Հ.Օ.Մ.-ի Վեցերորդ Միջազգային Նաւապտոյտը Կը Հասնի իր Աւարտին

0 0
Read Time:1 Minute, 27 Second

Հ.Օ.Մ.-ի վեցերորդ նաւապտոյտը, որ կ՛ընդգրկէր Հիւսիսային Եւրոպայի տարբեր երկիրներ եւ Ռուսաստան, սկիզբ առաւ Յուլիս 22-ին, Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմէն։ 280 մասնակիցներ երկու շաբթուան ընթացքին այցելեցին եօթ երկիրներ։
Նաւագնացութեան առաջին օրը, ճամբորդները առիթը ունեցան հանդիպելու Շուէտի միաւորի Հ.Օ.Մ.-ուհիներուն, որոնք յատուկ շրջագայութիւն մը կազմակերպած էին դէպի Թագաւորական Պալատ, հայկական եկեղեցի եւ Հայ Կեդրոնը։ Մասնակից անդամներն ու ճամբորդները ծանօթացան իրարու փոխանակելով իրենց գաղութներուն առօրեայ լուրերն ու աշխատանքները։
Ապա, նաւապտոյտը շարունակուեցաւ Սթոքհոլմէն դէպի Ֆինլանտա, նաեւ Սէնթ Փիթըրզպըրկ։ Մասնակցողները, երեք օրերու ընթացքին, շրջեցան այս գեղեցիկ քաղաքէն ներս, այցելելով պալատներ, տաճառները ու թանգարաններ։ Այցելեցին նաեւ հայոց Սուրբ Կատարինէ եկեղեցին, ուր, Արք, Երաս Ներսէսեանի խնդրանքով, երգուեցաւ Կոմիտասի ՛՛Հորովել՛՛-ը։
Նաւապտոյտին ընթացքին Հ.Օ.Մ.-ի կողմէ կազմակերպուած էին զանազան ձեռնարկներ եւ ելոյթներ: Հայկանան խրախճանքներուն ընթացքին Էլի Պերպերեաի եւ իր նուագախումբը, առանց դադարի խանդավառ պահեց իր ունկնդիրները իր ներկայացուցած երաժշտութեան որակով եւ այլազանութեամբ։ Միաժամանակ, Հ.Օ.Մ.-ի Օրուայ առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Սօնիա Աքէլեան հանդիսականներուն ներկայացուց Հայ Օգնութեան Միութեան գործունէութիւնն ու աշխատանքները, որմէ ետք ներկաներուն առիթը տրուեցաւ իրար ծանօթացման ու ապագայ ծրագիրներու հաղորդակցութեան եւ համադրման։ Շրջագայութիւններու ընթացքին, մասնակիցները առիթը ունեցան այցելելու Էսթոնիա, Լաթվիա, Լիթուանիա եւ ապանաւապտոյտը հասաւ իր աւարտին Դանիոյ մայրաքաղաք՝ Քոփէնհակընի մէջ:
Հ.Օ.Մ.-ի վեցերորդ Միջազգային նաւապտոյտին աւարտին՝ մասնակիցները, ցրուելէ առաջ, արդէն կ՚ուզէին իմանալ յաջորդ նաւապտոյտին թուականը։ «Երախտապարտ ենք բոլո՛ր անոնց, որոնք իրենց ամառնային արձակուրդը որոշեցին անցնել Հ.Օ.Մ.-ի հետ» ըսաւ նախկին Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Նաւապտոյտի Յանձնախումբի ատենապետուհի Շաքէ Պասմաճեան։ «Իրենց մասնակցութեամբ, կարելի եղաւ զօրավիգ կանգնիլ իրենց սիրեցեալ Միութեան եւ միաժամանակ անմոռնալի յիշատակներ ստեղծել» աւելցուց Պասմաճեան։
Յաջորդ Նաւապտոյտի մանրամասնութիւնները շուտով կը հաղորդուին հանրութեան։ Տեղեակ ըլլալու համար՝ բաժանորդագրուեցէ՛ք Հ.Օ.Մ.-ի Լրատուին.-http://ars1910.org/newsletter-sign-up/.

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles