Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան Կոչը՝ ի Տես «Նոր Գիւղ»ի  Հակահայ Յարձակումներուն

0 0
Read Time:49 Second

 

aa2

 

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Հալէպի եւ յատկապէս հայաբնակ Նոր Գիւղ շրջանի օր ըստ օրէ սաստկացող ու անմարդկային տարողութեան հասած ահաբեկող ռմբահարումները: Քեսապի հայաթափումին յաջորդած այս ակներեւօրէն հակահայ գործողութիւններուն որպէս հետեւանք, արձագանգուած են մարդկային զոհեր, քանդուած կամ լուրջ վնասներ կրած են Նոր Գիւղի հայկական կառոյցները՝  վարժարաններ, Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիները, միութենական կալուածներ, գործատեղիներ ու բնակարաններ: Մեծ թիւով ընտանիքներ դարձած են տնազուրկ: Կրկին անգամ վնասուած է Ս.Օ.Խ.-ի ազգային պատսպարանի շէնքը ու նաեւ շրջանի բնակչութեան առողջապահական ծառայութիւն մատուցող միակ դարմանատունը՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնը:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը, թիկունք կը կանգնի Նոր Գիւղի մեր աղէտեալ հայրենակիցներուն, ակնկալելով համահայկական աջակցութիւն՝ ներառեալ հայրենի եւ սփիւռքեան քաղաքական ու դիւանագիտական մեր բոլոր ուժերէն:

Կոչ կ՛ուղղենք Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, միջազգային քաղաքական թէ՛ ոչ-կառավարական մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալող բոլո՛ր կողմերուն, անմիջապէս հարկ եղած քայլերը առնելու վերջ դնելու համար թրքական մտայղացումով ու թելադրանքով կատարուած հակահայ ու անմարդկային յարձակումներուն:

 

Հայ Օգնութեան Միութեան

Կեդրոնական վարչութիւն

 

Յունիս 5, 2014

Պոսթըն

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles