
Մայիս 27-ին Ֆլորիտայի “Ռոստոմ“ կոմիտէութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ դաշտահանդէս (Lake Ida Delray Gem Park)-ին մէջ:
Հայաստանի Առաջին Անկախութեան 95-ամեակի նշումին ներկայ էին Ֆլորիտայի համայնքը երիտասարդ եւ տարեց անձնաւորութիւններով: Ուրախ եւ շատ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ: Ներկաները այս առթիւ կատարեցին նուիրատուութիւններ: Տարեց անդամները անակնկալի բերին բոլորին սկսան երգել, պարել եւ ասմունքել:
Ընկ. Վազգէն Լախոյեան տուաւ օրուան պատգամը, Մայիսեան փառատօնին իմաստը եւ կարեւորութիւնը մեր հայ ժողովուրդին եւ գալիք սերունդներուն, որ ամէն գնով պաշտպանեն եւ նեցուկ կանգնին Հայաստանի նորանկախ պետութեան եւ սատար հանդիսանան հայ ժողովուրդի բարգաւաճման եւ յառաջդիմութեան:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ կէսօրէ ետք ուշ ժամերուն եւ ներկաները հեռացան ուրախ եւ ներշնչուած մթնոլորտով, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին նեցուկ կանգնելու Հ.Յ.Դ. “Ռոստոմ“ կոմիտէութեան եւ քաջալերեն բոլոր ձեռնարկները եւ յաջողութիւն մաղթեցին կոմիտէի յառաջիկայի բոլոր աշխատանքներուն:
Թղթակից