

Ուրբաթ Մայիս 13 ին երեկոյեան ժամը 8:00ին տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.ի “Մայրʼʼ
մասնաճիւղի կազմակերպած մայրերու օրուայ նուիրուած տարեկան ձեռնարկը Ուտսայտի Հայ Կեդրոնէն ներս: Ներկայ էր Հ.Օ.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամ` ընկհ. Վալանթին Պէրպէրեան եւ Սուրբ Լուսաւորիչ ամենօրեայ վարժարանի խնամակալ մարմնի ատենապետ , Հ.Օ.Մ.ի Պատուոյ անդամ Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը եւ հարիւրէ աւելի հիւրեր եւ Հ.Օ.Մ.ուհիներ: Աւանդութիւն դարձած այս ձեռնակին օրը, կը գնահատուի գաղութէն մայր մը կամ մասնաճիւղի մայրերէն մին, որպէս տարուայ մայր:

Այս տարի մասնաճիւղը յարմար տեսաւ մեծարել Հայ տիպար Մայր` Տիկին.Ազնիւ Եփրեմեան: Օրուան հադիսավար` մասնաճիւղի ատենապետուհին ընկհ. Անայիս Չոլաքեան բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց բոլոր մայրերը ապա յոտնկայս աղօթքէն ետք ճաշերը սպասարկուեցան մեղմ հայկական երգերու եւ նուագներու ընկերակցութեամբ (տրամադրուած Erebuni Entertainmentի կողմէ):

Երաժշտութեան միացաւ հայկական պարը խանդավառելով բոլոր ներկաները եւ շատ հաճելի ու ջերմ մթնոլորտի մէջ ձգեց բոլորը:
Մայրերու օրուան Հ.Օ.Մ.ի պատգամը տուաւ մասնաճիւղի ատենադպրուհին ընկհ. Մարիա Եփրեմեան:Ան նշեց թէ հայ իրականութեան մէջ մօր խորհրդանիշը դարձած Հ.Օ.Մ.ը ամէն տարի բնութեան ծաղկումին հետ կը տօնախմբէ Մայրերու օրը: Ան նշեց թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.կաթողիկոս, 2011 տարին հայ մանուկի տարի հռչակած է: ʼʼՀայ մանուկի տարի` հայ ու մայր կը նշանակէ. . . հայ մօր դերը հայ ընտանիքի ու ազգային մեր արժէքներու պահպանումին մէջ անուրանալի է: Ի մասնաւորի այսօրուան հայ մայրը կանչուած է հաւաքական պատասխանատուութեան եւ հասարակական գործունէութեան: Հ.Օ.Մ.ի շարքերուն անդամակցութիւնը ինքնին փաստ մըն է հանրային պատասխանատուութիւն ստանձնելու: Հ.Օ.Մ.ը հայ ժողովուրդի ծառայող միութիւնն է ,իսկ ծառայելը կոչումէ եւ պարտականութիւն գիտակից հայուհիին համար: Հ.Օ.Մ. կընշանակէ տալ առանց առնելու ,աշխատիլ առանց հանգիստ փնտռելու եւ ծառայէլ առանց վարձատրութիւն ակնկալելուՙՙʼʼ, ըսաւ ան եւ խօսքի աւարտին նշեց թէ Հ.Օ.Մ.ը հարիւր ամեայ լայնածաւալ գործունէութիւն կատարած է:

Երեկոն աւելի իմաստաւորուեցաւ եւ ուշագրաւ դարձաւ իր գեղարուեստական բաժինով որը պատրաստուած էր պատուոյ մօր թոռներուն կողմէ:
Արդարեւ, Սեւակ եւ Արեւիկ Եփրեմեաններ արտասանեցին Պարոյր Սեւակի “Մօր Ձեռքերըՙՙ: Ապա Մարիա Ներսէսեան եւ Արեւիկ Եփրեմեան հրամցուցին գեղեցիկ հայկական պար մը խանդավառութիւն ստեղծելով եւ հոգեկան մեծ բաւարարութիւն պատճառելով ներկաներուն, որոնց բուռն ծափահարութիւնները թարգմաննէր բոլորին գնահատանքին:
Յայտագրի աւարտին Պատուոյ մօր թոռները` Մարիա եւ Յակոբ Ներսէսեաններ, փոխանցեցին իրենց մեծ մօր կենսագրականը հայերէնով եւ անգլերէնով:
Ան ծնած է 1929ին Հալէպ (Սուրիա) ապրած է Տէր Զօր հօրաքրոջ ընտանիքին մօտ: Ամուսնացած Սեդրակ Եփրեմեանի հետ` Հալէպ եւ կազմած է հայ ընտանիք մը: Ապա գաղթած է Նիւ Եորք, 1984ին:
Ան շարունակ թիկունք կանգնած է իր ամուսնոյն ,աշխատելով Ֆլաշինկ Մետոյի “Հայ Տունՙՙին մէջ: Հայաշունչ մթնոլորտի մէջ մեծցուցածէ իր երեք զաւակնեհո՜ Վարդգէսը, Մարտիրոսը եւ Անին: Ան քաջալերած է բոլոր հայկական ձեռնարկները եւ հետեւողական ձեւով ծառայած` Հ.Օ.Մ.ին: Ունի հինգ թոռնիկներ` Քրիստին, Մարիա, Յակոբ, Սեւակ եւ Արեւիկ, որոնց կրցած է ազգային դաստիարակութիւն փոխանցել:

Ան միշտ ալ սիրած է արուեստն ու մշակոյթը ինչպէս նաեւ հայկական ձեռագործները: Յայտագրէն ետք Տիկին. Ազնիւ Եփրեմեան հրաւիրուեցաւ բեմ, ստանալու Հ.Օ.Մ.ի կողմէ յատուկ գնահատագիրը, որ պատրաստած էր մասնաճիւղի ընկերուհիներէն Արմինէ Մինասեանը:

Պրն.Գառնիկ Ներսէսեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց իր զոքանջին` Տիկին.Ազնիւ Եփրեմեանի պարգեւատրուելուն առթիւ: Ապա, շրջապատուած մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիներով, մեծարուող մայրը կտրեց, այս առթիւ պատրաստուած յատուկ կարկանդակ մը: Գերզգացուած, տիկին Եփրեմեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Օ.Մ.ի Մայր մասնաճիւղին որ այս գեղեցիկ առիթը ընծայեց իրեն:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, ղեկավարութեամբ մասնաճիւղի նախկին ատենապետուհի ընկհ. Սոնիա Պզտիկեանի եւ ընկհ. Հուրի Կէօտէլէքեանի: Բախտաւորները ստացան գեղեցիկ նուէրներ, որոնք տրամադրուած էին մասնաճիւղի ընկերուհիներուն եւ անհատներու կողմէ: Տեղի ունեցաւ նաեւ սրտաբուխ նուիրատութիւններ Հ.Օ.Մ.ին :

Ընկհ.Անայիս Չոլաքեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն որ քաջալերեցին այս ձեռնարկը: Նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերուհիներուն, իրենց նուիրումին եւ հաւատքին Հ.Օ.Մ.ի նշանաբանին եւանոր ազգանուէր առաքելութեան:
Վարձքերնիդ կատար սիրելի ընկերուհիներ: Ձեր տօնը շնորհաւոր ըլլայ սիրելի հայ մայրեր, մնացէ՛ք անմար ճրագը ձեր ընտանիքներուն, մնացէք անմար ճրագը ազգին ու հայրենիքին:
Մ.Շ.Ե.