Հ.Յ.Դ. 34-րդ Ընդհանուր ժողովի Յայտարարութիւնը

0 0
Read Time:2 Minute, 31 Second

Փետրուար 28-էն Մարտ 8, 2022, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. 34-րդ Ընդհանուր Ժողովը։ Աշխարհի շուրջ 30 երկիրներէ ժամանած 100 պատգամաւորներ քննարկեցին և արժևորեցին համահայկական կառոյցի հաշուետու ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը, ուղենշեցին Հ.Յ.Դ. յառաջիկայ քառամեակի ռազմավարութիւնը՝ որդեգրելով քաղաքական գործունէութեան առաջնահերթութիւններն ու հիմնական ուղղութիւնները։

Ժողովը արձանագրեց, որ.

• Ողջ հայութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները, յայտնուած են մեր նորագոյն պատմութեան ճակատագրական փուլի մը մէջ, որ աննախադէպ սպառնալիքներ ստեղծած է Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան համար։

• Հ․Հ․ իշխանութիւններու որդեգրած ապազգային քաղաքականութիւնը, արտաքին եւ ներքին ճակատներու վրայ յառաջացած մարտահրաւէրներուն անհամարժէք արձագանգն ու սխալ գործողութիւնները յանգեցուցած են 44-օրեայ աղէտալի և կորստաբեր պատերազմի՝ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն համար ստեղծելով լինելիութեան վտանգ։

• Հ․Հ․ իշխանութիւնները խորացուցած են ներազգային պառակտումներն ու ջրբաժանները, որոնք կ’ուղեկցուին քաղաքական հետապնդումներով, բանտարկութիւններով եւ ճնշումներով։ Փլուզուած է Հայաստանի անվտանգային ողջ համակարգը, կը կազմաքանդուին պետական և ժողովրդավարական կառոյցները։

• Սփիւռքը բազմաթիւ աշխարհաքաղաքական, տնտեսական, ընկերային պայմաններով թելադրուած, համազգային պառակտման եւ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն եւ յետպատերազմեան զարգացումներէն ետք կը գտնուի յուսալքութեան, ահռելի դժուարութիւններ յաղթահարելու եւ ելքերու փնտռտուքի փուլին մէջ, զոր պէտք է հունաւորել ու արդիւնաւորել։

• Տարածաշրջանէն ներս աշխոյժացած է թուրք-ատրպէյճանական երկեակը, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները դադրած են Արցախի Հանրապետութեան և արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխաւորը ըլլալէ։

Հ.Յ.Դ. 34-րդ Ընդհանուր Ժողովը հաստատեց, որ.

• Ստեղծուած իրավիճակը և հայկական զոյգ պետութիւններու վտանգուած հեռանկարը կարելի է բեկել հայ ժողովուրդի վճռական կամքով, Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ եռամիասնական ներուժով։

• Հայութեան ներուժի, ազգային արժէքներու նահանջի պայմաններու տակ Դաշնակցութիւնը պարտաւոր է ստանձնել ազգային նպատակներ բանաձևողի, ապազգային իշխանութիւնները երկրի ղեկավարումէն հեռացնելու գործընթացի որոշիչ դերակատարութիւնը։

• Սփիւռքը իբրեւ գլխաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութեան ծնունդ, Արեւմտահայաստանի կորուստի արդիւնք եւ արեւմտահայերէնի պահպանման կռուան՝ ռազմավարական նշանակութիւն ունի հայութեան մղած պայքարին համար: Անհրաժեշտ է նոր աւիւն ներարկել Սփիւռքի կազմակերպման գործի եւ համահայկական քաղաքական նպատակներու իրականացման պայքարին։

• Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու հնարաւոր հաստատումը չի կրնար ըլլալ ի հաշիւ Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւական եւ անժամանցելի իրաւունքներուն:

• Արցախի մէջ ստեղծուած նոր կացութիւնը անհրաժեշտութիւն կը յառաջացնէ պայքարի նոր մօտեցումներու եւ ռազմավարութեան որդեգրման՝ մեկնակէտ ունենալով արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք իրացումը։

• Հ.Յ.Դ.-ն իր ողջ ներուժով, համահայկական կառոյցի կարողականութեամբ և նուիրումով ձեռնամուխ պիտի ըլլայ Հայաստանի և Արցախի Հանրապետութիւններու անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, կայունութեան ու զարգացման ապահովման եւ ժողովրդի կենսամակարդակի բարձրացման ու ընկերային արդարութեան հաստատման աշխատանքներուն։

• Հ.Յ.Դ.-ն հաւատարիմ Հայ Դատի պայքարին՝ հանդէս պիտի գայ որեւէ գործընթացի դէմ, որ կը հակասէ Օգոստոս 23, 1990-ին ընդունուած Հ․Հ․ անկախութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հրապարկուած Համահայկական Հռչակագրերուն։

• Ապազգային քաղաքականութիւն վարող և երկրին ծանր կորուստներ պատճառած իշխանութիւններու հեռացումը առաջնահերթ օրակարգ է և կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ ընդլայնել հունաւորուող ազգային դիմադրութեան շարժումը:

Հ.Յ.Դ.-ն իր համահայկական կառոյցով եւ համակիրներու աջակցութեամբ վճռական է իրականացնելու որդեգրած ուղեգիծն ու ռազմավարութիւնը։

Հ.Յ.Դ. 34-րդ Ընդհանուր ժողով

8 Մարտ, 2022

Յ․Գ․- Նշենք, թէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոն իր անդրանիկ նիստին ներկայացուցիչ ընտրեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:

Հ.Յ.Դ. նորընտիր Բիւրոյի մնացեալ անդամներն են`

Վիգէն Բաղումեան (Իրան)
Դաւիթ Իշխանեան (Արցախ)
Արսէն Համբարձումեան (Հայաստան)
Կիրօ Մանոյեան (Հայաստան)
Մկրտիչ Մկրտիչեան (Լիբանան)
Խաժակ Մկրտիչեան (Ա.Մ.Ն.)
Արմէն Ռուստամեան (Հայաստան)
Յովսէփ Տէր Գէորգեան (Եւրոպա)
Ռաֆֆի Տօնապետեան (Քանատա)
Մուրատ Փափազեան (Եւրոպա):

Հ.Յ.Դ. Հանրային կապերու գրասենեակ

8 Մարտ 2022
Դիլիջան

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles