Հ.Օ.Մ.-ը Կ’ողջունէ Հայաստանի Խաղաղ Համաժողովրդային Շարժումը

0 0
Read Time:54 Second

       

 

Հայ Օգնութեան Միութիւնը կու գայ շնորհաւորելու Հայ Ժողովուրդի խաղաղութեան եւ անզէն վճռակամութեամբ համաժողովրդային շարժումը դէպի աւելի արդար ու ժողովրդավար երկիր մը, որ արձանագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը նոր վարչապետով մը ընդառաջելով ժողովուրդի առաջադրանքին: 

Իրաւազուրկ ժողովուրդի մը զաւակներուն արդար ընդվզումով սկսած ազատագրական երկարատեւ պայքարէն է որ, 100 տարիներ առաջ, մայիսեան պայծառ օր մը, լոյս աշխարհ եկաւ Հայոց Անդրանիկ Հանրապետութիւնը, որուն առաջին հարիւրամեակը ազգովին կը տօնակատարենք այս տարի, ի սփիւռս Հայաշխարհի։

Մէկ դար անց, անկախ Հայաստանի գարնանային արեւին տակ իր յաղթակա՛ն լրումին հասած, յանուն արդար կարգերու հաստատման համաժողովրդային Թաւշէ Յեղափոխութիւնը տեղադրեց իր աննկուն առաջնորդ՝ Նիկոլ Փաշինեանը՝ որպէս նորահաստատ խորհրդարանական վարչակարգի Վարչապետ։  Ձայն բազմաց, ձայն Աստուծոյ։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը – ծնած այդ նոյն ազատագրական պայքարէն՝ լոզունգ ունենալով Ժողովուրդի՛ս հետ, ժողովուրդիս համար հաստա՛տ մտասեւեռումը որպէս անմար փարոս իր մօտ 11 տասնամեակներու գործունէութեան, կ՚ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր Վարչապետը, մաղթելով անոր ամենայն յաջողութիւն իր բոլոր աշխատանքներուն ի խնդիր ամբողջական Հայաշխարհի բարօրութեան։

Ինչպէս մի՛շտ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իր համահայկական ընդարձակ ցանցով,

կը մնայ զօրավիգ իր հայրենի պետականութեան ու անոր բոլոր կառոյցներուն, ընդմի՛շտ մնալով իր ժողովուրդին հետ, խնամատար՝ անոր բոլոր կարիքներուն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles