
Կեդրոնականցի Արմենակի այցելութիւններէն զրկուած ենք: Ստիպուած եմ զինք յիշելու համար մենախօսել: Վարակի դէմ անցագիր չունի:
Բայց յառաջդիմած ըլլալով, ելեկտրոնային նամակ կը գրէ, ի մէյլ…
Ահաւասիկ իր այսօր ղրկած նամակը:
*
Մակա՛ր,
Մեսրոպի հնարած նշանագրերուն մէջ Ֆ չկար: Այս պատճառով ալ մինչեւ հիմա կ’ըսենք փիլիսոփայ եւ չենք ըսեր ֆրանսացիին, անգլիացիին կամ արաբին պէս՝ ֆիլիզոֆ, ֆիլոզոֆըր կամ ֆէլիասուֆ:
Չեմ գիտեր ո՞ր դարուն, յունաբան կոչուած դպրոցի շրջանին, Ֆ տառը մուտք գործեց հայերէն այբուբենի մէջ, հաւանօրէն կարգ մը միջազգային համարուած բառերու գործածութիւնը դիւրացնելու, եւ մանաւանդ՝ արդիականանալու համար:
Ինչպէս հիմա, այդ օրերուն ալ ինքնութիւն դրժող արդիականացման մարմաջով տառապող խելապատիկի հիւանդներ ըլլալու էին:
Այս մասին մտածեցի, երբ արցախցի բժիշկ մը, զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ իր հայրը ֆութպոլ չ’ըսեր, կ’ըսէ՝ փութբոլ: Բնազդական հաւատարմութիւն մը՝ ինքնութիւն եւ տարբերութիւն պահելու:
Այն աստիճան մաքրակրօն չեմ, որ հրապարակ գամ փութբոլային հաւատարմութեամբ, նոյնիսկ եթէ ղարաբաղցիին օրինակը իր լեզուամշակութային արմատներուն կառչած մնալու բնազդը զիս կը յուզէ: Իր նմաններն են, որ լեզու, մշակոյթ, ինքնութիւն եւ հայրենիք պահած են եւ կը պահեն: Ազգի թթխմար են այդ մարդիկ: Մշակութային եւ քաղաքական փուչիկ չեն:
Ֆ տառին որդեգրումը կ’արդարացուի գործնականութեամբ եւ պատշաճեցումով: Միջնադարու հայ գիտուններու «բարեկարգում»ը չէր ենթադրեր հայերէնի բառագանձը ճոխացնել (հիմա կ’ըսեն՝ լեզուն կը յառաջդիմէ) բոլոր Ֆ տառով գրուող բառերը սանձարձակ կերպով ներածելով հայերէնի մէջ:
Այս չարակարգումը ցունամիի պէս տեղի կ’ունենայ այսօր, մասնաւորաբար՝ Հայաստան Այդ աշխատանքին լծուած են քաղաքական ազգի փրկիչ գործիչները, ճարտարագէտները, լրատուամիջոցները,- հեռատեսիլ, ձայնասփիւռ, ընկերային ցանցեր, մամուլ,- եւ ղարաբաղցի բժիշկի հօր նմանողութեամբ վերջին Մոհիկաններ չկան, որ ընդվզին: Միթէ՞ հայրենի իշխանութիւններուն պարտականութիւնը չէ՞ նաեւ պաշտպանել հայերէնի ինքնուրոյնութիւնը, որպէսզի ան չդառնայ հիբրիդ լեզու, խառնածին եւ խառնուրդ:
Հայաստանի քաղաքական գործիչներու, մամուլի, հեռատեսիլի, նոյնիսկ համեստ քաղաքացիներու խօսած հայերէնին մէջ մուտք գործած են ֆ տառով գրուող անհամար բառեր, որոնց հայերէնները կան, Լեզուի Տեսչութիւնը յորդորակներ կը ղրկէ, որ հայերէն չեղող բառերուն հայերէնները գործածուին: Բայց կեղծ արդիականութեան, աւելի ճիշդ գիտոսիկութեան, սոփեստութեան, ներողութիւն՝ սոֆիզմի եւ պետանտիզմի անհեթեթութիւնը, աբսուրդը, այնքան հզօր են, որ հայ լեզուաբանին յորդորակները բանի չեն ծառայեր:
Ի սէր Մեսրոպին, Նարեկացիին, Շնորհալիին, Թումանեանին, Աճառեանին, կարդացէ՛ք ֆ տառով կցուած հետեւեալ բառերը եւ ըսէ՛ք, թէ անոնց օրնիբուն կրկնութեամբ եւ գործածութեամբ ի՞նչ կ’ուզենք ցոյց տալ, ո՞ւր տանիլ հայերէնը եւ մեր ինքնութիւնը: Հարցումը ուղղեցէ՛ք բոլոր անոնց որոնք մեզ կը ղեկավարեն: Ահաւասիկ Ֆ բառերու փունջ մը, զոր կը գտնենք Հայաստան խօսուած եւ գրուած հայերէնին մէջ, բառեր՝ զորս լսած եմ, կարդացած եւ որպէս մազոխական՝ արտագրած..
ֆաթալիզմ, ֆակուլտատիվ, ֆայերներ, ֆամիլյար, ֆանատ, ֆանատիկ, ֆանտազիա, ֆանտաստիկ, ֆանֆարոն, ֆասադ, ֆավորիտ, ֆարս, ֆաքթ, ֆեդերացիա, ֆեյք (ֆաբրիկայի զոմբիներին), ֆեյքաքֆուրային (կանտորան, կարանտինի), ֆենոմեն, ֆերմենտ, ֆերմեր, ֆիասկո, ֆիդբեք, ֆիզանձ, ֆիզկուլտ, ֆիլտրված, ֆիկուր, ֆիկտիվ, ֆիկցիա, ֆիսկալ, ֆիտոգեն, ֆիքսել, ֆլեշմոբ, ֆլիրտ, ֆլորիստ, ֆյուրերիկ, ֆոն, ֆոնդ, ֆոտո, ֆոտոսեսիա, ֆորմալ, ֆորմատ, ֆորմուլա, ֆորսաժի ռեժիմ, ֆորսմաժորային, ֆունգցիա, ֆունդամենտալ, ֆունդամենտալիստներ, ֆունկցիա, ֆունկցիոնալ, ֆոպիա, ֆունկցիոնալության, ֆուռոռ, ֆուրոր, ֆոտոսեսիա, ֆուտուրիստական պերֆերմանս, ֆուտորոլոգ, ֆրեգատ, ֆրոնտ, ֆրուստրացվել…
Վստահ կրնաս ըլլալ, որ հայկական այբուբենի ճոխացման համար Ֆ տառը ընդունելով, հայ մատենագիրներու միտքէն չէր կրնար անցնիլ, որ անով հայերէնի աւերածութեան դուռ պիտի բանային:
Ի հարկէ, ղարաբաղցի բժիշկին հայրը այս բառերը չի գործածեր, եւ պիտի չըսէ փունկցիա, փրուստրացվել, փերմեր, փիքսել, փիասկո, փետերեցիա, փարս կամ փաքթ: Թէեւ այդ բառերը հայացած համարելու անհեթեթութիւնը ընդունիլ անկարելի չէ, վասն լեզուն կը յառաջդիմէի… (չ)յառաջդիմութեան:
Այս հարցը արծարծելով չեմ ուզեր փրուստրացնել լեզուի խոտորման ամէն գոյնի ասպետները:
Ժողովուրդ մը, որ տէր չ’ըլլար իր լեզուին, անոր դարպասները կը բանայ վայրագ ներխուժման առջեւ, տէր չըլլար նաեւ իր հողին, հայրենիքին, ինքնութեան: Այս վարակ է, պանդեմիա, որ ֆուրորով կամ ֆուռոռով կը տարածուի եւ օր մը հայերէնի նոր խիրուրկները զայն կոսմետիկ օպերացիաներով նորահայերէն պիտի դարձնեն:
Նահանջ եւ կապիտուլացիա միայն ռազմադաշտին վրայ չեն ըլլար, այլ ամէն օր, լքելով ինքնապաշտպանութիւնը ինքնութեան եւ արժանապատուութեան:
Ժողովուրդ մը ո՛չ ֆիկցիա է ո՛չ ֆիկտիվ, այդպէս կ’ըլլայ երբ կը կորսնցնէ ղարաբաղցի բժիշկին հօր բնազդական, հարազատ եւ անսեթեւեթ հպարտութիւնը:
Այդ հպարտութիւնը կը թաղուի Հայաստանի մէջ:
Ֆէյք հայերէն եւ ֆէյք հպարտութիւն:
Հպարտ բառը պաշտողներ կան: Կա՞ն:
Ո՞ր հպարտութիւնը: Ի՞նչ բանի հպարտութիւնը:
Ի՞նչ ընելու: Ո՞ւր հասնելու համար:
Այս նամակս ղրկէ՛ Հայաստանի գրոց-բրոց ծանօթներուդ:
Պանդեմիան երբ վերջանայ եւ սանիտարական արգելքները վերցուին, կրկին կը տեսնուինք:
Մակար ի Գաղիա, 28 Յուլիս 2021