Լրահոս

Հ.Յ.Դ. Հ.Ե.Մ.-ի Բողոքի Ցոյցը Երեւանի Պետական Տիկնիկային Թատրոնի Դիմաց

 

ԵՐԵՒԱՆ․- Չորեքշաբթի, 17 Դեկտեմբերին Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը, պետական տիկնիկային թատրոնի դիմաց նախաձեռնեց բողոքի ցոյց մը՝ ի պատասխան թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ռուբէն Պապայեանի՝ Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանին հնչեցուցած աղմկայարոյց արտայայտութիւններուն։

Ցոյցին մասնակիցները խորհրդանշական ներկայացում մը բեմադրեցին՝ «Պետրոս Հեքիաթասացը եւ Ռուբէն Ճիպոտեցին» վերնագիրով։

Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամ Տարոն Մանուկեան լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ, որ այս ցոյցը խրատական բնոյթ ունի։

«Մեր ցոյցը պատասխանն է Ռուբէն Պապայեանի տխրահռչակ մտքերուն։ Ազգային երիտասարդներս՝ մենք չենք համակերպիր նման իրողութիւններու հետ։ Մեզի համար անընդունելի է մշակոյթի վաստակաւոր կոչում կրող տխրահռչակ անձերու կողմէ նման մտքերու արտայայտումը։ Մեզի համար իրական մտաւորականը Միքայէլ Սրբազան Աջապահեանն է, որ բանտարկուած է որպէս հայրենիքի զաւակ, ազգային սրբազան եւ իրական մտաւորական ըլլալուն համար։ Պատմութիւնը կը ցուցադրէ, թէ ովքե՛ր են իրական, ազգային մտաւորականները, եւ ովքե՛ր՝ վաստակաւոր արտիստի կոչումը նսեմացուցած ու զուտ թրքահաճոյ իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը սպասարկող մտաւորականութիւնը», ըսաւ ան եւ նշեց, որ ակցիան հանրային պարսաւանք մըն է, քանի որ նման ամբոխահաճ մտքեր արտայայտող մտաւորականները չեն կրնար յարգարժան անձերու հասցէին վիրաւորական արտայայտութիւններ ընել եւ անպատասխան մնալ։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button