
ԵՐԵՒԱՆ.- Յուլիս 8-ին իր կազմակերպած մամուլի ասուլիսին ընթացքին, Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան գրասենեակի բարձրացուցած խնդիրներէն մէկը կը վերաբերէր հայրենադարձներու արտերկրէն իրենց իրերու Հայաստան տեղափոխութեան օրինական կարգի եւ քայլերու յստակութեան պակասին։ ՛՛Ուրախ ենք յայտնելու, որ մեր կողմէ այդ հարցը հրապարակաւ բարձրաձայնուելէ ետք, ՀՀ ՊԵԿ-ը իր կայքին վրայ հրապարակած է տեղեկատուական պարզեցուած կարգ, ներառեալ՝ գծանկարներ, որոնք հայրենադարձին կը բացատրեն այն քայլերու յաջորդականութիւնը, որոնց հետեւելով ինք ի վիճակի կ՚ըլլայ իր իրերը հասցնել Հայաստան՝ զերծ մնալով մաքսային պարտաւորութիւններէ։ Մեր շնորհակալութիւնը յայտնելով ՊԵԿ-ին յոյս կը յայտնենք, որ բոլոր պետական մարմինները կը գիտակցին իրենց պարտաւորութիւնները, երկխոսութիւն կը հաստատեն տարբեր խնդիրներով շահագրգիռ կազմակերպութիւններուն հետ եւ հաշուի կ՚առնեն անոնց խելամիտ ու կառուցողական առաջարկները՛՛, կը տեղեկացնէ Հ.Յ.Դ. Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան Գրասենեակը:
Ստորեւ յիշեալ տեղեկատուութեան կապերը․-https://www.petekamutner.am/mdNews.aspx?sid=ts&nid=7200&fbclid=IwAR2EVrKsMfsPjdx8tjFiZHRJIpEmjktst8ArM05iGVzGQjYDrkWufiEhd4g