ԳլխաւորԼրահոս

Ձեռնարկ՝ Ի Յիշատակ Ալըն Յովհաննէսի

ԱՐԼԻՆԿԹԸՆ (Մասաչուսէց).-  Կիրակի, Հոկտեմբեր 19-ին, տեղւոյն Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը՝ համագործակցութեամբ «Ամարաս»-ի եւ Հայկական Ուսումնասիրութիւններու եւ Հետազօտութիւններու Միութեան (NAASR), տեղի ունեցաւ յիշատակելի ձեռնարկ մը՝ նուիրուած 20-րդ դարու երաժշտական հանճար Ալըն Յովհաննէսի (1911–2000) ժառանգութեան։

Այս առթիւ, Յովհաննէսի կողակից Հինաքօ Ֆուճիհարա-Յովհաննէսի զաւակը՝ Ուիլիըմ Հոլսթ (այս առթիւ, յատուկ ժամանած Սիէթըլէն), ներկայացուց վերջերս լոյս տեսած «Բացայայտելով 20-րդ դարու մեծագոյն երաժշտագէտներէն մէկը» հրատարակութիւնը։ Այս սրտառուչ կենսագրութիւնը ընթերցողին կը ներկայացնէ Յովհաննէսի կեանքն ու ներաշխարհը։

Մարուին Ռոզըն՝ դաշնակահար, դաստիարակ եւ երաժշտաբան, տեսերզով փոխանցեց հիմնական խօսքը՝ ներկայացնելով իր խոր գնահատանքը Յովհաննէսի դաշնամուրային գործերուն հանդէպ։

Նաեւ, կատարուեցաւ համերգ, որու ընթացքին հնչեցին Յովհաննէսի գործերէն, ինչպէս նաեւ Նիքոլա Ռատանի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն՝ մասնակցութեամբ երգչուհի Տանիելա Թոզիչի եւ Սիլվի Զաքարեանի (մարիմպա):

Դաշնակահար Կարինէ Պաղտասարեան ներկայացուց Յովհաննէսի դաշնամուրային գործերէն ընտրանի մը՝ յատուկ պատրաստուած այս առթիւ։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button