
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22-ին, Շիքակոյի “Քրիստափոր“ Կոմիտէութիւնը նշեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան 121-ամեակը, յատուկ ձեռնարկով մը, որ տեղի ունեցաւ Կլենվիուի Հայ Կեդրոնին մէջ: Օրուան բանախօսն էր Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Տիգրան Խալիկեան, որ յատկապէս խօսեցաւ վերջերս հետզհետէ աւելի հետաքրքրութիւն ստեղծող հատուցման, ազգային հողերու, սրբատեղիներու վերայանձման մասին: Օրուան հանդիսավարն էր Արմէն Փափազեան, որ հրաւիրեց ներկաները յոտընկայս հետեւելու տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբի տողանցքին եւ ապա դրօշակի արարողութեան: Ան անդրադարձաւ թէ այսօրուան ձեռնարկը որքա՜ն կարեւոր է, յատկապէս ապագայ սերունդին համար, որուն պարտականութիւնն է ջահը բարձր ու շարունակ վառ պահել:
Իլինոյի Հայ Դատի գրասենեակի անունով, խօսք առաւ Ալին Տէր Ալեքսանեան, որ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց շրջանէն ներս կատարուած աշխատանքներու մասին, որոնք կ՛ընդգրկէին այցելութիւն շրջանի Ողջեկիզման Թանգարան եւ շաբաթ մը առաջ կատարուած դրամահաւաքը, ի նպաստ Հայ Կեդրոնին:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ շրջանի “Քրիստափոր“ Կոմիտէի ներկայացուցիչ Կրէկ Պետեանը, որ շեշտեց թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը մնայ հայութեան այդ անբաժանելի մէկ կուսակցութիւնը, որ շարունակ կը պատրաստէ սերունդներ եւ շարունակ կը գործէ ի նպաստ հայութեան եւ հայ դատին: Պետեան, իր խօսքի աւարտին, բեմ հրաւիրեց Տիգրան Խալիկեանը, որ իր կարգին ներկայացուց Արեւմտահայաստանի ներկայ իրավիճակը: Ան շեշտեց թէ Ուիլսընեան սահմանները երբեք երազային կամ աներեւակայելի չեն, այլ ընդհակառակը, արդարօրէն պահանջուած հողեր են, յատկապէս մանրամասնելով թէ մինչեւ Սեւ Ծովի ափերը երկարելով, առիթ կը ստեղծուի յաւելեալ տնտեսական դրութիւններու: Բան մը, որ երբեք փափաքելի չէ Թուրք ղեկավարութեան կողմէ:
Խալիկեան նշեց թէ, այս գծով դեռ շատ աշխատանք կայ կատարելիք, յատկապէս լոպիինկի բնագաւառէն ներս, ուր Հայ Դատի յանձնախումբերը, հետեւողական աշխատանք ունին կատարելիք:
Միեւնոյն ժամանակ, դասախօսը կարեւորեց Արցախին կարեւորութիւնը, նշելով թէ այդ հողաշերտը պատմականօրէն հայկական է:
Ձեռնարկի աւարտին, տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխան, ապա ներկաները հրաւիրուեցան, իրենց մասնակցութիւնը բերելու, տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղին կազմակերպած գեղարուեստական բնոյթ ունեցող ձեռնարկին: