Գլխաւոր
Հ.Յ.Դ. Պիտի Չմասնակցի Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն

Ապրիլ 8-ին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Երեւանի քաղաքային կոմիտէն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ վերլուծելով Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն Երեւանի մէջ Հ.Յ.Դ.-ի ձեռք բերած անսպասելիօրէն ցած արդիւնքները, խորհրդակցելով Երեւանի վարչական շրջաններու կոմիտէներուն հետ, Երեւանի քաղաքային կոմիտէն նպատակայարմար չի գտներ մայրաքաղաքի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցիլը:

