
Read Time:19 Second
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկանանք թէ, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, իր Ապրիլ 14-ի լիագումար նիստին, որոշում կայացուցած է ազերի բանակի վերջին դաւադիր ներխուժումներուն յաջորդող եօթ օրերուն ընթացքին կատարել դրամահաւաք եւ գոյացած գումարը ուղարկել Արցախի կառավարութեան:
Հ.Օ.Մ.-ի միաւորներու եւ նուիրատուներու կողմէ կարելի եղած է հաւաքել յիսուն հազար տոլար եւ Արցախի միաւորին միջոցաւ փոխանցել վթարեալ շրջաններու բնակչութեան, որպէս անմիջական օգնութիւն։