
ՇԱՐԼՈԹ (Հիւսիսային Քարոլայնա)․- Հինգշաբթի, Օգոստոս 18-ին, մեկնարկը տրուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Շրջանի 101րդ Պարգամաւորական Ժողովին, որ տեւեց մինչեւ Կիրակի, Օգոստոս 21։
Առաջին անգամ ըլլալով Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ (Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգին մէջ, կազմակերպութեամբ նորակազմ «Նայիրի» մասնաճիւղին։
Հիւրերու շարքին ներկայ էր նաեւ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, որ փոխանցեց իր պատգամը։
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային Վարչութիւն մը, որուն անդամներն են․- Քարոլին Շմաւոնեան (Փենսիլվանիա), Թալին Տաղլեան (Նիւ Ճըրզի), Քարոլ Ճաֆարեան (Մասաչուսէց), Իրմա Գասապեան (Ուաշինկթըն), Մէյրի Անտոնեան (Ֆլորիտա), Մարկըրէթ Պապիկեան-Մետինա (Նիւ Ճըրզի) եւ Սեդա Աղամեանց-Խալիկեան (Մասաչուսէց)։
Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ։