ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՂԵԿԱՎԱՐԵԼ, ՂԵԿԱՎԱՐ, ՂԵԿԱՎԱՐՈՒՄ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ «ՊԵՏ»ԵՐ

0 0
Read Time:9 Minute, 20 Second

 Յ. Պալեան

            Մտածել ղեկավարութեան եւ ղեկավարումի մասին, ոչ պատահականութեան արդիւնք վարչութիւններու եւ զանոնք բաղկացնողներու:

            Ընդունելով հանդերձ որ մարդիկ հաւասար են, այս ըմբռնումը պէտք է ընդունիլ որպէս բացարձակ արժէք եւ անոր պաշտպանութեան համար պէտք է պայքարիլ, մարդկային հաւաքականութիւնները միշտ ալ ունեցած իրենց առաջնորդները, ցեղապետ եւ նահապետ, իշխան եւ թագաւոր, տասնապետ եւ զօրավար, ղեկավար, այսինքն եղած անհաւասարութիւններ:

            Ինչ որ միշտ հարց եղած է,- կռիւ եւ պատերազմ, յեղափոխութիւն,- բխած է ղեկավարի առաջնորդութեան սխալներէն, անոր դէմ եղած մերժումներէն, անբաւարարութենէ: Ղեկավարի մասին երբ կը խօսինք, պէտք է մտածել ղեկավարումի մասին, որ կը մարմնաւորուի ղեկավարի գործով, որ արդիւնաւոր եւ օգտակար պէտք է ըլլայ: Երբ այդպէս չէ, կը նշանակէ որ ղեկավարը իր դերին մէջ չէ, առաջնորդող չէ, կը դառնայ ընկերային չարիք, երբ մեքենայութիւններով կամ բռնութեամբ կը մնայ դիրքի վրայ: Այս խարխափումին կը հանդիպինք պատմութեան ընթացքին եւ մեր անմիջական ներկային մէջ:

            Այս՝ ընկերութեան կազմակերպական կեանքի բոլոր մակարդակներուն. գիւղի, քաղաքի, երկրի, բանակի, գործարանի, առեւտրական հաստատութեան, դպրոցի, համալսարանի, միութիւններու, եկեղեցիի, պետութեան: Մարդկային բոլոր կազմակերպուած խմբաւորումները, իրենց բարօրութեան եւ նպատակներու հետապնդման համար պէտք ունին առաջնորդող գաղափարի՝ որուն մէջ ինքզինք կը տեսնէ հաւաքականութիւնը, զոր պարտի մարմնաւորել ղեկավարը:

 ՂԵԿԱՎԱՐԸ ԵՒ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ

           Ղեկավարը կամ ղեկավարութիւնը հասարակաց ըմբռնումներու եւ ակնկալութիւներու ենթահողին վրայ, ընկերային կազմակերպական կեանքի բոլոր մակարդակներուն, հաւաքականութեան կամ զանգուածին պէտք է ներշնչէ աւելի լաւի տեսիլք մը, անոր իրականացման համար պէտք է կարենայ վստահութիւն ներշնչել եւ աշխատանքի մղել իրեն վստահուած հաւաքականութիւնը,- գործարան, դպրոց, բանակ, երկիր, եւայլն. միասին աշխատելու եւ յաջողելու ցանկութիւն ստեղծելով, առաջնորդէն մինչեւ աշխատանքի մասնակից շարքային անհատը, դրական կերպով օգտագործելով կարողութիւնները եւ միջոցները:

            Ղեկավարին համար գալիքի տեսիլքը կարեւոր է. ի՞նչ կ’ուզէ ընել, ո՞ւր կ’ուզէ հասնիլ եւ հասցնել այն զանգուածը՝ որուն առաջնորդն է: Այդ զանգուածը կը հասկնա՞յ, հասկցա՞ծ է այդ տեսիլքը, կը բաժնէ՞: Եթէ այդ հասկնալը եւ բաժնելը բացակային, անկարելի կ’ըլլայ հաւաքական ուժ ստեղծել, որ անհրաժեշտ է առաջադրանքներու յաջողութեան համար: Հետեւաբար, անհատը այս կամ այն դիրքի ցանկութիւնը ունենալէ առաջ, յստակօրէն պէտք է բացայայտէ իր տեսիլքը, եւ հաւաքականութիւնները,- անոնք ըլլան միութիւններ, կուսակցութիւններ, առեւտրական կամ ճարտարարուեստական կառոյցներ, երկիրներ,- պէտք է տեսնեն այդ տեսիլքը՝ կարենալ համոզուելու, յանձնառութիւն ընդունելու եւ գործելու համար: Պարզ խօսքով, պէտք է հասկնալ, թէ ի՞նչ կ’ուզուի, ինչո՞ւ, ո՞ւր հասնելու համար:

            Ղեկավարումը անծանօթ երկրի մը մէջ աննպատակ թափառում չէ:

            Ժամանակակից ընկերութիւնը իր յառաջընթացին եւ ղեկավարումին համար ստիպուած է խզուիլ աւանդական-նահապետական կազմակերական եւ ընտրական դրութենէն: Պարզ է, որ այսօր եւ վաղը, հրամայականօրէն, ղեկավարումը կը պահանջէ կարողութիւններ եւ ձեռնհասութիւն, պէտք է համոզուիլ, ընկերային կեանքի բոլոր մակարդակներուն, որ սիրողական վերաբերումը (amateurisme) կ’առաջնորդէ խարխափումներու, օգտակար չէ, վնասակար է: Իսկ սիրողականի շփոթներէն զերծ մնալու համար անհրաժեշտ են յիշուած կարողութիւնները եւ ձեռնհասութիւնը, որոնք լաւագոյն դարմաններն են ընդդէմ փառասիրութիւններու եւ անփոխարինելիութեան առասպելի:

            Շատ կը սիրենք խօսիլ արագ փոխուող ժամանակի եւ ճարտարագիտական յառաջդիմութեան մասին, ինչ որ նորութիւն կամ նորարարութիւն է այսօր, վաղը արդէն հինցած է. գիտութիւն, բարքեր, տեսութիւններ: Աւելցնենք նաեւ այն, որ ամէն օր քիչ մը աւելի կը տարածուի մեր միտքի եւ աչքի տեսադաշտը, այսինքն ընդհանուր բնորոշումով քաղաքակրթութիւնը կ’ըլլայ բազմաշերտ, լայնածիր եւ փոխկապակցուած: Անկարելի է գործել ոչ միայն ԺԹ եւ Ի դարերու կառոյցներով եւ ըմբռնումներով, այլ նոյնիսկ ԻԱ դարու առաջին տասնամեակի: Կամ այն է, որ կը մտնենք բոլոր մարզերու այս արագ փոփոխութեան ընթացքին մէջ, կամ կը մնանք կեանքի, ընկերութեան եւ քաղաքակրթութեան լուսանցքին: Ամերիկացիները գրողներու համար կ’ըսէին, թէ կը հրատարկես կամ կը չքանաս (you publish or you perish), այդպէս է նաեւ ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային մարզերու մէջ: Ինչպէս կ’ըսեն ֆրանսացիները, դափնիներու վրայ հանգչիլ ոչինչ կը նշանակէ, անհատը եւ հաւաքականութիւնները դուրս կը ձգէ կեանքէն, կեանքի թաւալումէն, անոնք կը մնան քարափին եւ գնացքը կը սուլէ, կամ առանց սուլելու, կ’անցնի: Անկասկած բարդ են կացութիւները, եւ սիրողականը կը զուարճացնէ միայն ինքնագոհները, ինքնագոհութիւն՝ քսակէ կամ ծնունդէ բխող:

            Ի՞նչ եզրակացնել: Դէպի ԻԱ դարու կէսերը ընթացող ժամանակին մէջ ղեկավարում եւ ղեկավարներ ոչ միայն պարտին պատշաճիլ, այլ մանաւանդ՝ նախատեսել, որպէսզի ընկերութիւնը եւ իրենց վստահուած հաստատութիւնները, հիմնարկները, միութիւնները, երկիրները, պահեն ժամանակի ընթացքին մէջ, հակառակ նոր նուաճումներով պարտադրուող ցնցումներու: Ժամանակին խենթ թագաւորներով անգամ, որոնք այդպէս ալ ճանչցուած են պատմութեան մէջ,  երկիրները մնացած էին ոտքի: Հիմա խութի զարնուելու վտանգը ամէն վայրկեանի սպառնալիք է: Հռոմէական բաժնէ որ տիրեսը անօգուտ եւ սիրողական աշխատալաձեւ է, իշխանութիւնը մեքենայութիւններով կամ բրտութեամբ պահել անհնար է, եւ ընկերային չարիք:

            Այս միտքերը կ’առաջնորդեն ողջախոհական իմաստութիւններու:

ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ 

            Ուսումնասիրողներ հաստատած են պարզ երեւոյթ մը. լաւ ղեկավարներ, հաւաքական կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, դրական արդիւնքներու կը հասնին, երբ պատրաստուած են, երբ անհրաժեշտ գիտութիւնը ունին՝ իրենց ղեկավարութեան յանձնուած գործին համար: Ղեկավարը պարզ պաշտօնեայ չէ, անոր առաջադրանքը պիտի ըլլայ յաջողութիւնը եւ յառաջդիմութիւնը: Այսինքն, ղեկավարին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ոչ միայն եղածը պահել, եղածին պէս շարունակել, այլ նաեւ առաջնորդել պատշաճեցումները, փոփոխութիւնները, ընթանալ ստեղծելու ուղղութեամբ: Ի հարկէ, ղեկավարը պիտի գիտնայ, որ առանձին չի կրնար գործել հաւաքականութիւնը եւ կառոյցները պահելու, յառաջդիմութեան տանելու, յաջողելու համար: Ղեկավարը պիտի գործէ, պիտի գործակցի մարդոց հետ, հասարակաց նպատակին ծառայեցնելու համար նաեւ անոնց կարողութիւնները, զանոնք մասնակից դարձնելով նախաձեռնութիւններու որոշման եւ գործադրութան, տեղեկանալով, տեղեկացնելով, հաղորդակցելով:

            Այլ խօսքով, մենատիրական-բռնատիրական ղեկավարումը թշնամին է յառաջդիմութեան եւ յաջողութեան: Ղեկավարումը ոչ ակնթարթային փայլատակում է եւ ոչ ալ մենաթատրոն: Այս ըմբռնումով պէտք է գործի կոչել ղեկավարը, յառաջացնել ղեկավարումի ոճը եւ եղանակը: Երկրորդ ճամբայ չկայ, երկրորդ ճամբան լճացում է, ճահճացում: Այս ըմբռնումներու լոյսին տակ պէտք է դիտել հին եւ ժամանակակից քաղաքակրթութիւններու մաշումը եւ անկումը:

            Արտադրական կամ առեւտրական, քաղաքական, մշակութային եւ այլ կառոցներու ղեկավարութեան կոչուած անձը ինք պիտի գիտնայ, թէ ինչո՞ւ կը գտնուի հոն, ո՞ր նպատակի իրականացման համար, եւ որոնցմով: Այդ անձը այդ պաշտօնին վրայ դնողը եւ դնողները եւս պիտի գիտնան, թէ ինչո՞ւ այս մէկը եւ ոչ միւսը պիտի ընտրեն, նոյնիսկ քար դնելով իրենց զգացական կամ շահախնդրական  նախասիրութիւններուն վրայ: Կրկնենք, ղեկավարը պիտի գայ ոչ թէ եղածը պահելու, որովհետեւ այդ նահանջ է ընկերութեան մը մէջ, որ կը պահանջէ յառաջդիմութիւն եւ մրցակցութիւն, նորով եւ գիւտերով, տեւաբար նորոգուելու եւ նորոգելու ընթացք դէպի նոր հորիզոն երթալու համար: Ժամանակակից ընկերութեան մէջ մրցակցութիւնը շարժիչ եւ աննախատեսիլի ուժ է: Ղեկավարը իրաւունք չունի ըսելու, թէ չէի գիտեր, չէի նախատեսած: Ընդհակառակն, պիտի գիտնայ, որ արագ վերանորոգուող պայմաններու մէջ կ’ապրին ընկերութիւնը եւ քաղաքակրթութիւնը, որոնց ընդառաջ պիտի երթայ ղեկավարութիւնը: Պիտի գիտնայ, որ չվերանորոգուիլ ձախողութեան եւ ոտնատակ երթալու տխուր ճամբան է:

            Այս իմաստով է, որ ղեկավարում եւ նորարարութիւն միասին պէտք է ընթանան մրցակցութեան թոհուբոհին մէջ չկորսուելու համար: Իսկ այդ ընթացքի յաջողութիւնը կը պայմանաւորուի իրաւ համագործակցութեամբ եւ կարողականութիւններու իմաստուն օգտագործումով: Այսինքն այլեւս ժամանակավրէպ է գործել վարդապետն ասացով, magister dixit-ով, որ լճացած եւ ժամանակին հետ քայլ չպահող ընկերութիւններու ախտն է:

            Օր մը, երէց մը վրդովուած է, որ երիտասարդ մը հակադրուած է իրեն, խելք տուած է, քննադատած, ինք որ երեսուն-քառասուն տարուան փորձառութիւն ունի: Երիտասարդը ըսած է, որ ինք մարդիկ կը ճանչնայ , որոնք երեսուն-քառասուն տարիներ երաժշտանոց գացած-եկած են, բայց երաժիշտ չեն եղած… 

ՈՉ ԹԷ ՈՒՂՂԱՁԻԳ ԱՅԼ ՀՈՐԻԶՈՆԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՄԱՆ ԸՄԲՌՆՈՒՄ

            Գիտենք, որ նոր ճարտարագիտութիւնը եւ համացանցը լայն ուղի բացած են, միասին եւ հաւաքական եղանակով մտածելու, այսինքն ուշիմութիւնը հետզհետէ հաւաքական արտայայտութիւն կը գտնէ: Այս կացութեան պատշաճելու դժուարութիւն ունին ԺԹ եւ Ի դարու ղեկավարումի ոճ ժառանգածներ եւ կազմակերպութիւններ, գաղափարական եւ կազմակերպական ճակատներու վրայ: Այսօր, եւ վաղը աւելի, ղեկավարումը պիտի առաջնորդուի հաւաքական ուշիմութեամբ: Հաւաքականութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, միութիւններ, կուսակցութիւններ, պետութիւններ, տնտեսական կառոյցներ, կամ կ’ընդգրկուին այս ընթացքին մէջ, կամ կը ճահճանան, հետեւելով ուղղաձիգ մտածելու, դատելու եւ որոշելու ընթացքին, փոխան հորիզոնական մտածելու եւ գործելու եղանակի:

            Ղեկավարումի համար անհրաժեշտ է չհեռանալ զանգուածէն, զայն չհամարել անդիմագիծ, չհետաքրքրուող եւ չմտածող հաւաքականութիւն, այսինքն՝ քիթէն բռնելով տարուող մասսա-գործիք, այլ զարգացնել անոր մօտ քննադատական միտքը եւ մասնակցելով յառաջդիմելու կամքը եւ գիտակցութիւնը: Այս ձեւով է որ կարելի է իրականցնել իրաւ փոփոխութիւնները, պատուար կանգնել լճացման դէմ, ընդունիլ ծրագրումները եւ յարափոփոխ աշխարհի մէջ սովորական դարձող աննախատեսիլները հակակշռել: Այդ ընելու համար ղեկավարը պիտի կարենայ համոզել եւ համախմբել իր շրջապատը՝ հետապնդուած նպատակներուն շուրջ:

            Արդէն ղեկավարներ, նախագահներ, պատասխանատուներ, իրենց շրջապատին հետ համացանցի միջոցաւ կը հաղորդակցին ուղղակի եղանակով: Այսինքն, ղեկավարը պիտի ստեղծէ պայմանները ոչ միայն լսուելու, այլ նաեւ լսելու, իրաւութեամբ հասկնալու շրջապատը, որուն համար յաճախ կը գործածուի empathie բառը, մտքէ չհանելով այն պարզ եւ հիմնական միտքը՝ որ իրենք դիրքի վրայ են հաւաքականութեան համար:

            Յաջողութեան համար պայման է, որ նպատակները որպէս հաւաքական բարիք ընդունուին շրջապատին կողմէ:

