
Մեր օրերու ամենէն աւելի գործածուած եւ չարչրկուած բառերէն մին է ժողովրդավարութիւնը: Նոյնիսկ բռնատէրեր եւ բռնատիրական վարչաձեւեր չեն վարանիր այդ յղացքին ետին թաքնուիլ, զայն հագնիլ որպէս ընդունելի ըլլալու ամբոխավարական շապիկ: Այդպէս են պետութիւնները, զանազան բնոյթի կազմակերպութիւնները, կուսակցութիւնները, միութիւնները:
Այդպէս է նաեւ մեր իրականութիւնը, միշտ ճշդելով՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Ժողովուրդն է աղբիւրը ժողովրդավարական իշխանութեան:
Սկզբունքը, միտքերու մէջ եւ թուղթի վրայ նոյնն է, ոչ ոք կասկածի կ’ենթարկէ զայն.: Բայց կեանքի հաստ իրականութեան մէջ, ըստ պահու եւ ըստ ժողովրդավարութիւնը գործադրելու կոչուած մարդոց եւ անոնց վարուելակերպին, ան պատշաճեցումներ կը կրէ, երբեմն այն աստիճան, որ իր ժխտումն իսկ արդարացնելու ճապկում կը դառնայ: Օրինակ, երբ իշխանութիւնը կը բռնագրաւուի ընտանիքներու, անփոխարինելիներու եւ դիրքերու վրայ յաւերժացողներու կողմէ, որոնք լծակներ կ’ունենան եւ զանոնք կը գործածեն ժողովուրդի կամքը շրջանցելու համար: Եւ ժողովրդավարութիւնը կը դառնայ սնամէջ եղէգ: Օրէնքի ետին թաքնուելով, իշանութիւնը վերածելով արքայական ցկեանսի, կամ հպատակելով այդ փորձութեան:
Առանց կողմնապաշտութեան եւ կանխակալ կարծիքի դիտենք մեր շուրջ ընթացող կեանքի պատկերները: Այս վերաբերումը յառաջդիմելու եւ արդարութեան առաջին քայլն է:
Ժողովրդավարութեան գործնական եւ տեսանելի արտայայտութիւնը ընտրութիւնն է:
Բայց ինչպէս կ’ըսէ հարցին իրազեկ ժամանակակից գիտնական մը, «ընտրութիւնը չ’երաշխաւորեր, որ կառավարութիւնը ծառայէ հասարակաց շահերու եւ այդպէս ալ մնայ» (Փիէր Ռոզանվալլոն): Հետեւաբար, ժողովրդավարութիւնը ինքզինք պաշտպանելու համար կարիք ունի տեւական հսկողութեան՝ յառաջացած մեծամասնութեան եւ անոր դէմ գտնուող փոքրամասնութեան կողմէ: Անգլիոյ մէջ խիստ հետաքրքրական է ընդդիմութեան (այսինքն փոքրամասնութեան) օրինական կարեւորութիւնը. Ան կը կոչուի Նորին Վեհափառութեան Հաւատարիմ Ընդդիմութիւնը, այսինքն տեւաբար ներկայ՝ օրուան իշխանութիւնը հակակշռող ուժ, որ թշնամի չէ, լրացուցիչ է:
Ժովրդավարութիւնը չայլասերելու համար, չիյնալու համար իշխանութեան անձնականացման մեղքին մէջ, չծառայելու համար կողմնապաշտական եւ անհատական շահերու, պահելու համար անկողմնակալութեան օրինաւորութիւնը, կրնանք ըսել՝ առաքինութիւնը, պիտի ծառայէ ընդհանրական շահերու, ոչ միայն ըստ օրուան իշխանութեան գնահատումներուն, այլ նկատի պիտի առնէ նաեւ ինչ որ յիշեցինք, Նորին Վեհափառութեան Հաւատարիմ Ընդդիմութիւնը, զանազանութիւնները, պետութեան, կազմակերպութիւններու եւ համայնքներու մէջ:
Ժողովրդավարութիւնը, իր իսկ գոյութիւնը պաշտպանելու եւ արդարացնելու համար, պիտի յառաջացնէ վերահսկողութեան անկախ մարմիններ, ինչպէս Սահմանադրական Դատարան, Հաշուեքննական Պալատ, Պետական Բարձրագոյն Խորհուրդ, որոնք կ’ըլլան անկախ գործադիր իշխանութենէն: Ինչպէս դիտել տուած է տնտեսութեան ամերիկացի նոպէլեան դափնեկիր Քէնէթ Արրօ, երկիր մը կը գործէ իր կառոյցներով եւ արժէքներով, բայց կան նաեւ երեք անտեսանելի հաստատութիւններ. Վստահութիւնը, Հեղինակութիւնը եւ Օրինաւորութիւնը: Ասոնք ճառային յղացքներ չեն, անոնք ընկերութեան համար գոյութենական նշանակութիւն ունին:
Պերճանք չէ, ոչ ալ ամբոխավարութիւն կամ բանգիտութիւն, երբեմն խորհրդածել յիշուած երեք յղացքներուն մասին:
Ըստ ընկերաբանական սահմանումի, վստահութիւնը նախատեսութիւն է ապագայ նախաձեռնութեան մը, վերաբերումի մը, գործակցութեան մը, որ կը կանխէ պաշտօնական հաստատութիւններու համաձայնութիւնները կամ դիմումները: Երբ վստահութեան խախտում ըլլայ, ամէն բնոյթի յարաբերութիւնները կը վատանան,- մարդոց միջեւ, քաղաքացիներու եւ պետական կամ ներկայացուցչական կառոյցներու միջեւ:
Վստահութեան պակասը քաղաքակրթական ժամանակակից երեւոյթ է, քանի որ ընկերութիւնները հետզհետէ աւելի անհատապաշտ են, փակ են իրարու նկատմամբ, նիւթապաշտ եւ մրցակից: Մրցակցական ընկերութեան մէջ միւսը անիրաւելով բարձրանալ բնական դարձած է, հետեւաբար նաեւ վստահութեան խախտումը: Մարդոց եւ պետական կառոյցներու հետ յարաբերութիւնները բնական կերպով հեզասահ չեն ըլլար: Օր մը արագ հասունցած երիտասարդ ըսաւ, որ քաղաքական կեանքի մէջ բարձրանալու համար սպաննել պէտք է գիտնալ:
Հեղինակութիւնը անմիջականօրէն սահմանելի եւ շօշափելի չէ, որոշումով եւ ցանկութեամբ չի տրուիր եւ չ’առնուիր: Հեղինակութիւն ունեցող անձը, քաղաքական ղեկավար, կրօնապետ, կազմակերպութեան առաջնորդ, կը լսուի իր շրջանակին կողմէ, ուժի կամ մեքենայութիւններու պէտք չունի շրջապատին կամ զանգուածներուն վրայ ազդելու եւ զանոնք առաջնորդելու համար: Կարծէք հեղինակութիւնը կը շրջանցէ ժողովրդավարութիւնը, ինչ որ ընդունելի կը համարուի եթէ անշահախնդիր եւ անձնդիր է: Ի հարկէ, ոչ մէկ պատճառով պէտք է հանդուրժել հեղինակութեան պիտակի տակ վիճարկումի մերժումը: Բայց պէտք է ընդունիլ այն պարզ իրողութիւնը, որ իշխանութեան լծակներ կան, որոնց հեղինակութեան յարգումը ընկերութեան մէջ հաւասարակշռութեան պահպանման պայման է: Երբ յարգանքը կը պակսի հանգամանքներու հեղինակութեան դէմ, կառավարման համակարգը կը խախտի եւ հաւաքականութեան ներքին հիւսկէնը կը քանդուի:
Հաւաքական կեանքի մէջ, պետութիւն, կազմակերպութիւններ, զանազան բնոյթի ընկերութիւններ, օրինականութիւնը (légitimité) հասարակաց պատուանդանն է անդամներու համագործակցութեան, Հայաստան կ’ըսեն՝ տառադարձելով եւ որդեգրելով բառը՝ լեգիդիմութիւն, այլապէս կ’իյնանք անտառի օրէնքի մէջ, ջունգլիի օրէնք: Օրինականութիւնը տարբեր ձեւերով կ’արտայայտուի, օրինակ վարչական. ոեւէ տեղ եւ ոեւէ ձեւով տուն չենք կրնար կառուցել, արտօնութիւն պէտք է ստանալ զանազան պաշտօնատուներէ, կամ ներկայացուցչական իրաւունք մը ունենալու համար (նախագահ, երեսփոխան, քաղաքապետ կամ այլ, օրէնքի սահմանուած եղանակով ընտրուած ըլլալ, անցեալին այդ օրինաւորութիւնը ի վերուստ ստացուած արքայի կամքով կը տրուէր), կարենալ կառավարելու համար: Այս իրաւունքին յաւակնելու համար որոշ պայմաններ պէտք է լրացնել, ինչպէս վկայական, հնութիւն, եւայլն: Բայց անցեալին եւ այսօր, այդ որոշ արժանիքներու պայմանները միշտ ալ շրջանցուած են զանազան ճապկումներով եւ մեքենայութիւններով, բացորոշ կամ թաքուն խարդախութիւններով: Այս հարցը միշտ պատճառ է քննադատութիւններու եւ մերժումներու, բայց կարծէք անբուժելի ախտ է, նաեւ ժամանակակից ընկերութեան մէջ (երկիրներ, կազմակերպութիւններ, համայնքներ): Հակառակ օրէնքներու եւ ընդունուած ժողովրդավարական սկզբունքներու, երեւոյթին կը հանդիպինք ամենուրեք:
Եւ ի վերջոյ կայ որակի առնչուող օրինականութիւնը, երբ նկատի կ’ունենանք հիմնահարց մը: Օրինականութեան խախտում է, երբ սափրիչին կ’արտօնուի աչքի եւ ատամի խնամքով զբաղիլ, կամ ազգի մշակոյթով եւ քաղաքականութեամբ զբաղիլ եւ յաւակնիլ զանոնք առաջնորդել, երբ այդ մշակոյթին անծանօթ ենք եւ երբ այդ ազգի անցած ուղիին անծանօթ ենք, պատմութիւն չենք գիտեր: Այս օրինականութեան խախտումը դատարան կարելի չէ տանիլ, ան պարզապէս զանազան մեքենայութիւններով յառաջացած անբարոյութիւն է: Այսպէս պէտք է վերաբերիլ պետութիւնը կանգուն պահող պաշտօնէութեան: Փակագիծ. Արեւելեան երկրի մը մէջ պատահած դէպքի մասին խօսուած է օրին: Պետական դիրք ունեցողի պաշտպանեալը պայմանները չլրացնող անձ, նշանակուած է ուսուցիչ: Երբ որոշուած է ուսուցիչները ըստ որակի եւ վկայականի պահել կամ չպահել, ենթական ինքզինք վտանգուած զգալով դիմած է իր պաշտպանին, որ իրեն ըսած է, թէ մտահոգուելու պատճառ չկայ եւ զինք նշանակած է պահել-չպահել որոշող մարմնի անդամ: Այս որակի օրինականութեան խախտում է, որուն կարելի է հանդիպիլ ամէն տեղ, եւ այս խախտումը կը խոչնդոտէ հասարակած շահերու պաշտպանութիւնը:
Այսպէս, պէտք է մտածել կառավարման մասին: Օրէնք է. ընտրութիւնը (նախագահի, երեսփոխանի, վարչականի, եւայլն), որ իրաւունք կու տայ կառավարելու, բայց այդ իրաւունքը բացարձակ չէ, պէտք չէ ըլլայ, այլապէս կը հաստատուի մենատիրութիւն, բռնակալութիւն: Այդ իրաւունքը տեւաբար հսկողութեան տակ պէտք է ըլլայ, նկատի առնելով նախաձեռնութիւնները եւ իրականացումները: Այսինքն, ժողովրդավարական կամքը ընտրութեան մը ակնթարթին մէջ չի սահմանափակուիր, սպասելով յաջորդ ակնթարթը, մէկ, երկու, հինգ կամ տասը տարի ետք, այլ աչալուրջ հսկողութիւնը, որ իրաւունքն է հասարակութեան եւ պարտականութիւնը չորրորդ իշխանութեան՝ լայն առումով մամուլին, մտաւորականութեան, եթէ անոնք չեն լռեցուած:
Ժողովրդավարութեան մէջ ինքնախաբէութեան առաջնորդող մշուշի վիճակ մը կայ, որ կը բխի «ձայն բազմաց ձայն Աստուծոյ» դասական ասացուածքէն: Յիշուած ընտրական ակնթարթին կը գոյանայ մեծամասնութիւն մը, որ ծնունդ կու տայ իշխանութեան: Բայց միշտ պէտք է խորհիլ, որ մեծամասնութիւնը չ’արտայայտեր հասարակաց կամքը, որ ան մասնակի է, հետեւաբար պէտք է յառաջացնել հասարակաց կամքերու արտայայտութեան կառոյցներ, որոնք ի վիճակի ըլլան սրբագրելու ընտրութեան մը հետեւող մասնակիութիւնը: Այս պարագային կը միջամտեն կառավարողին պատրաստութիւնը, փորձառութիւնը, ձեռնհասութիւնը, գործակցելու ճկունութիւնը: Միշտ յիշել Նորին Վեհափառութեան հաւատարիմ փոքրամասնութիւնը…
Արդարութեան հետամուտ ըլլալու առաջադրանք ունեցող ժողովրդավարութիւնը պէտք չէ վերածուի իր հակառակին, երբ մեծամասնութիւն մը կը ճնշէ փոքրամասնութիւնը կամ այդպէս կը դիմաւորուի: Այս խոչնդոտը յաղաթահարելու համար անհրաժեշտ է ունենալ անկողմնակալութեան մշակոյթ եւ միւսին մէջ թշնամի չտեսնելու առաքինութիւն: Այս պայմաններով է միայն, որ կառավարողը, ղեկավարը կրնան իրապէս ծառայել ժողովուրդին եւ ոչ անհատական կամ հատուածական շահերու: Այս կը պահանջէ մեծ իմաստութիւն եւ եսի գերանցում, զորս այնքան լաւ բանաձեւած է ֆրանսացի իմաստասէր Ռընէ լը Սէն, երբ կ’ըսէ՝ «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»: Հետեւաբար, իշխանութեան կարեւոր լծակներուն մէջ մեծամասնութեան կողքին փոքրամասնութիւնն ալ ներկայ պէտք է ըլլայ, ճանչցուի, ընդունուի, լսուի, ինչ ալ ըլլայ անոր բնոյթը, որպէսզի մեկուսացումները չառաջնորդնեն հակադրութիւններու, պառակտումի:
Ժողովրդավարութեան համար կենսական է վիճարկումը, ոչ միայն ընտրութեան մը կամ քուէարկութեան նախօրեակին, քանի որ անով ժողովուրդը տեղեակ կ’ըլլայ, կը բաղդատէ, կը վարժուի ընտրութիւն կատարել: Այս տեսակէտէն խիստ կարեւոր են դատաւորին անկախութիւնը, Սահմանադրական Ատեանը, ուր կը ճշդուի, թէ տրուած որոշումը Սահմանադրութեան համապատասխա՞ն է թէ ոչ, նոյնիսկ երբ քաղաքական կեանքի մէջ սուր անհասկացողութիւններ եւ երկպառակութիւններ կան: Ինչ որ ալ պատահի, քաղաքացին ինքզինք անտեսուած եւ անիրուած պէտք չէ համարէ, համոզուի, որ զինք կառավարելու համար ընտրուած անձը կը ծառայէ հասարակաց շահերու, անձական եւ հաարակաց շահը առանց շփոթելու:
Թագաւորներու «բարեխնամութեան» վերաբերումը վերջացած է եւ պէտք է իրագործել անկողմնակալութիւնը, արդարութիւնը եւ մարդու ու քաղաքացիի անսահմանափակելի եւ անշրջանցելի իրաւունքը, որուն պէտք է հաւատայ քաղաքացին: Այս ըմբռնումը խորապէս տարբեր է ժողովրդայնացումէ (populisme), որ ուշ կամ կանուխ կ’առաջնորդէ ամբոխային վերաբերումի եւ նոյն այդ ամբոխի չարաշահման՝ անպարկեշտ իշխանաւորներու կողմէ, կամ պարզապէս անսխալականութեամբ եւ անփոխարինելութեամբ յատկանշուող կացութեան:
Եւ ի հարկէ, ժողովրդավարական կարգերու լաւագոյն նեցուկը հանրային կարծիքն է, որուն համար կենսական է անկախ եւ միաժամանակ հետախուզական մամուլը, որ պէտք է ըլլայ միտքերու եւ գաղափարներու խմորման վայր, առանց տէրերու ծառայելու: Այս ընթացքը բնական կերպով լուսաբանուած քաղաքացիները կ’առաջնորդէ ճիշդ ընտրութիւն կատարելու, որպէսզի կառավարողը ծառայէ հանրային հասարակաց շահերու:
Այս հարցերուն մասին մտածեցի, դիմեցի անոնցմով մտահոգուած մտաւորականներու գաղափարներուն եւ դատումներուն, այլազան վերլուծումներուն, դիտելով հայ քաղաքական եւ ընդհանրապէս հասարակական կեանքի մէջ դրսեւորուող հակասութիւնները, վերնախաւ համարուածի եւ ժողովուրդի միջեւ:
Նաեւ՝ ամբոխ, փողոց, օրէնք, ղեկավարում շփոթ եւ շփոշեցնող ընտրանքներու մասին:
Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Կը խորհիմ, որ լայնածիր վիճարկում մը պէտք է սկսիլ, Հայաստան եւ սփիւռք, իրաւ ժողովրդավարութեան, իշխանութեան բարոյականացման եւ անոր հանրային ծառայութեան մասին: Միաժամանակ, անվարան պէտք է խօսիլ իշխանութեան անձնականացման, իւրացման, յաւերժացման բացասականութիւններու եւ անոնց հետեւանքներուն մասին:
Խօսիլ այսօ՛ր, չսպասելով որ միացման ներքին շաղախը դառնայ հեղուկ եւ բանի չծառայէ:
Կրնա՞նք հասնիլ այն պարզ իմաստութեան, որ քաղաքական եւ այլ յանձնառութիւններ փառքի եւ եսի պատուանդաններ չեն, այլ ծառայութեան, ինչ որ ալֆան եւ օմեկան է միշտ վերանորոգման կարիք ունեցող ճշմարիտ ժողովրդավարութեան, զոր ոչ թատրոնի եւ ոչ կրկէսի խաղի պէտք է վերածել, ամբոխավարութեամբ եւ ամբոխային տրամադրութիւններու ճարակ հայթայթելով, որ բարոյական ստորնացման կ’առաջնորդէ:
Այսինքն՝ բոլոր առումներով յարգել Մարդը:
Եւ այս հարցերուն մասին խօսիլ, անվարան խօսիլ ժողովուրդին, քանի որ ան է ժողովրդավարութեան խմորը, չմնալ փակ շրջանակներու մէջ, չենթարկուիլ շատ եւ բարձր խօսողներուն:
Խօսիլ, կրկնել, լուսաբանել, որպէսզի հասարակաց արժէքներու ըմբռնումով, ընկերային բոլոր կազմակերպութիւններու մէջ, պետութենէն մինչեւ թաղային, ժողովուրդը տէր ըլլայ իր իրաւունքներուն եւ ճակատագրին: