Հ.Օ.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒՀԻ ՎԻԳԻ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

0 0
Read Time:5 Minute, 34 Second

Ձախէն աջ՝ Մ.Ա.Կ.ի մօտ Հ.Հ. դեսպան տէր եւ տիկին Կարէն Նազարեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հ.Օ.Մ.ի Կ. Վ. ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան, Ուաշինկթընի մօտ Հ.Հ. դեսպան տիար Թաթուլ Մարգարեան
Ստորեւ, յապաւումով, կը ներկայացնենք մաս մը, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանի խօսքէն.-

Նիւ Եորք – 1910. Այս հրաշալի քաղաքին մէջ, հարիւր տարիներ առաջ, խումբ մը հայորդիներ տեսիլքը ունեցան հիմնելու Հայկական Կարմիր Խաչը…
Մարտ 10, 2010: Դար մը նուիրեալ աշխատանք, 26 երկիրներէ ներս, 15,000 անդամներու գործակցութեամբ եւ աճը կը շարունակուի…
Սիրելի ներկաներ, ես հապարտութեամբ, գլուխս բարձր բռնած, աշխարհի աչքերուն կրնամ նայիլ ու ըսել. Հ.Օ.Մ.ը այդ միջազգայնօրէն ճանչցուած կազմակերպութիւնն է, որ Հայաստանի, Սփիւռքի, Արցախի, եւ Ջաւախքի – բոլոր հայկական գաղութներուն – մարդկային եւ մշակութային պէտքերը հոգած է:
Առաջին օրէն, Հ.Օ.Մ.ի նպատակներէն մէկը եղած է կիներուն վերաբերեալ կարեւոր հարցերուն ուղղութեամբ աշխատիլ: Հ.Օ.Մ.ը կը գործէ զանազան հարցերու շուրջ, որոնց կարգին են գաղութային հարցեր, մեր Հայրենիքի որբերը սնուցանել, մեր կենսունակ մշակոյթը ներկայացնել, մարդկային իրաւունքները պաշտպանել եւ հաւասարութիւն ապահովել: Մենք խումբ մը նուիրեալ, ուժեղ, ու կրքոտ կանայք ենք եւ մեր անդամներուն թիւին ու դրամագլուխին շնորհիւ, մենք կարելիութիւնը ունինք մեր ժողովուրդին կարիքին հասնելու:
Հակառակ իր աշխատանքին դժուար պայմաններուն, Հ.Օ.Մ.ը երբեք չէ վառանած իր աշխատանքները շարունակելու: Ո՞վ պիտի կրնար երեւակայել, իր այդ սկիզբի օրերուն, որ ան մնայուն ու կայուն կազմակերպութիւն մը ունենար անմիջական ու երկար վազքի օգնութեան աղբիւր մը պիտի ըլլար Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողներուն, երկու համաշխարհային պատերազմներու, երկրաշարժի, եւ Ղարաբաղի ազատագրման պատերազմի զոհերուն, եւ ապա՝ մեր պատմական Հայրենիքին, Հայաստանի անկախութեան:
Ինչպէս գիտենք, բնութեան եւ մարդկային ձեռքով ստեղծուած աղէտները, անցեալին եւ ներկայիս, ազդելով միլիոնաւոր մարդկանց կեանքերուն վրայ, մեր հայրենակիցներէն մինչեւ վերջերս պատահած Հայիթիի աղէտը: Աղէտներ յանկարծակի կը պատահին, բայց անոնց աղդեցութիւնը երկարատեւ է: Շատ լաւ կը յիշեմ հեռաձայն մը որ ստացայ 20 տարիներ առաջ Հ.Օ.Մ.ի ընկերուհիէ մը, որ ըսաւ թէ ես պէտք է որ անմիջապէս Հ.Օ.Մ.ի գրասենեակ երթամ …1988ի երկրաշարժն էր: Դէմ յանդիման քանդուած երկրի մը հետ, եւ աւերուած տնտեսութեան մը – եւ առողջապահական լուրջ հարցերու դէմ որ կը ճնշէր կառավարութեան վրայ – Հ.Օ.Մ.ը շուտով գործի լծուեցաւ: Երկրաշարժէն անմիջապէս վերջ, լուրջ աշխատանք տարուեցաւ հոգալու անմիջական եւ երկարատեւ կենսական օգնութիւն հասցնելու: Այս ամէնը արձանագրուած են պատմութեան էջերուն մէջ:
Անկարելի պիտի ըլլայ յիշել ու նշել մեր անցեալի ու ներկայի բոլոր աշխատանքները: Բաւ է ըսել, որ իբր մարդասիրական կազմակերպութիւն, Հ.Օ.Մ.ը իւրաքանչիւր հարցի մօտեցած անոնց պէտքերուն յարմար մօտեցումով: Մայր մը կը յիշէ Հ.Օ.Մ.ի ընկերային ծառայողներէն մէկուն օգնութիւնը երբ ան նոր բոյն մը կը շինէր հեռաւոր երկրէ մը ներս: Որբ մը կը յիշէ այդ սպիտակ թղթածրարը, Հ.Օ.Մ.ին կողմէ տրամադրուած, որուն մէջ կը տեղեկացուէր իր նոր ծնողական հոգածութեան մասին: Արցախեան պատերազմէն վեթերան մը վստահութեամբ օգնութիւն կը ստանայ իր գիւղին մէջ հաստատուած բժշկական խնամական կեդրոնէն: Մենք ոչ միայն խնամած ենք ֆիզիքական վէրքեր, բայց նաեւ սրբած ենք յուսահատութեան արցունքներ եւ խոստացած ենք աւելի պայծառ ապագաներ:
Ուրեմն, տիկնայք եւ պարոնայք, այս առաջին հարիւրամեակի տօնակատարութեան առթիւ, մենք վերստին կը խոստանանք, եկող տասնամեակներուն ընթացքին, շարունակ աշխատելու, եւ աշխուժաբար յառաջ ընթանալու – ձեր բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւններուն շնորհիւ – որպէսզի հասնինք նոր դարաշրջաններ, վերանորոգուած աշխուժութեամբ եւ խանդավառութեամբ:
Իբր մասնիկներ այս վերածնուած ազգին որ հպարտ է իր աւանդով, մենք ազատագրուած ենք: Մենք ուժեղ ենք: Մենք Հայ Օգնութեան Միութեան տիկիններն ենք… շնորհակալութիւն:

ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅՂԱԾ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐԸ

Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի տօնակատարութեան առթիւ, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին յղած շնորհաւորագիրնամակը ընթերցեց Ուաշինկթընի մօտ ՀՀ դեսպան Ն.Վ. Թաթուլ Մարգարեան

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան
Ատենապետուհի ազնուափայլ տիկին Վիգի Մարաշլեանին,
Միութեան Մեծայարգ հայորդիներին,
Սիրելի Հ.Օ.Մ.ուհիներին

Մեր արդէն ալեհեր, սակայն միշտ ջահել, միշտ գեղեցիկ, միշտ կանացի Հ.Օ.Մ.ի 100ամեայ տարեդարձը շնորհաւորում եմ սիրով, ջերմութեամբ եւ անսահման հպարտութեամբ: Ուրախ եմ, որ յոբելեանական առաջին տօնակատարութեան փառահեղ մեկնարկը տրւում է աշխարհի կենտրոնում՝ Նիւ Եորքում:
Ընդունէ’ք անկեղծ շնորհաւորանքներիս եւ բարեմաղթանքներիս ընծայաբոյրը՝ ձեր եւ մեր Հ.Օ.Մ.ի պայծառ ծննդեան շենշող տօնի առթիւ:
Սիրելի’ Հ.Օ.Մ.ուհիներ, ասում են՝ մեծ իրողութիւնների եւ մեծերի կենսագրական փաստերը վերաճում, ձեռք են բերում համազգային իւրատեսակ քննահանդէսի արժէք ու տարողութիւն: Ձեր 100ամեայ մեծ առաքելութիւնը վաստակել է համազգային քննահանդէսի պարտականութիւն ու իրաւունք, համազգային արժէքի եւ սիրոյ խոստովանութեան իրաւունք:
Իմ քնքուշ քոյրեր, Հ.Օ.Մ.ի հայանուէր առաքելութիւնն արդէն մէկ դար մեր հայարմատ ինքնութեանը եւ սերունդներին է փոխանցում ազգապահպան սրբարժէքները՝ ապրելու եւ յաղթելու կենսուժը, անկոտրում ոգին՝ անկեղծ հիացմունք եւ հպարտութիւն յարուցելով հայ հոգիներում:
Դուք ստեղծուեցիք որբի աչքերից արցունքներ մաքրելու, ծերերին խնամելու, հիւանդներին օգտակար լինելու համար: Դուք հայաշատ բոլոր օջախներում տքնում էք ու արարում, ձեր հոգու լոյսով ջերմացնում շրջապատը, մարդկանց: Դուք առանց վարանելու՝ ձեր արմատները ձգեցիք նաեւ անկախ Մայր Հայրենիքում, որպէսզի այդքան նուիրումով գործէք ձեր Հայրենիքում՝ Արարատի փէշերին:
Դուք ամրակուռ հայրենապաշտութեամբ Հայաստանում եւ աշխարհի բոլոր ծագերում ու զուգահեռականներում հայ հոգիներին էք փոխանցում մարդասիրութեան, հայրենասիրութեան եւ հայասիրութեան տոհմիկ առաքինութիւնը:
Փափկասուն տիկնայք հայոց աշխարհի, դուք արդէն 100 տարի կարողանում էք բալասանել Հայոց Ցաւը՝ այն վերափոխելով Ուխտի եւ Նպատակի Զօրութեան: Սա Սխրանք է ու հրաշագործութիւն, հայուհու՝ հրաշագործութիւն: Ահա թէ ինչու՝ աշխարհասփիւռ հայութիւնը համոզուել է, որ Հ.Օ.Մ.ն իրականացնում է հայ ինքնութեան զօրացմանը եւ յաղթութեանը սատարելու վսեմ առաքելութիւն:
Նուիրեալ հայուհիների ջանքերով Հ.Օ.Մ.ը վաղուց ապացուցել է, որ խաղաղութեան եւ պայքարի ժամանակներում իր իմաստուն առաքելութեամբ, հզօր ձեռնարկներով ուժաւորում է, հայ է պահում աշխարհասփիւռ հայ սերունդների ազգային ինքնութիւնը Սփիւռքում:
Սիրելի քոյրեր, դուք ձեր Միութեամբ իրականացրել էք ,Հայի չափը չափազանցն է» սահմանումը՝ ապացուցելով, որ այո, հայի Սէրը անսահման է ու չափազանց է, անչափելի, բայց եւ՝ հայի Կենսուժը, Պայքարը եւ Ոգին նոյնպէս տիեզերաչափ են ու անպարտելի:
Ես հպարտութեամբ եմ ուզում նշել, որ Հ.Օ.Մ.ի պատմական երթը յիրաւի բարձրանպատակ է ու սթափ: Հենց այդ ազնուագոյն հիմքով էլ ձեր ուղին ձգւում է անխոտոր ու անկանգ, եւ Հ.Օ.Մ.ը վերաճել եւ դարձել է համահայկական երեւոյթ, ազգային արժէք, դարձել հայրենեաց Մշակի եւ Մարտիկի օրինակելի տիպար:
Վստահ եմ որ Մայր Հայրենիքում բարձր են գնահատում Հայ Օգնութեան Միութեան նշանակալի ներդրումը հայապահպանութեան, հայ ինքնութեան զօրացման, բարեսիրութեան հային օգտակար լինելու գործում:
Իմ քնքուշ, սիրալիր եւ համբերատար քոյրեր, ձեր կանացի համաձոյլ ջերմութեան, հպարտութեան, մայրական գորովանքի ներդաշնակութեամբ շարունակէք նպաստել Հայկական աշխարհում Բարութեան եւ Խաղաղութեան յաղթանակին՝ հզորացնելով ՀայրենիքՍփիւռք գործակցութեան ազգապահպան կամուրջը եւ հայապահպանութեան հոգեւոր զարկերակը:
Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակին նուիրուած յոբելեանական տօնահանդիսութիւնների ծրագիրը լեցուն է եւ իմաստալից եւ որ դուք իրաւամբ բացառիկ իրաւունք էք նուաճել ձեր միութեան 100ամեայ յոբելեանը դարձնելու համահայկական, համազգային եւ տօնել այն նաեւ ձեր Հայրենիքում:
Թող գարնան հրաշափառութեամբ ու ջերմութեամբ, հայրենական գոյն ու բոյրերով օծուի ձեր պատմական երթի 100ամեայ այս փառահեղ հանգրուանը:
Շնորհաւոր յոբելեանդ, մեր 100ամեայ, բայց եւ միշտ երիտասարդ Հ.Օ.Մ.:
Շնորհաւորում եմ մէկ առ մէկ բոլոր Հ.Օ.Մ.ուհիներին, բոլոր սերունդների ներկայացուցիչներին, բոլոր շրջանային մարմինների ղեկավարներին, բոլորին, բոլորին…
Ընդունէք մեր Արարատահամ մաղթանքները եւ Արաքսացող ու Մասսաբոյր ծաղիկները:
Ձեզ՝ բեղմնաւոր նորանոր դարեր՝ ի զօրացումն Ամենայն Հայոց պետականութեան, ի զօրացումն ՀայաստանԱրցախՍփիւռք անքակտելի գործակցութեան:

Սիրով եւ Երախտագիտութեամբ՝
ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles