Լրահոս
Հ.Օ.Մ.-Ի ՊՈՍԹԸՆԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿՆԵՐԸ Կ՛ԱՆՈՒԱՆՈՒԻՆ ՏԱՆԸԼԻ ՊՈՒՃԻՔԵԱՆ ԵՒ ՄԱՆՈՒՇԱԿ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի անդամներուն եւ Կեդրոնական գրասենեակի անձնակազմին ներկայութեամբ, Յունիս 9, 2013-ին տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Պոսթընի Վարիչ-տնօրէնի գրասենեակի անուանակոչումը:
Առ ի շնորհակալութիւն Տէր եւ Տիկ. Մանաս եւ Տանըլի Պուճիքեաններու սրտաբուխ նուիրատուութեան, գրասենեակը անուանուեցաւ ընկերուհի Տանըլի Պուճիքեանի անունով:

