Լրահոս

ՁԵՌ­ՆԱՐԿ ՆՈՒԻՐ­ՈՒԱԾ ՍՕՍ ՍԱՐԳՍ­ԵԱ­ՆԻՆ

 p7 sos nj

Նո­յեմ­բեր 10-ին, Նիւ Ճըրզիի “Հա­մազ­գա­յին“ը կազ­մա­կեր­պեց ձեռ­նարկ մը, ի յի­շա­տակ Սօս Սարգս­եա­նի: Առա­ջին հեր­թին, տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգստ­եան պաշ­տօն, Սուրբ Վար­դա­նանց եկե­ղեց­ւոյ մէջ, ապա Կա­րի­նէ Քո­չար­եան ներ­կա­յա­ցուց Սօս Սարգս­եա­նը` իբ­րեւ ար­ուես­տա­գէտ, որ ստեղ­ծած է հա­յու կեն­սա­պա­տում եւ մար­դու կեն­սա­պա­տում: Քո­չար­եան յայտ­նեց թէ ան դար­ձած է հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քի մաս­նա­կից` իր բո­լոր հո­գե­րով եւ պայ­քար­նե­րով: “Սօս Սարգս­եան կը ներ­կա­յաց­նէ այն ար­ժէք­նե­րը, որոնք մար­դը` մարդ կը պա­հեն, հայն ալ` հայ: Անոր ժա­պա­ւէն­նե­րով բաց­ուե­ցաւ ոչ միայն ֆիլ­մաշ­խար­հի նոր էջ, այ­լեւ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան ճա­նաչ­ման նոր էջ` հասկ­նա­լով հո­ղի խոր­հուր­դը“, ըսաւ Քո­չար­եան, որ Սարգս­եա­նի հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան մա­սին խօ­սե­լով, յայտ­նեց թէ ան պա­հան­ջա­տէր էր: Ղա­րա­բաղ­եան շար­ժու­մին ըն­թաց­քին ան մնաց պատ­նէ­շի վրայ: Մեծ գոր­ծու­նէ­ու­թիւն ծա­ւա­լեց երկ­րա­շար­ժին ժա­մա­նակ: Տար­բեր եր­կիր­նե­րէ օժան­դա­կու­թիւն­ներ իր անու­նով կը հաս­նէ­ին Հա­յաս­տան:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button