
Հոկտեմբեր 13-ին Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Վիքի Մարաշլեան, նորընտիր ատենապետ Քարոլին Շմաւոնեան, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի շինարարութեան համար կեանքի կոչուած դրամահաւաքի յանձնախումբի անդամներ Հուրի Նաճարեան եւ Անժել Մանուկեան այցելեցին Ստեփանակերտի Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Դուման» կեդրոն:
Անոնք հանդիպում ունեցան Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ.-ի ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանի, Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արթուր Աղաբեկեանի, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանի, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատգամաւոր Արմէն Սարգսեանի եւ Լեռնիկ Յովհաննիսեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հ.Օ.Մ.-ի հետ փոխադարձ համագործակցութեան, յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր: