ ակումբը, որ սկսած է գործել երեսունականներէն ի վեր:
Վերջին տարիներուն, այս ակումբը կարիքն ունէր, որոշ վերանորոգումներու, որոնք տեւեցին քանի մը ամիս: Այցելողին համար, գրեթէ վերաշինուած կը թուի ըլլալ այս ակումբը, որուն պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Ուրբաթ Յունուար 27, 2012-ին, ներկայութեամբ երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն` Պատուելի Աւետիս Պէօյնէրեան (Աւետարանական), Հայր Ռաֆայէլ Անտոնեան (Կաթողիկէ) եւ Տէր Անդրանիկ Աւ. քհնյ. Պալճեան (Առաքելական): Նաեւ ներկայ էին միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ շրջանէն հայորդիներ:
Կատարուեցաւ աղօթք եւ ներկաները այցելեցին ակումբի ենթաբաժանումները:
Շրջանի “Սարդարապատ“ կոմիտէութեան անունով, խօսք առաւ ներկայացուցիչ Ժիրայր Պէօճէքեանը, որ կոմիտէութեան անունով, բարի գալուստ մաղթեց:
“Ինչպէս կը տեսնէք, մեր ակումբը լրիւ վերափոխուած է, բարեզարդուած, ներքնայարկը կրկին գործածելի վիճակի մէջ դրուած եւ արդէն շուրջ ամիս մըն է ակումբը կը գործէ ընդունելով մեր բոլո՛ր հայրենակիցները:…Աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ երթաք, ուր Դաշնակցական ակումբներ կան, այդ ակումբները կը կոչուին Ժողովրդային տուն: Որովհետեւ թէեւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը այդ ակումբները բանալու համար ճիգ ու ջանք կը թափէ, այդ ակումբները պահել ու պահպանելու համար ա՛լ աւելի քրտինք ու աշխատանք կը թափէ, բայց մեր ակումբները երբե՛ք ինքնանպատակ չեն: Երբե՛ք միայն Դաշնակցութեան ծառայելու կոչուած չեն: Այլ անոնք ամէն մէկ քաղաքի մէջ ապրող հայ համայնքին, Հայաստանի կամ Արցախի մէջ` քաղաքի ազգաբնակչութեան հաւաքավայրեր են: Չկայ Դաշնակցութեան կողմէ բացուած ակումբ, որմէ ներս տեղ չունենայ Հ.Օ.Մ.-ը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, Երիտասարդական մեր միութիւնը, Համազգայինը եւ երբեմն նա՛եւ շրջանի միօրեայ դպրոցը, հայ ծերերու միութիւնը եւ այլ ու այլ կազմակերպութիւններ: …Այս ակումբը, թէեւ կը կոչուի Հ.Յ.Դ. Բաբգէն Սիւնի ակումբ, կամ օտար հասարակութեան համար` Armenian-American Social Club, բայց անիկա կը պատկանի ձեզի՛, Պոսթընի ամբողջ հայութեան, առանց որեւէ տեսակի խտրութեան, տարիքային ըլլայ այդ, դաւանական, քաղաքական կամ այլ: Իսկ այստեղ մտնող մեր հայրենակիցները, այստեղ իրենց աշխատանքները տանող հայկական կազմակերպութիւնները, մա՛նաւանդ մեր ուղեկից միութիւնները` Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, Համազգայինը, Հ.Օ.Մ.-ն ու յատկապէս Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը հիւրի կարգավիճակով չեն կրնար ներս մտնել, իրաւունք չունին իրենք զիրենք հիւր համարելու այստեղ այլ որպէս տանտէր, որպէս իրենց սեփական տունը, որպէս Պոսթընի հայութեան ժողովրդային տունը կը մտնեն ներս ու իրենց աշխատանքները կը տանին այս յարկին տակ“:
Պէօճէքեան յայտնեց թէ գրեթէ տարի մը տեւած է ակումբի վերանորոգութիւնը եւ այդ ալ նիւթական դժուարութիւններու պատճառաւ: “…Այստեղ կ’ուզեմ հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին, որ երբ բոլոր դռները փակուեցան մեր դիմաց, կանգնեցաւ մեր կողքին ու իր օգնութեամբ կրցանք գործը հասցնել իր աւարտին` այս չափերով ու պայմաններով: Դիտմամբ հանգանակային լայն աշխատանքի չձեռնարկեց այս կոմիտէն, որովհետեւ ուզեցինք մեր սեփական ուժերով ակումբի դռները բանալ եւ զայն դնել Պոսթընի հայութեան տրամադրութեան տակ: Ուրախ ենք այսօր մեր բոլոր ընկերներու անունով յայտարարելու, որ հիմնականին մէջ ընկերական մեր ճիգով յաջողեցանք գործը գլուխ հանել, նուազագոյն չափով ծանրաբեռնելով մեր գաղութի մի քանի նուիրատուները: Հիմա սակայն, որ ակումբը բացած է իր դռները, վերի յարկը կահաւորուած ու աշխատանքի սկսած, ակումբի գործունէութիւնը ծաւալելու համար զայն աւելի ապահով հիմքերու վրայ դնելու, երիտասարդութեան համար իսկապէ՛ս քաշողական հաւաքավայր մը մէջտեղ բերելու համար հաստա՛տ պէտք պիտի ունենանք մեր գաղութի անդամներու, մեր համակիրներու եւ ուղեկից միութիւններու օգնութեան: Կրկին շնորհակալութիւն ձեր բոլորի ներկայութեան, այնչափ շնորհակալութիւն մեր նուիրատուներուն որ բարի եկած էք բոլորդ Պոստոնի Հայկական Ժողովրդային ձե՛ր տունը“, եզրակացուց Պէօճէքեան:
Ակումբի Վարչութեան ատենապետ Խաժակ Մկրտիչեան, իր կարգին խօսք առնելով, յայտնեց թէ կամքի, հետեւողական եւ խմբային աշխատանքի արդիւնք, կարելի եղած է իրագործել այս ծախսալի վերանորոգումը: Ան աւելցուց թէ ակումբը տակաւին կարիք ունի բարեզարդուելու եւ յայտնեց թէ.- “Յառաջիկայ շաբաթներուն կոմիտէն ու ակումբի վարչութիւնը պիտի դիմեն ձեզի եւ կասկած չունինք, որ հայրենակիցներ ու միութիւններ իրենց ներդրումը պիտի չզլանան ակումբին“:
Մկրտիչեան, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլո՛ր ընկերներուն եւ համակիրներուն: “Անոնք մեր կողքին եղան եւ ճիգ չխնայեցին ակումբի վերանորոգութեան գործը գլուխ հանելու: Ակումբի վարչութիւնս, խոր շնորհակալութիւն կը յայտնէ ակումբի վերանորոգութեան հսկած յանձնախումբի բոլո՛ր անդամներուն եւ այն անձերուն, որոնք պաշտօնական այլազան արտօնագիրներու եւ փաստաթուղթերու հետապնդումին ու օրինական մանրամասնութիւնները հետապնդեցին, կարգաւորեցին եւ գործերը դիւրացուցին“:
Ապա խօսք առաւ, տարիներ շարունակ շրջանէն ներս ծառայած Թաթուլ Սոնենց Փափազեան, որ յայտնեց թէ այս ակումբը իւրայատուկ է իր պատմութիւնով եւ կառոյցով: Ան նշեց թէ այս ընթացքով, մօտ ապագային պիտի նշուի այս ակումբին հարիւրամեակը:
Նշենք թէ սեղաններուն զետեղուած էին պռակներ, որոնց մէջ նշուած էին ակումբի այս վերջին վերանորոգութեան համար նուիրատուութիւններ կատարած ընկերներու եւ համակիրներու անունները:
Ակումբի մուտքին պիտի զետեղուի ցուցատախտակ մը, որուն վրայ պիտի տեղադրուին ակումբի բոլոր նուիրատուներու անունները: