Հ.Յ.Դ.-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԻ ՓՈԽ ՆԱԽԱԳԱՀ
ԵՐԵՒԱՆ, “Հ.Յ.Դ. Մամլոյ դիւան“.- Ընկերվար միջազգայնականի 24րդ համագումարը իր աշխատանքներուն սկսաւ Օգոստոս 30ին, Քէյփ Թաունի (Հարաւային Ափրիկէ) մէջ, մասնակցութեամբ աւելի քան հարիւր կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ ներկայացնող չորս հարիւր պատգամաւորներու: Համագումարին բնաբանն է “Նոր միջազգայնականութեան եւ համերաշխութեան նոր մշակոյթի համար“: Համագումարը հիւրընկալած է Ափրիկեան ազգային քոնկրէսը (ANC): Ընկերվար միջազգայնականի 24րդ համագումարին նախորդեց նոյն կազմակերպութեան Խորհուրդի նիստը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ համագումարին կը մասնակցի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար միջազգայնականի մօտ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանը:
Համագումարի գլխաւոր օրակարգերէն են կազմակերպութեան ղեկավարութեան ընտրութիւնները, որոնք կը կայանան բարեփոխուած օրէնքներու հիմամբ: Օգոստոս 30ին, մրցակից չունենալու պատճառով բաց քուէարկութեամբ կազմակերպութեան նախագահ վերընտրուեցաւ Յունաստանի ՓԱՍՈՔ կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ երկրի նախկին վարչապետ Ճորճ (Էորղոս) Փափանտրէուն: Քուէներու մեծամասնութեամբ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար վերընտրուեցաւ Լուիս Այալան. միւս թեկնածուն Շուէտի Սոցիալ դեմոկրատական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Մոնա Սալինն էր: Նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ 33 փոխնախագահներու ընտրութիւնը:
“Այլ Եւրոպա“ տարածաշրջանէն փոխնախագահ ընտրուեցաւ Մարիօ Նալպանտեան: Նոյն տարածաշրջանէն ընտրուեցան նաեւ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն (Թուրքիա, Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան ղեկավար), Մարիան Լուպուն (Մոլտովիոյ խորհրդարանի նախագահ) եւ Հելկա Փետերսընը (Նորվեկիա, Աշխատաւորական կուսակցութեան փոխնախագահ):
Կազմակերպական հարցեր օրակարգով, Ընկերվար միջազգայնականի համագումարը հաստատեց Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի որոշումները` Արդար Ռուսաստան կուսակցութեան լիիրաւ անդամի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ գործող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (BDP) խորհրդակցական անդամի կարգավիճակ տալու մասին:
Վրաստանէն որպէս հրաւիրեալ համագումարին կը մասնակցէր Վրաստանի զարգացման համար Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութիւնը: Ատրպէյճանի Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան հեռացումէն ետք կազմակերպութեան անդամ չկայ այդ երկրէն:
Մինչեւ այս համագումարը, ԱՊՀ երկիրներու կուսակցութիւններէն միայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ունէր լիիրաւ անդամի կարգավիճակ: Հ.Յ.Դ. անդամ Մարիա Թիթիզեանը կազմակերպութեան փոխնախագահ էր, իսկ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը` ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան երկիրներու յանձնախումբի համանախագահ:

