

Նիւ Եորքի Հայ Օգնութեան Միութեան «Մայր» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 2, 2022-ին Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ ի պատիւ ընկերուհի Անայիս Չոլաքեանի՝ գնահատելու երկար տարիներու անխոնջ ծառայութիւնը, հաւատարիմ իր ուխտին Հայ Օգնութեան Միութեան շարքերէն ներս:
Ներկայ էին Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան՝ հոգեւոր հովիւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ, Երէցկին Էօժէն Լագիսեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութենէն ներկայացուցիչներ, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Շրջանային Վարչութեան փոխ ատենապետուհի Թալին Տաղլեան, ՄԱԿի կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովի նախագահ Հուրի Կէօտելեքեան, հիւրեր եւ Հ.Օ.Մ.-ուհիներ:
Ատենապետուհի Մարիա Եփրեմեան բացման խօսքը կատարեց հայերէնով: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց ընկհ. Անայիս Չոլաքեանը իր երկար տարիներու ծառայութեան եւ նուիրումին համար Հ.Օ.Մ.-ի շարքերէն ներս:
Ապա հրաւիրեց փոխ ատենապետուհի եւ ատենադպրուհի Թալին Նիկտէլեանը, որ անգլերէն իր սրտի խօսքով արտայայտեց իր տպաւորութիւնները ընկհ. Անայիսի մասին: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Անահիտ Զաքարեանը երգելու Հայաստանի, Ամերիկայի եւ Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգները՝ պաշտօնական բացումը կատարելու ճաշկերոյթին:
Ճաշկերոյթը սկսաւ մէկ վայրկեան լռութենէ ետք, ի յարգանք նահատակներուն եւ Տէր Հօր օրհնութեամբ։ Ներկաները վայելեցին Անահիտ Գրիչեանի սպասարկած համեղ ճաշերը եւ ունկնդրեցին գեղեցիկ հայկական երաժշտութիւն DJ Շանթի կողմէ: Յայտագրի երկրորդ բաժինին Հ.Օ.Մ.-ի խօսքը ներկայացնելու հրաւիրուեցաւ Ա.Մ.Ն. Շրջանային Վարչութեան փոխ ատենապետուհի Թալին Տաղլեան: Սոփրանօ երգչուհի Անահիտ Զաքարեան հրամցուց երկու գեղեցիկ երգեր, խանդավառելով ներկաները։
«Մայր» մասնաճիւղէն Մինա Յովսէփեան եւ Մարիա Եփրեմեան կարդացին Անայիս Չոլաքեանի կենսագրութիւնը: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Չոլաքեան ստանալու իր պարգեւատրումը, որ Թալին Տաղլեան յանձնեց «Մայր» մասնաճիւղի կողմէ:
Հուրի Կէօտելեքեան իր սրտի խօսքը յայտնեց իր մօր՝ Անայիսին մասին: Իսկ թոռնիկը՝ Դաւիթ Կէօտէլէքեան, շնորհաւորեց զինք եւ գեղեցիկ արտայայտութամբ իր սրտի խօսքն ու զգացումները հաղորդեց:
Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան գնահատեց Անայիս Չոլաքեանի երկար տարիներու աշխատանքը զանազան մարզերու մէջ, ըլլայ Հ.Օ.Մ., Համազգային, Սբ. Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ Վարժարան եւ Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի: Ան արժեւորեց Անայիս Չոլաքեանը իբր հոգատար մայր, ազգասէր, աշխատասէր եւ հաւատարիմ Հ.Օ.Մ.-ուհի:
Յայտագրի աւարտին, ընկհ. Անայիս իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Տէր Հօր եւ երէցկնոջ, որ գեղեցկօրէն զարդարած էր սրահը։ Նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց Երուանդ Գասպարեանին իր կամաւոր օգնութեան համար, եւ Հ.Օ.Մ.-ի Նիւ Եորքի «Մայր» մասնաճիւղի վարչութեան եւ յանձնախումբին այս գեղեցիկ ճաշկերոյթին համար:Աւարտին, կարկանդակ ու պտուղ հրամցուեցաւ եւ վիճակահանութեան թիւերը քաշուեցան։ Շահողները անհատներու եւ Հ.Օ.Մ.-ուհիու կողմէ նուիրուած գեղեցիկ նուէրներ ստացան։ Ներկաները մեկնեցան սրահէն մեծ ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ:
Սօսի Նիկտէլեան