ԾԱՌԱՅԵ՞Լ ԹԷ ԾԱՌԱՅԵՑՆԵԼ

            Պարզ է  նաեւ, յաճախ այդ կը նշուի ձեւի համար, որ ղեկավարը կը գտնուի հոն ուր որ է, ծառայելու եւ ոչ թէ ծառայեցնելու համար: Ղեկավարը աւատապետ կամ ցեղապետ չէ, ժողովուրդներն ալ այլեւս ցեղախումբ չեն, գիտութիւն եւ տեղեկութիւն զանգուածային են: Ան պիտի ընդունի շրջապատէն եկած թելադրութիւնները, ի հարկին՝ սրբագրութիւնները: Կէսէն մէկ աւելիի քուէներով կամ նոյնիսկ միաձայնութեամբ ընտրութեան մը արդիւնքով ղեկավարին չի տրուիր անսխալանականութեան առաքինութիւն:

            Միապետական կառավարումը այլեւս ժամանակավրէպ է: Ղեկավարը ինք պիտի ծառայէ հաւաքականութեան, անոր անդամները պիտի գիտնան եւ գործնապէս տեսնեն, որ ղեկավարը իրենց կողքին է, զիրենք կը լսէ, չի գտնուիր տեղ մը, վերը, անդին, փղոսկրեայ աշտարակի մը մէջ: Այս ախտաւոր վիճակին մէջ չիյնալու համար, ղեկավարը բարոյական պարտք պէտք է համարէ չյաւերժանալ, իսկ լաւ է որ այդ բարոյական պարտքը նաեւ սահմանուի օրէնքներով, սահմանադրութեամբ, կանոնագրութիւններով: Ղեկավարը ոչ միայն առաջնորդող եւ հրահանգող պիտի ըլլայ, այլ առաքինի հսկող, ոչ իր դիրքի պաշտպանութեան համար, այլ անհատներու, անդամներու, քաղաքացիներու ընկերային, տնտեսական եւ բարոյական վիճակի բարելաւման:

            Ղեկավարը ինքզինք տեւաբար պէտք է տեսնէ միւսներու վիճակին մէջ, կարիքներու բաւարարումէն մինչեւ բարոյական խնդիրները: Երբ կազմակերպութեան մը անդամը ինքզինք կը համարէ ստորադասուած, անիրաւուած, շահագործուած, այդ կը նշանակէ որ տարբեր մոլորակներու վրայ կը գտնուին ղեկավարը եւ միւսը, ինչպէս ըսի, կազմակերպութեան անդամը, քաղաքացին, գործակիցը: Այս միւսը հասկնալու, զայն իր հաւասարը ընդունելու զգացական եւ իմաստուն վերաբերումը, իրաւ ղեկավարին յատկանիշն է, ինչ որ հաւաքականութիւնը կրնայ առաջնորդել յաջողութեան, առաջադրանքներու իրականացման: Իրաւ ղեկավարը ան է, որ կը յաջողի իր շրջապատին մէջ զարգացնել կարողութիւնները, չխափանել նորի որոնումը, երեւակայութիւնը, այդ բոլորը դարձնելու համար նպաստ հաւաքական կարիքներու բաւարարման, նպատակներու իրականացման: Ինչ որ մեզ կրկին կը բերէ հոն, ուր պէտք է զարգացնել հորիզոնական եղանակով մտածելու եւ գործելու ոճը:

            Ղեկավարը աչալուրջ եւ բծախնդիր բարոյական վերհասկող է, նախ իր անձին հանդէպ, ապա նաեւ իր գործակիցներուն եւ բոլոր անոնց՝ զորս կը յաւակնի առաջնորդել: Լսել, դատել, ուղղել՝ առանց առանց կացինի, որպէսզի աշխատանքը ըլլայ արդիւնաւոր՝ ճարտարարուեստական, առեւտրական, քաղաքական եւ պետական մարզերու մէջ:

            Այս առաքինութիւնն է ղեկավարման: Առաքինութիւն, ինչպէս յաճախ ըսած եմ, հռոմէական իմաստով, հոգիի ուժ, virtus:

            Այլ կարեւոր առաքինութեամբ մըն ալ օժտուած պէտք է ըլլայ ղեկավարը. գիտնալ ետ դարձ ընել, նոյնիսկ եթէ ան ցաւցնող պիտի ըլլայ, գիտնալ՝ որ իր դերին համար ինք այլեւս անատակ է, յոգնած է, ժամանակավրէպ է:  Եթէ այս առաքինութիւնը ունենայ ղեկավարը, իր միութեան, կազմակերպութեան եւ երկրին կը խնայէ բռնարարքները, ցնցումները, յեղափոխութիւնները, որոնց համար մարդիկ յաճախ սուղ կը վճարեն:

            Ի հարկէ, իրաւ ղեկավարումի առաջադրանքը պէտք է ըլլայ բարելաւումը, յաջողութիւնը, ճիշդ պահուն ճիշդ որոշում կայացնելու ուշիմութիւնը, առանց անտեսելու հաւաքականութիւնը, առանց յանցաւորի զգացում ներշնչելու միւսներուն, մանաւանդ զգացնելու, որ ղեկավարը ինք գիտէ եւ միւսները չեն գիտեր: Այս վերջին վերաբերումով կ’ունենանք առանց հետեւորդի ղեկավարներ:

ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի ՎԵՐՈՒՍՏ ՏՐՈՒԱԾ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՉԷ

            Ղեկավարութիւնը դասակարգ չէ, փակ շրջանակ չէ: Ան այն ուժականութեան աղբիւրն է, որ բոլոր միւսները պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ մասնակից կը դարձնէ հաւաքական գործին, Անհատական տեսութիւնները եւ տեսակէտները դարձնելով հաւաքական ապրում եւ աշխատանք:

            Վկայականներով զարդարուած կեղծ իմաստուն մը ըսաւ, որ ղեկավար ըլլալու համար ղեկավար ընտանիքի մէջ ծնած պէտք է ըլլալ: Իսկական նախնականութիւն: Բայց նման միտքի հաւատացողներ եւ հետեւորդներ ալ կրնան ըլլալ, ինչպէս Աստուածային իրւաունքով թագաւորները:

            Աշխարհը չենք կրնար փոխել, բայց կրնա՞նք ընել այնպէս, որ բազմաթիւ փորձութիւններէ անցած եւ միշտ սպառնալիքներու ենթակայ մեր ժողովուրդը եւ հաւաքականութիւնները բաց աչքերով դիտեն կացութիւնը, դիրքորոշուին, կազմակերպուին, մտածելով ապագայի մասին, տոկալու եւ տեւելու մասին:

            Այսինքն ղեկավարուին՝ հաւաքական գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ, ձգտելով անհատականէն անդին իրաւ հեղինակութեան նուաճման, քարիզմի, որուն մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը տեսնէ ինքզինք:

            Իտէալ՝ որուն պէտք է ձգտիլ: Տեւաբար կրկնելով որ անփոխարինելիութիւնը տխմարները զուարճացնող զաւեշտ է, որուն համար զուարճացողները օր մը սուղ կը վճարեն:

            Նախակրթարաններու մէջ իմաստասիրութիւն կ’ուսուցանեն մեծ դասախօսներ, որպէսզի նոր սերունդը մտածել սորվի, չըլլայ թութակ: Ի՞նչ պէտք է ընել որպէսզի զանգուածները նաեւ վարժուին թութակ չըլլալ, նաեւ հայ զանգուածները, Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, ինչպէս պիտի պատգամէր Վարդապետը, magisterը…

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՂԵԿԱՎԱՐԵԼ, ՂԵԿԱՎԱՐ, ՂԵԿԱՎԱՐՈՒՄ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ «ՊԵՏ»ԵՐ

  1. Աս յօդուածը շատ լաւ գաղափարներ ունի, վնաս չունի որ երկար է: Աս ամմէնէն, կարդացողը ի՞նչ հասկանալու է. խօսքը որո՞ւն կ’երթայ. գրողը միտքին մէջ մէկը ունի՞, թէ ոչ միայն կարդացողին միտքը շարժելու համար գրեր է: Քիչ մը անանկ զգացի, որ միտքին մէջ մեծ մասով Փաշինեանը կայ, եթէ ադպէս է, ինչո՞ւ յստակ չըսեր ըսելիք, իսկ եթէ ադպէս չէ, որո՞ւն մասին է ղեկավարի մասին այս «քարոզը», Դրամբի՞ն, Մագրոնի՞ն, Բուդինի՞ն կամ Եգիպտոսի նախագահին մասի՞ն է

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles