Ձօն՝ Ս․Ն․Ա․Վ․-ի Ընտանիքէն Արուքեան Ընտանիքին

0 0
Read Time:8 Minute, 51 Second
Նեկտար եւ Հրաչ Արուքեաններուն հետ, Միսաք եւ Զարմինէ Պօղոսեան Ս․Ն․Ա․Վ․-ի տարեկան պարահանդէսէն յիշատակ մը։

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան

Սփրինկֆիլտ – Ֆիլատելֆիա

ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ (ՍՆԱՎ)-ի տնօրէնութեան տարիներուս ընթացքին Ապրիլ ամսուան համար աւանդական շաբաթ մը սկսած էի մեր աշակերտութեան, ծնողներուն, ուսուցչական կազմին, մանաւանդ՝ ոչ-հայ պաշտօնեաներուն համար, – ARMENIAN HERITAGE WEEK – ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ – անունին տակ- ձեւով մը սորվեցնելու, վերյիշել տալու թէ ո՞վ է հայը, ինչ տաղանդներ ունի, ինչ ներդրումներ կատարած է, ուր որ ալ հաստատուած է, պարտադրաբար թէ յօժար կամքով, քաղաքացի դարձած եւ ներդրում ունեցած է, թէ՛ իրենց համայնքէն ներս եւ թէ տուեալ երկրին վերելքին նպաստելով, իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեան ուղիով։

Ապրիլ 24-ի սգատօնին ընդառաջ, սուգ ու լացէն անդին մեր սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը պանծացնելու, վերապրողներուն յաջողութիւններու հասած ձգտումին հետ, անոնց պայքարի ոգիով աշակերտութեան հոգիները հպարտութեամբ լեցնելու փորձս էր․․․

Այսօր կը կեդրոնանամ Արուքեան ընտանիքին պատմութեան վրայ։ Մասնաւորաբար՝ շեշտելով Համեստ եւ Առատաձեռն Բարերար Հայորդիի մը՝ յանձինս ՀՐԱՉ ՍԱՄՈՒԷԼ ԱՐՈՒՔԵԱՆԻՆ  եւ նոյնքան համեստ սակայն կամաւոր լռելեան մեծ աշխատանքով օրը օրին հայ դպրոցին նպաստող՝ ՆԵԿՏԱՐ ԲԱՐՈՒՆԱԿԵԱՆ -ԱՐՈՒՔԵԱՆԻՆ – մօտէն ծանօթանալու այս համեստ եւ ազնուական ամոլին։

*  *  *   *

ԹԷ Ի՞ՆՉՊԷՍ «ԱՆՀԱՅՐԵՆԻՔ»  ՏՂԱՆ

ՍՏԱՑԱՒ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄ

“Stateless Person” to receive Degree

1915-ի Ցեղասպանութենէն իւրաքանչիւր վերապրող եւ վերապրողի զաւակ իր իւրայատուկ կենսագրութիւնը ունի – այլապէս շատ յաճախ կրկնուած  ՈԴԻՍԱԿԱՆ մը, այդ բառին ետին թաքնուած աննկարագրելիօրէն չարչարալից կեանքի մը անմոռանալի եւ անքօղարկելի տարբերակը։

Այո՛, թուականն էր՝  Յունիս 6, 1961։ Քաղա՞քը՝ Ֆիլատելֆիա, իսկ համալսարանը ուրկէ այս երիտասարդը – Հրաչ Սամուէլի Արուքեանը – Եթովպիոյ մայրաքաղաք Ատիս Ապապայէն յատկապէս ժամանած մօրը՝ Տիկին Տիգրանուհիին օրհնաբեր ներկայութեամբ, կ՛արժանանայ աւարտական վկայականին- Bachelor of Science from  Penn State University!

Հրաչը  որդին է 1896-ին Մարաշ ծնած Սամուէլ Արուքեանի եւ 1900-ին Ատանա ծնած Տիգրանուհի Պոյաճեանին։

Եթէ այդ երկու թուականներուն հետ ծննդավայրերուն անունները բան չեն ըսեր ձեզի, Կիլիկեան շրջանի քարտէսը եկէք մեր աչքին առաջ առնելով պահ մը երեւակայենք եւ սկսինք ճամբորդութիւնը Սամուէլ Արուքեան հայրիկին հետ մինչեւ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափին գտնուող Ֆիլատելֆիա քաղաքը, ուր Հրաչ յաջողութեամբ կը ստանայ իր համալսարանական վկայականը։

Իսկ Սամուէլ Հայրիկը իր նախնական ուսումը ստացած էր Մարաշի Գերմանական Որբանոցին մէջ։ Երբ 1911-ին 15 տարեկան կը դառնայ որբանոցի տարիքը անցած ըլլալուն կը յանձնուի գերմանացի ճարտարագէտի մը «խնամքին», փաստօրէն դառնալով անոր սպասաւորը, ձիուն ախոռը մաքրելէն, մինչեւ ուտեստեղէնի գնումները կատարողը։

1912-ին կը վերադառնայ  իր ծնողքին մօտ, օրապահիկներէն 30 թրքական ոսկի խնայելով։ Գումարին մէկ մասը ծնողքին յանձնելէ ետք, ինք կը վերադառնայ Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքը եւ 3 ոսկի վճարելով կ՛արձանագրուի Սէնթ Փօլ ամերիկեան գոլէճ։ Սակայն, կրթաթոշակին պակասը լրացնելու համար դարձեալ պէտք էր աշխատէր։ Իր տնօրէնին ձիուն խնամք տանելով կ՛ապահովէ պէտք եղած գումարը։  Իսկ յաջորդ ուսումնական տարուան կրթաթոշակը ապահովելու համար Տարսոնի հայ վարժարանէն ներս ուսուցչութեան կը սկսի – 1913-1914 տարեշրջանին։

Տարագիրի կեանքը կը սկսի 1914-15 թուականներէն սկսեալ։ Տարագրուած կարաւանին չարչարալից ճամբորդութիւնը կը շարունակուի օրական վեց ժամ քալելով, անօթի եւ ծարաւ, անցնելով Պաղչէ, Մարաշ, Այնթապ, Սուրուճ, Պիրեճիկ, եւ Ուրֆա քաղաքներէն։ Ականատես կը դառնայ ճամբու ընթացքին անօթութենէն հիւծած  հայրենակիցներուն մահուան, սպաննուողներուն, սիրուն աղջնակներուն առեւանգումին եւ փոքրիկ տղոց որպէս սպասաւոր վաճառքին։ Կը յաջողի ձեւով մը թաքուն հեռանալ մահուան առաջնորդող այդ կարաւանէն։

1916-1919-ին Քիւրտ ցեղախումբերու մէջ ապրելով դառն տարիներ անցնելէ ետք վերջնականապէս կը հեռանայ Կիլիկիոյ շրջանէն եւ Նոյեմբեր 15, 1921-ին կը հասնի Իզմիր։ Ուսումնատենչ հայրիկը վերստին ուսանող կը դառնայ 1918-1921-ին, ի վերջոյ կը տիրանայ վկայականին 1922-ի Յունիսին, աւարտելով Իզմիրի International Collegeի ծրագիրը։ Ապա կը հետեւի Պոլսոյ եւ Աթէնքի School of Releigion-դասընթացքներուն եւ 1925-ին շրջանաւարտ կ՛ըլլայ։  Իզմիրի հրկիզումի նախօրեակին Պոլիս կը հասնի, սակայն, հոն ալ քրիստոնեայ հայուն կեանքը անապահով դառնալով Ամերիկեան վարժարանը կը փոխադրուի Աթէնք, ուր 1924-ին, Անաթօլիա Գոլէճին մէջ Հայերէն եւ թուաբանութիւն դասաւանդելու կը սկսի։

1926-ին կ՛ամուսնանայ Տիգրանուհիին հետ։ Զանազան ուսուցչական պաշտօններ կը վարէ Սելանիկի Անաթօլիա Գօլէճի մէջ եւ յաջորդաբար Ֆրանսական Լիսէ, Հրէական «Ալչէխ» առեւտրական վարժարաններէն ներս։ 1930-32-ին իր ետին ձգելով երիտասարդ կինը Տիգրանուհին եւ առջինեկ մանչը՝ Վահէն,  Միացեալ Նահանգներ կը հասնի Գոլոմպիա Համալսարանի թուաբանութեան եւ Անգլերէնի դասընթացքներուն հետեւելու։ Ապա՝ վերադառնալով Յունաստան նոյն պաշտօնները կը վարէ։ Կը ճաշակէ Համաշխարհային Բ․  Պատերազմին բոլոր դառնութիւնները երբ Գերմանիան կը գրաւէ Յունաստանը,  հայր եւ Որդի Սամուէլն ու Վահէն կը ղրկուին գերմանական աշխատանքային Ճամբար», իսկ Տիկին Տիգրանուհին եւ Հրաչ որդին կ՛անցնին Աթէնք։ Վերջ ի վերջոյ, Պատերազմի աւարտին ընտանիքը կը միանայ 1945-ին։

Այդ օրերուն Եթովպիոյ մայրաքաղաք՝ Ատիս Ապապա հաստատուած  էր Սամուէլ Արուքեանի դասընկեր, ապագային յայտնի մտաւորական եւ հեղինակը The Turks Before the Court of History, Վահրամ Կէօքճեան, որուն առաջարկով, Սամուէլ Արուքեան հրաւէր կը ստանայ տնօրէնութեան պաշտօն ստանձնելու Ատիս Ապապայի Հայ դպրոցէն ներս։

Հոս, Արուքեան ընտանիքին կեանքի երրորդ շրջանը բաղդատաբար աւելի կայուն կը դառնայ, երբ տան հայրը տնօրէն կը նշանակուի դպրոցին, իսկ Տիկ․ Տիգրանուհին- որ սահուն կը տիրապետէր Հայերէն, Անգլերէն, Թրքերէն, Յունարէն եւ Ֆրանսերէն լեզուներու, ինք ալ նոյն դպրոցին մէջ կը դասաւանդէ Հայերէն լեզու եւ թուաբանութիւն։ Ատիս Ապապայի Հայ ընտանիքներուն բարեկեցիկ կեանքը մասամբ կը բուժէ այն բոլոր զրկանքներն ու դաժան կեանքը, որ Արուքեան ընտանիքը ապրած էր երկիրէ երկիր հայ գաղթականի վիճակով։ Այդ շրջանին Տիկ․ Տիգրանուհին ուսուցչութեան կողքին համայնքային գործօն աշխատանքով ալ օգտակար կը դառնայ Ատիս Ապապայի Հայ համայնքին։

Արուքեան ընտանիքին կեանքին չորրոդ շրջանը կը սկսի Լիբանանի հայահոծ շրջան՝ Այնճարէն, երբ Սամուէլ Հայրիկին առողջական վիճակին պարտադրանքով կը հաստատուին հոն։ Իսկ Այնճարէն վերջնականպէս Միացեալ Նահանգներ կը հասնին 1970-ին,  շնորհիւ Հրաչ որդիին ջանքերուն, ուր «ԱՆՀԱՅՐԵՆԻՔ» պիտակաւորուած երիտասարդ համալսարանական որդին կրցած էր տիրանալ ամերիկացի քաղաքացի ըլլալու իրաւունքին։

Հրաչին կեանքին ոդիսականն ալ նուազ տագնապալից չէր իր հօր կեանքէն։ Հօրը եւ եղբօրը գերմանական աշխատանքային Ճամբար»-էն վերադարձին Յունաստան քաղաքացիական պատերազմի մէջ ըլլալով ընտանիքը կը հասնի Եթովպիոյ մայրաքաղաք Ատիս Ապապա, իսկ Հրաչ կը մեկնի Կիպրոս եւ կը յաճախէ Կիպրոսի Ամերիկեան Ակադեմեա։ Աւարտին՝ երիտասարդ Հրաչ շնորհիւ իր նկարագրին եւ իմացական կարողութեան եւ ծանօթ դասախօսներէն մէկուն միջամտութեամբ գործի կ՛ընդունուի Ատիս Ապապայի ամերիկեան դեսպանատան մէջ, որպէս թարգմանիչ եւ հաշուապահ։

Այս փորձառութիւնը քաջութիւն կու տայ երիտասարդ եւ ուսումնատենչ երիտասարդին իր համալսարանական կրթութիւնը շարունակելու Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա քաղաքի Penn State Univerity–ի  մէջ։

Սակայն, քաղաքացիութիւն չունենալու հարցը կը ծագի հոս, երբ իր ուսանողական տարեշրջանը աւարտին կը մօտենայ եւ երկրէն դուրս վտարուելու ահազանգը կը հնչէ։ Հո՛ս է դարձեալ, որ Հայ երիտասարդին պարկեշտ ուսանող ըլլալը, բարձր առաքինութեան հետ իր աշխատասէր ու խելացի ըլլալը պատճառ կը դառնայ, որ թէ՛ համալսարանին տնօրէնութիւնը եւ թէ ուսուցիչները իրենց միջամտութիւններով դիմեն Փենսիլվանիոյ ծերակուտական Ժոզէֆ Ս․ Գլարքին, որ իր կարգին Միաց․ Նահանգներու Գօնկրէսին դիմելով յատուկ արտօնութեամբ Հրաչին Միաց․ Նահանգներ մնալու կեցութեան իրաւունքը հետապնդելու կը սկսի։

Շնորհիւ ծերակուտական Գլարքին յաջորդական հետապնդումներուն, յատուկ օրէնքով եւ Նախագահ Ճան Քենետիի ստորագրութեամբ կը վաւերացուի Հրաչին կեցութիւնը, եւ ապա հինգ տարի ետք օրինաւոր քաղաքացի ըլլալու իրաւունքը։

Ծերակուտականին Ծերակոյտին եւ Նախագահին յղած յատուկ դիմումնագրին մէջ յատկապէս կը նշուի թէ ինչո՞ւ Հրաչ քաղաքացիութիւն չունի-  որովհետեւ թէ հօր եւ թէ մօր հարազատները «Թրքական Ջարդերու պատճառով ոչնչացած են»։

Յաջորդաբար ընտանիքը ստիպողաբար Յունաստան հաստատուած է։ Հրաչ ծնած է Յունաստան, սակայն համաշխարհային Բ․ Պատերազմի ընթացքին հայրը եւ երէց եղբայրը Վահէն գերմանական բանտի մէջ անցուցած են, մինչեւ Եթովպիա հաստատուիլը, ուրկէ ծնողքը ստացած էր Հայ դպրոցի մէջ պաշտօնավարելու հրաւէրը եւ ճամբորդելու համար ժամանակաւոր փաստաթուղթեր։

Ծերակուտական Ժոզէֆ Ս․ Գլարքին թիւ (S. 273) դիմումնագիրը –Միաց․ Նահանգներու 86-րդ եւ 87-րդ ժողովներուն յատուկ համաձայնութեամբ վերջապէս վեց լեզուներու տիրապետած եւ համալսարանական վկայականի տիրացած Հրաչ Սամուէլի Արուքեանը, Սեպտեմբեր, 28, 1962-ին կ՛արժանանայ Նախագահ Քենետիին ստորագրութեամբ Միացեալ Նահանգներ օրինաւորապէս մնալու իրաւունքին։

*   *   *

Հրաչին կեանքը աւելիով կ՛իմաստաւորուի երբ իր կեանքի ճանապարհը ճակատագրի մէկ բարեբաստիկ տնօրինութեամբ կը միացնէ Օրդ․ Նեկտար Բարունակեանին, Մոնրէալի մէջ կայացած բոլորովին պատահական այցելութեան մը ընթացքին։

Նեկտարին Տարսոնցի Կէօվճէլեան մօր եւ Արաբկիրցի Բարունակեան հօր գերդաստանը Արուքեան ընտանիքին պէս, նոյնանման ճակատագրի ենթարկուած էին ցեղասպանութեան տարիներուն։

Նեկտարին մեծ հայրը երիտասարդ տարիներուն, ցեղասպանութեան տարիներէն շատ առաջ, Արաբկիրէն Միացեալ Նահանգներ երթալով գումար հաւաքած էր ընտանիքին օգտակար դառնալու։ Ան միաժամանակ օրին հեռատեսութիւնը ունեցած էր նաեւ կեանքի ապահովագրութիւն գնելու Նիւ Եորք Լայֆ Ապահովագրութեան գրասենեակէն։ Սակայն, ընտանիքին կարօտը զինք վերստին կը բերէ իր ծննդավայրը, ուր դժբախտ ճակատագիրը զինք կը սպասէր զոհ դառնալու ցեղասպանութեան։

Նեկտարին մեծ մայրը զոհուած ամուսնին յիշատակով, ինչ-ինչ պայմաններու տակ վերապրելով կրցած էր պահպանել ապահովագրութեան փաստաթուղթերը։ Պէյրութի որբանոցին մէջ ջանացած էր իր շուրջը որբեր հաւաքելով Հայերէն Այբուբեն սորվեցնել։ Ի վերջոյ իր որդիին (Նեկտարին Հօրը) եւ աղջկան հետ կը հասնին՝ Ատիս Ապապա, ապա տարիներ ետք ընտանիքը կը տեղափոխուի Մոնրէալ, ուր Հրաչ եւ Նեկտար կը ծանօթանան եւ օրինաւորապէս կ՛արժանան ծնողքին հաւանութեան։

Նիւ Եորքի մէջ կը կնքուի Հրաչ եւ Նեկտարի ամուսնութիւնը Նոյմբեր 11, 1979- ին։  Կը բախտաւորուին երկու հրաշալի դուստրերով՝ Արփի եւ Թալին, երկուքն ալ շրջանաւարտ՝ Ս․Ն․Ա․Վ․-էն։

*   *   *

Իմ ծանօթութիւնս Արուքեան ընտանիքին հետ Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանէն (Ս․Ն․Ա․Վ․) ներս սկսաւ 1987-ին վերամուտին։ Շնորհազարդ Մայր, Մեծ Մայր՝ Տիկին Տիգրանուհի Արուքեան, իր նոյնքան շնորհալի հարսին՝ Նեկտարին եւ իրենց սիրասուն դուստրեր՝ Արփիին եւ Թալինին հետ դարձան Ս․Ն․Ա․Վ․-ի ընտանիքի անդամները։

Հրաչը ընտանիքէն ներս իր գործով զբաղած անձն էր, որուն շատ քիչ առիթներով ներկայութիւնը վայելելու առիթներ ունեցած էի։ Յարգուած անձնաւորութիւն մըն է, եւ մանաւանդ՝ շատ առատաձեռն, որ ոչ միայն իր անձնական եկամուտէն ամէն տարի կը նպաստէր Ս․Ն․Ա․Վ․-ին, այլ նաեւ, իր «յաճախորդներէն», որոնց եկամուտի ֆինանսական տնօրինումը իրեն վստահուած էր, բաժին մը անպայման կը հասնէր Ս․Ն․Ա․Վ․-ին։ Այդպիսով, իւրաքանչիւր  դպրոցական տարեշրջանին Ս․Ն․Ա․Վ․ նպաստընկալն էր նուազագոյնը հինգ հազար ամերիկեան տոլար գումարի մը, վարժարանի կրթաթոշակի ֆոնտին աւելցնելու։

*   *   *   *   *

Այս օրերուն վերստին կը յիշենք Ապրիլեան եղեռնը, մեր կորուստներուն հետ կարգ մը հեռատես հայորդիներու ամերիկեան ապահովագրութեան ընկերութենէն ապահովագրութիւն գնած ըլլալը։ Որոնց զուգահեռ կը կարդանք նաեւ թէ ինչպէս դահիճ Թալաաթ Միացեալ Նահանգներու օրուան հիւպատոս Հանրի Մօրկընթաուէն  խնդրած էր, որ բոլոր այդ ապահովագրութեան գումարները թուրք կառավարութեան կը պատկանին, որովհետեւ ա՛լ պահանջատէր չէր մնացած․․․․

Մեր հայաշունչ իրաւաբաններէն Տիար Վարդգէս Եղիայեանին մղձաւանջը կը դառնայ Թալաաթին ամերիկայի դեսպանէն այս պահանջը։ Կը ձեռնարկէ  Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայերուն իրաւունքը հետապնդել եւ վերակենդանացնել երկու այլ իրաւաբաններու հետ։ Արդէն լրատուամիջոցներէն ծանօթ ենք,թէ ինչպէս անոնք յաջողեցան գումարներ վերակենդանացնել։

Անոնց շարքին էր նաեւ Նեկտարին Բարունակեան մեծ հօր իրաւունքը ․․․ որուն փաստաթուղթերը երկրէ երկիր հասած էին մինչեւ Ատիս Ապապա եւ ապա Մոնթրէալ-Գանատա, ուր Մոնթրէալ ապրող Նեկտարին քրոջ մէկ կողմ դրուած նկուղի սնտուկներուն մէջ կը քնանային։

Փաստերը իրար քով բերելով, բաւական երկար ընթացքէ ետք Նեկտար եւ իր քոյրերը կը ստանան իրենց մեծ հօր ապահովագրութենէն ժառանգ մնացած իրաւունքը։ Նեկտար եւ Հրաչ Արուքեան ամոլը կ՛որոշեն իրենց բաժին գումարը նուիրել Երեւանի-Զէյթուն շրջանի որբանոցին ի յիշատակ Պերճուհի եւ Եղիշէ Բարունակեան մեծ հօր եւ 1915-ի օրերէն որբացած հայորդիներուն։

Արուքեան ընտանիքին առատաձեռնութիւնը եւ բարեսիրական գործունէութիւնը հոս չէ որ կ՛աւարտի։ Տասնամեակներէ ի վեր Նեկտար անդամ է Ս․Ն․Ա․Վ․-ի Բարեկամներու Հանգանակութեան Յանձնախումբին, իր կամաւոր աշխատանքով կը շարունակէ նպաստել Հայ դպրոցին, իր դուստրերուն շրջանաւարտ ըլլալէն ետք ալ։ Արուքեան երէց դուստրը, վարժարանէն շրջանաւարտ Արփին,, վարժարանին հոգաբարձական կազմին անդամ է։

Իսկ Հրաչ Արուքեա՞նը։ Այո՛, ան լռելեան վարժարանին այն առատաձեռն նուիրատուն է, որ բացարձակ չընդունիր ոեւէ գովաբանութիւն, բարձրագոչ յայտարարութիւն կամ թմբկահարում- ճի՛շդ ու ճիշդ Տիգրանուհի Մամային Ս․ գրային դաստիարակութեամբ մեծցած հարազատ զաւակը, որուն աջ ձեռքէն ելածը ձախ ձեռքը լուր չունենար։

Սակայն Ս.Ն.Ա.Վ.-ի ընտանիքը անհուն երախտագիտութեամբ գիտէ՛ թէ ո՞վ է համեստ, անշշուկ, բացառիկ առատաձեռն իր բարերարը՝

ՍԱՄՈՒԷԼ ԵՒ ՏԻԳՐԱՆՈՒՀԻ ԱՐՈՒՔԵԱՆԻ  ՈՐԴԻ՝  ՀՐԱՉԸ։

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
100 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles