
«Արցախն է մեզ կանչում» կոչով, Հայ Օգնութեան Միութեան Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնճիւղը նախաձեռնեց նուիրահաւաք՝ ի նպաստ Արցախին:
Կարճ ժամանակամիջոցին, արդէն իսկ տոմսերը սպառած էին: Մասնաճիւղի ընկերուհիները ժրաջան մեղուներու նման աշխատեցան եւ վերջապէս, Շաբաթ, Մայիս 21, 2016-ի երեկոյեան Րիճֆիլտի հայ կեդրոնը պատրաստ էր հիւրընկալելու հոծ բազմութիւնը: Սրահը լրիւ լեցուն էր, սեղանները ճոխ, ներկաները բարձր տրամադրուած:

Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկերուհի Անի Քէշիշեան վարեց կարճ յայտագիրը ու ապա նուիրահաւաքը: Ազգային եւ Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգներէն ետք, Հ.Օ.Մ.-ի մասնաճիւղին խօսքը փոխանցեց Փօլին Տոսթումեան, որ անդրադառնալով Արցախի Ապրիլեան ճգնաժամին, բարձր գնահատեց Հայ Զինուորի նուիրումը եւ յոտնկայս լռութեամբ հրաւիրեց ներկաները յարգելու մեր անմահացած հերոսներու յիշատակը: Ան շեշտեց որ մեր ժողովուրդի համախմբուածութիւնը, հայրենասիրութիւնը, կամաւորներու նուիրումը, սգակիր մայրերու քաջութիւնը կարելի չէ դրամով գնել. սակայն՝ ԿԱՐԵԼԻ է Նիւ Ճըրզիի հեռաւոր ափերէն նիւթական գումարներ գոյացնել՝ իրականացնելու համար կենսական ծրագիրներ Արցախի համար: Ընկերուհի Փօլին եզրափակեց «Եթէ չենք կրնար գտնուիլ առաջնագիծ, առնուազն եկէք կանգնինք թիկունքին: Այսօր կոչ կ’ուղղենք բոլորին անխտիր, առատաձեռն ըլլանք մեր նուիրատուութիւններով, որպէսզի մեր հայրենիքի սահմանները մնան ԱՄՈՒՐ եւ մեր հայրենի ժողովուրդը ԱՊԱՀՈՎ : Քաջ գիտակցինք, որ մեր հերոս նահատակներու արիւնն է որ գծած է մեր հայրենիքի սահմանները. մենք «տարածքներ» չունինք յանձնելու, մենք հայրենիք ունինք պաշտպանելու. Միասնաբար, մեր ժողովուրդին հետ, հայրենիքի համար՝ զօրավիգ կանգնինք Արցախին»:
Ապա յաջորդաբար խօսք առին Հ.Յ.Դ. «Դրօ» կոմիտէի կողմէ Յակոբ Մելքոնեան եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Յովնան Քհնյ. Պօզոյեան:



Հիւր բանախօսն էր Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետուհի՝ Նայիրի Տէրտէրեան, որ մանրամասն ներկայացուց Արցախի Ապրիլեան ճգնաժամի ուղղութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ ցարդ կատարուած աշխատանքները եւ նիւթական յատկացումները: Տէրտէրեան
անդրադարձաւ նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի ընթացիկ ծրագիրներուն որոնք համադրուած են Արցախի Հանրապետութեան հետ եւ որոնք կը ներառեն տեղահանուած ընտանիքներու հոգատարութիւն, զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու օժանդակութիւն, երեխաներու կրթական նպաստներ, վիրաւորներու օժանդակութիւն եւ աւերուած գիւղերու վերակառուցում: Ընկերուհին նաեւ պատրաստած էր սահիկներու գեղեցիկ համադրում մը որոնք նուիրահաւաքի լրիւ տեւողութեան անդադար ցուցադրուեցան հսկայ պատին վրայ, բեմի կողքին: Այս լուսանկարներու համադրումը, թէպէտ լռելեան՝ ազդեցիկօրէն խօսուն էին, ներկաներուն շարունակաբար շեշտելով օրուայ պատգամը:
Գառնիկ Սարգիսեանի անզուգական մեկնաբանութեամբ՝ հայ ազգային յեղափոխական երգերով թնդաց հայ կեդրոնի սրահը, խրախուսելով նամանաւանդ երիտասրդութիւնը որոնք Արցախի դրօշները ծածանեցնելով կը շրջէին սրահին մէջ:
Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Անի Քէշիշեան հոյակապ կերպով վարեց նուիրահաւաքը, դրուագներով, գնահատականներով եւ իր ժպտուն դէմքով խանդավառեց մթնոլորտը:
Գառնիկ Սարգիսեանի, Անի Քէշիշեանի եւ Նայիրի Տէրտէրեանի խմբային աշխատանքով եւ գեղեցիկ համադրումով՝ նուիրատուութիւնները եղան ինքնաբուխ:
Ուրախ ենք յայտարարելու որ 330 ներկաներով, կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին Արցախի համար կազմակերպուած այս նուիրահաւաքի երեկոյթը, կարողացաւ գոյացնել 35 հազար տոլար որ Հ.Օ.Մ.-ի կառոյցին միջոցաւ հարիւր տոկոսով կը փոխանցուի Արցախ:
Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն վարձքը կատար, ընկ. Գառնիկի ձայնը անսպառ, շնորհակալութիւն ընկհ Նայիրի Տէրտէրեանի եւ խորին շնորհակալութիւն բոլոր ներկաներուն իրենց մասնակցութեան եւ առատաձեռն նուիրատուութեան:
Խաղաղութիւն Արցախ աշխարհին:
Հ.Օ.Մ.-ուհի
Մայիս 25, 2016