
ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Հ. փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ Դեկտեմբեր 3-ի առաւօտեան, ձիւն կը տեղայ յատկապէս լեռնային շրջաններէն ներս:
Անվտանգ երթեւեկութիւնը ապահովելու նպատակով՝ ճանապարհաշինարարները կը կատարեն ճամբաներու աղով, աւազով մշակման եւ մաքրման աշխատանքներ:
Արկածներէ եւ պատահարներէ խուսափելու նպատակով՝ Հ.Հ. փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարարութիւնը վարորդներուն խորհուրդ կու տայ երթեւեկել բացառապէս ձմեռնային անիւներով:
Ձիւնածածկ շրջաններն են՝ Թալին, Մարալիկ, Արթիկ, Գիւմրի, Աշոցք, Աշտարակ, Ապարան, Արագած, Սպիտակ, Ստեփանաւան, Լոռի, Թումանեան, Տաշիր, Աբովեան, Հրազդան, Սեւան, Գաւառ, Մարտունի, Եղէգնաձոր, ինչպէս նաեւ՝ Վարդենեաց լեռնանցք, Դիլիջան, Իջեւան, Նոյեմբերեան եւ Տաւուշ: