
ԵՐԵՒԱՆ.- Հոկտեմբեր 4-ին, կատարուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան 71-րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովին բացումը, որուն կը մասնակցին միութեան 25 երկիրներէ ընտրուած պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ հիւրեր եւ դէտեր:
Ժողովի բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Տապըլ Թրի պայ Հիլթըն» պանդոկին մէջ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան, Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Ժենիկ Պարսամեան:

Հայաստանի Հանրապետութիւն սփիւռքի նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Հայ օգնութեան միութեան համահայկական 71-րդ պատգամաւորական ժողովի մասնակիցները: Ուրախալի է, որ կառոյցի անդրանիկ պատգամաւորական ժողովէն 100 տարի ետք` խորհրդանշական այս տարուան ընթացքին կը համախմբուիք Մայր հայրենիքի մէջ` գնահատելու վերջին 4 տարիներու կառոյցի Կեդրոնական վարչութեան բեղմնաւոր աշխատանքը եւ նախանշելու հետագայ կատարուելիք աշխատանքները»:
Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման նպաստելուն եւ Հայ օգնութեան միութեան մէջ երկարամեայ ազգանուէր գործունէութեան համար Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանը պարգեւատրեց նախարարութեան պատուոյ գիրով:

Կարեւոր նկատելով Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացումը` հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան մէջ մշակութային, կրթական, ընկերային, առողջապահական եւ քարոզչական ծրագիրներու իրականացումը, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Հ.Օ.Մ.-ի միջեւ կնքուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր:
Հանդիսութեան ընթացքին Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր «Արարատ» մրցանակը շնորհեց Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էլենի Թէոխարուսին` Արցախի հերոսամարտի տարիներուն իր մարդասիրական եւ բժշկական օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանը յուզող հարցերու բարձրացման, Արցախի ժողովուրդի արդար պահանջները եւրոպական ատեաններուն մէջ ներկայացնելուն եւ պաշտպանելուն համար: