ՃՈՆ ՔԵ­ՐԻ ՊԱՇ­ՏՕ­ՆԱ­ՊԷՍ ՀՐԱ­ՒԻՐ­ՈՒԱԾ ՀԱ­ՅՈՑ ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ՈԳԵ­ԿՈՉ­ՄԱՆ ՀԱ­ՒԱ­ՔԻՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 17 Second

P1 Kerry  ՈՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸՆ.- Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը, յա­տուկ նա­մա­կով մը, պաշ­տօ­նա­պէս հրա­ւի­րած է Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րին, եւ նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս, անոր աշ­խա­տա­կից­նե­րը, ներ­կայ գտնուե­լու Ապ­րիլ 24-ին, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Քոնկ­րէ­սին մէջ կա­յա­նա­լիք Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նուիր­ուած ոգե­կոչ­ման տա­րե­կան ձեռ­նար­կին:

Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը կը յի­շեց­նէ, թէ նա­խա­պէս, իր նոր պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լէ առաջ, ծե­րա­կու­տա­կան Քե­րին, միշտ ալ նե­ցուկ կանգ­նած է Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը պա­հան­ջող աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Այս գծով, ատե­նա­պետ Քեն Խա­չիկ­եան այս առի­թը օգ­տա­գոր­ծեց կոչ ընե­լու Քերի­ին, որ ան նա­եւ պաշ­տօ­նա­կան մա­կար­դա­կով` իբ­րեւ Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար` նե­ցուկ կանգ­նի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ապա­հո­վե­լու աշ­խա­տանք­նե­րուն:

“Եթէ հաշ­ուի չառ­նենք փոք­րա­թիւ ամե­րի­կա­ցի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան եւ եր­բեմն նա­եւ ոչ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յու­շա­հա­մա­լիր, ապա այն տպա­ւո­րու­թիւնը կը ստեղծ­ուի, թէ վեր­ջին տաս­նամ­եա­կին ամե­րի­կա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը յար­գան­քի տուրք չեն մա­տու­ցեր այս ոճ­րա­գոր­ծու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին հա­մար Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կող­մէ կազ­մա­կերպ­ուած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն: Յոյս ու­նինք, որ կ՛ըն­դու­նիք մեր հրա­ւէ­րը ու ներ­կայ կը գտնուիք մեր մի­ջո­ցառ­ման“, նշած է Խա­չիկ­եան` Քերի­ին ուղղ­ուած նա­մա­կին մէջ: Ան յոյս յայտ­նած է որ նա­խա­գահ Պա­րաք Օպա­ման այս տար­ուան Ապ­րիլ 24ի իր ելոյ­թին մէջ կ՛օգ­տա­գոր­ծէ “Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն“ եզ­րը` “Մեծ Եղեռն“ի փո­խա­րէն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles