Հ.Օ.Մ.-ԷՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 25 Second

Ա.Ա.

Համաճարակներու ընթացքին Խաղին բոլոր կանոնները կը փոխուին՝ պարտադրաբար։ Բնակչութիւնները կը բաժնուին խումբերու, ըստ գիտակցութեան եւ համաճարակային պայմաններուն մէջ ապրելու կարողութեան մը, որ յաճախ կը շփոթուի կարճատեւ հանգրուանի մը յարմարեցման հետ՝ մղելով, որ շատ արագ մոռացութեան տրուին համաճարակային պայմաններու կանոնները եւ ապրուի խաբկանք մը, թէ ամէն ինչ բնական է։
Համաճարակները ո՛չ պատերազմի, ո՛չ տնտեսական տագնապի, ո՛չ ալ քաղաքացիական պատերազմի կը նմանին։ Եւ լուռ, գաղտագողի ու դարանակալ վարակը կը հնձէ աջ ու ձախ, մինչեւ յագենայ, կամ մինչեւ բնակչութիւններու բնական պաշտպանողականութիւնը կազմուի։ Այսինքն՝ ով որ չի դիմանար, կը մահանայ, իսկ մնացեալը կը վերածուի բնական դիմադրականութիւն ձեռք ձգած հաւաքականութեան անդամի մը։ Ասիկա անշուշտ շատ դժուար տարբերակ մըն է, որ ունի իր ահաւոր հետեւանքները։
Համաճարակներու ընթացքին մարդիկ կրնան վերածուիլ ներամփոփ եւ միայնակ անհատներու, որոնց կեանքին ձեւը, որակը եւ կշռոյթը կը փոխուի՝ յարմարեցման բնական կամ պարտադիր պայմաններու բերումով։ Նոյնին ենթակայ են նաեւ երկիրներ՝ իբրեւ պետութիւններ, որոնք կ՛աճապարեն իրենց սահմանները փակելու եւ ներամփոփուելու, որպէսզի «դուրս»-էն վտանգ չթափանցէ։
Համաճարակը այսօր նման կացութիւններ պարտադրած է աշխարհի տարածքին եւ հանրային առողջապահական բազում դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուող բնակչութիւններու եւ հաւաքականութիւններու շարքերուն մէջ գործող կազմակերպութիւնները տիտանային աշխատանք կը տանին՝ գէթ կարելիութիւններու սահմաններու մէջ, հասնելու համար անոնց, որոնք իրենց օգնութեան կարիքը ունին։
Եւ կասկած չկայ, որ այս ընդհանուր կացութեան մէջ Լիբանանի պարագան ժխտականօրէն եզակի է։ Լիբանան երկիր մըն է, ուր տիրական են ամէնէն վատ բաները։ Փտածութիւն, պետական հաստատութիւններու գրեթէ անդամալուծուած համակարգ, իշխանութեան ահաւոր չարաշահում, ընկերային համատարած անարդարութիւն, հովանաւորչութեան ախտ, եւ տակաւին համաճարակ, տնտեսական ահաւոր եւ աննախընթաց տագնապ՝ ազգային թղթոսկիի աներեւակայելի արժեզրկմամբ, ու նաեւ՝ պայթում մը, որ շշմեցնող հարուածը հասցուց մայրաքաղաք Պէյրութին եւ անոր արուարձաններուն բնակչութեան։ Եւ քաղաքացիական պատերազմ տեսած, անոր կրակներուն մէջէն անցած եւ գոյատեւած լիբանանահայ գաղութը ահա այսօր դարձեալ կանգնած է տարբաղադրման լուրջ վտանգին դէմ յանդիման։
Բայց՝ ինչպէս անցեալին, այսօր ալ առանձինն չէ։ Թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին իմաստներով։
Լիբանանահայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ անխտիր բոլոր հաստատութիւնները եւ կազմակերպութիւնները, ներկայիս իրենց աշխատանքներուն կիզակէտին վերածած են գաղութին գոյատեւման եւ վերականգնման անսակարկելի իրավիճակները եւ լծուած են աշխատանքի՝ հիմնուելով համակարգման, դասաւորման եւ գործակցութեան այն մեծ փորձառութեան վրայ, զոր ձեռք ձգեցին քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին։ Կենցաղային եւ առողջապահական բազմապիսի խնդիրներուն լուծումներ գտնելու եւ մարդոց բեռը թեթեւցնելու ճիգը տեսանելի է ամէնուրէք։Որքան որ կարիքները շատ են, նոյնպէս ալ՝ լուծումներ գտնելու գիտակցութիւնն ու պատասխանատուութիւնը շատ բարձր է գաղութին ղեկավարութեան անմիջական հսկողութեան տակ համակարգուած աշխատանքի լծուած բոլոր հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն շարքերուն մէջ։
Եւ լիբանանահայ գաղութին այս որակի ներքին կազմակերպուած աշխատանքին մղիչ ուժին մէջ իրենց առանցքային նշանակութիւնը եւ դերակատարութիւնը ունին համասփիւռ հայութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի պետութիւնները։
Իսկ Հ.Օ.Մ.-ը, ինչպէս միշտ, դարձեալ իր առաքելութեան ամբողջական պատասխանատուութեան վրայ կը գտնուի։ Անցեալ շաբաթավերջին հանգանակուած աւելի քան կէս միլիոն ամերիկեան տոլարը այս մեծ կազմակերպութեան սիրոյ, գնահատանքի եւ հաւատքի բացառիկ արտայայտութիւնն է՝ լիբանանահայ գաղութին հանդէպ, շեշտելով անոր համազգային կարեւորութիւնն ու դերը՝ հայութեան համար։
Բոլոր գաղութներու մէջ ալ նախաձեռնուած օժանդակութեան աշխատանքները իսկապէս երախտապարտութեան զգացումներով կը կլանեն լիբանանահայերը, որոնք այս անգամ ալ զգացին, որ առանձինն չեն։ Իսկ Հ.Օ.Մ.-ը դարձեալ իր պալասանը երկարեց մեզի։ Հ.Օ.Մ.-էն…լիբանանահայութեան։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles