ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔ՝ Ի ՆՊԱՍՏ Հ.Օ.Մ.-Ի «ՍՕՍԷ» ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 13 Second

Angel Manoogian presents donations
Attendees enjoying the conservatory

 

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն նպատակն էր դրամահաւաք կատարել Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզին համար:
Հաւաքը տեղի ունեցաւ, Վըրճինիա Տէյվիսի Մանհաթընի բնակարանէն ներս, հարիւրի շուրջ ներկաներու մասնակցութեամբ:
Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք եկած էին իրենց օժանդակութիւնը բերելու, այս կարեւոր գործին: Դրամահաւաքի յանձնախումբի անունով նաեւ, խօսք առաւ Անժէլ Մանուկեան, որ յայտնեց թէ Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանը միշտ ալ բեղուն գործունէութիւն ցուցաբերած է, նմանօրինակ գործունէութիւններու առնչութեամբ:
Dennis Tarzian & Angel Manoogian review projectFund Raising Chairwoman Angele Manoogian & UN Ambassador Zohrab Mnatsakanyan
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի դեսպան Զոհրապ Մնացականեան, իր կարգին խօսք առնելով, յայտնեց թէ այս կատարուած աշխատանքը սուրբ է եւ թէ մանկապարտէզը պիտի ունենայ արդիական սարքաւորումներով շէնք մը, ուր ազատ Արցախի մէջ ապրող մանուկները պիտի ստանան որակաւոր եւ բարձր մակարդակի ուսում:
Այս հաւաքին ներկաներէն եւ դրամահաւաքի մասնակցողներէն մէկը՝ Տենիս Թերզեան, ցուցադրեց այս մանկապարտէզի լուսանկարները: Ան անձնապէս այցելած էր եւ գեր-ոգեւորուած, շարունակ հետեւած էր աշխատանքներուն: UN Ambassador Zohrab Mnatsakanyan discusses Nagarno KarabaghTalin Daghlian welcomes attendees
Մանկապարտէզի շէնքը պէտք ունէր լայնածաւալ վերանորոգումներու եւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշած էր ամբողջովին վերակառուցել շէնքը: Այսպիսով, Արցախի ազատագրման պայքարին զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներուն համար Ա
պրիլ 1998-ին հիմնուած մանկապարտէզը, քանդուեցաւ, որպէսզի հիմը դրուի արդիական կառոյցի մը:
Եռայարկ շէնքը, որուն յատակագիծը ունի գրեթէ 6 հազար քառակուսի ոտք տարածութիւն, պիտի ծառայէ 3-էն 6 տարեկան 130 աշակերտներու: Երկրորդ յարկը պիտի տրամադրուի աւելի մեծ տարիքով աշակերտներու արտադպրոցական ծրագիրներուն: Այս նորակառոյց շէնքը նաեւ պիտի ունենայ արհեստագիտական (համացանց, նեթուըրքինկ) սարքաւորումներ:
Հաւաքի աւարտին, դրամահաւաքի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անժէլ Մանուկեան փոխանցեց նուիրատուներու ցանկը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles