
8 Մարտ 2022-ին Հայաստանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 34-րդ Ընդհանուր ժողովը աւարտեց 28 Փետրուարին ընթացք առած իր աշխատանքները: Ժողովին օրակարգը կը բխէր հայրենիքի եւ հայութեան առջեւ ծառացած ներազգային, միջազգային եւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներէն, որոնց շուրջ ծաւալեցան խորքային քննարկումներ. ճշդուեցան յաջորդ քառամեակի Հ.Յ.Դ. քաղաքական ուղեգիծն ու ռազմավարութիւնը եւ տրուեցան որոշումներ՝ Հայ դատի, արտաքին եւ ներազգային ուղղութիւններով աշխատանքներու, քարոզչական եւ տնտեսական քաղաքականութեան վերաբերեալ:
Ժողովը քննեց եւ գնահատեց ընթացաւարտ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եռամեայ գործունէութիւնը, ներկազմակերպական խնդիրներն ու կատարուելիքները:
Ընդհանուր ժողովը իր օրակարգը սպառելէ ետք ընտրեց կուսակցութեան բարձրագոյն մարմին` Բիւրոն:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոն իր անդրանիկ նիստին ներկայացուցիչ ընտրեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:
Հ.Յ.Դ. նորընտիր Բիւրոյի մնացեալ անդամներն են`
Վիգէն Բաղումեան (Իրան)
Դաւիթ Իշխանեան (Արցախ)
Արսէն Համբարձումեան (Հայաստան)
Կիրօ Մանոյեան (Հայաստան)
Մկրտիչ Մկրտիչեան (Լիբանան)
Խաժակ Մկրտիչեան (Ա.Մ.Ն.)
Արմէն Ռուստամեան (Հայաստան)
Յովսէփ Տէր Գէորգեան (Եւրոպա)
Ռաֆֆի Տօնապետեան (Քանատա)
Մուրատ Փափազեան (Եւրոպա):
Հ.Յ.Դ. Հանրային կապերու գրասենեակ
8 Մարտ 2022
Դիլիջան