
ԵՐԵՒԱՆ.- Անցեալ շաբաթավերջին, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. մամուլի եւ հանրային կապերու պատասխանատուներու համակուսակցական խորհրդաժողովը: Աշխարհի շուրջ երկու տասնեակ երկիրներէ հասած յիսունէ աւելի խմբագիրներ, լրագրողներ եւ հանրային կապերու պատասխանատուները քննարկեցին հայկական ու կուսակցական մամուլի, համաշխարհային մակարդակով հայկական շահերու եւ հարցերու լուսաբանման, ատրպէյճանական ու թրքական հակաքարոզչութեան դիմակայման եւ հայութեան առնչուող հարցեր:
Խորհրդաժողովի բացումին, ողջունելով հաւաքի մասնակիցները՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան շեշտեց այն մեծ առաքելութիւնն ու դերը, զորս ունին դաշնակցական խմբագիրը եւ դաշնակցական լրատուամիջոցը՝ հարցերու արծարծման, ազատախօսութեան ու միտքերու, տեսակէտներու հարթակ դառնալու գործին մէջ, յենելով դաշնակցական մամուլի հարիւրամեայ պատմութեան վրայ:
Խորհրդաժողովը կարեւոր համարեց գործակցութիւնը հայ մամուլի միւս միջոցներուն հետ՝ Հայաստանի, Արցախի, ազգային այլ հարցերու հետապնդումը համադրուած ջանքերով իրականացնելու գործին մէջ:
Համաժողովի վերջին օրը մասնակիցները իրենց քննարկումները այլ ձեւաչափով անցուցին` հանդիպում հայաստանեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան, որ ըսաւ, թէ, ընտրուելով այդ կառոյցի նախագահ, ելոյթին մէջ նշած է սփիւռքի մամուլին կարեւորութիւնը: «Նախ եւ առաջ կարեւոր կը նկատեմ արհեստավարժ առումով: Մենք տարբեր երկիրներու մէջ կ՛աշխատինք, եւ մեզի համար շատ կարեւոր է փորձի փոխանակումը արհեստավարժ մակարդակի վրայ: Յունիսի սկիզբը միութիւնը պիտի ունենայ արտահերթ համագումար, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի նոր կանոնադրութիւնը: Այդտեղ առանձին հատուած պէտք է ըլլայ սփիւռքեան մամուլին հետ համագործակցութեան վերաբերեալ», տեղեկացուց ան:
Սէյրանեան նաեւ կոչ ուղղեց Հ.Յ.Դ. սփիւռքեան մամուլի ներկայացուցիչներուն, որ անոնք ալ անդամակցին Հայաստանի լրագրողներու միութեան:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու Արտակ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան կը գտնուին Հ.Յ.Դ.-ի լրատուամիջոցներու պատասխանատուներ աշխարհի 15 երկիրներէ: «Կը քննարկէինք ո՛չ միայն ներկուսակցական խնդիրները քարոզչական ճակատի վրայ, այլեւ ընդհանուր` մեր համազգային խնդիրները, որոնք ունինք արտաքին եւ ներքին հարթակներու մէջ», ըսաւ ան:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ ինք Հայաստան չէ գտնուած եւ չէ կրցած մասնակցիլ դաշնակցական մամուլի հերթական խորհրդաժողովին: «Իրօք, այս խորհրդաժողովները, որոնք պարբերական են, երկու տարին անգամ մը կատարուած աշխատանքները ամփոփելու եւ նոր հորիզոններ գտնելու լաւ առիթ են: Ուրախութեամբ կը տեսնեմ, որ նաեւ դաշնակցական մամուլի ներկայացուցիչներու սերնդափոխութիւնը ակնյայտ է. երիտասարդութիւնը կամաց-կամաց իր տեղը կը գրաւէ, եւ վստահ եմ, որ խորհրդաժողովը ծառայած է իր բուն նպատակին», տեղեկացուց Վարդանեան:
Անդրադառնալով խորհրդաժողովի մասնակիցներու հայաստանեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին` Վարդանեան նշեց, որ անիկա շատ կարեւոր է: «Սա այն դաշտն է, ուր անջրպետներ, բաժանումներ չկան: Դուք իշխանութիւն էք, դուք իշխանութեան համակարգ էք, եւ պիտի կարենանք միասնաբար լուծել այն խնդիրները, որոնք կան մեր հասարակութեան, պետականութեան, սփիւռքի, Արցախի առջեւ` միասին, իրարու աջակցելով, լրացնելով: Բնական է` մօտեցումները տարբեր են, ամէն մէկը իր ձեւով կը նայի իրականութեան, բայց այս դաշտին մէջ համախոհութիւնը, համագործակցութիւնը շատ կարեւոր է: Ուրախ կ՛ըլլամ, որ այսօրուան անմիջական շփումներէն ետք ուղղակի կապեր հաստատուին մեր տարբեր լրատուամիջոցներուն միջեւ, ամէնօրեայ կապեր ըլլան, իրար փոխանցենք գաղափարներ եւ կարենանք մեր երկիրը, հասարակութիւնը աւելի լաւ դարձնել», ընդգծեց ան: