
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստին արտակարգօրէն քննարկուեցաւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան ներկայացուցած Նայիրիտ գործարանի նախագիծը:
Հիմնական զեկուցող, Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ “Նայիրիտ“ գործարանի գործունէութեան վերաբերեալ բազմաթիւ խնդիրներ յառաջացած են եւ գործարանը դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը:
Ան նշեց, որ Նայիրիտի ապագան եւ ճակատագիր որոշելը պէտք է դառնայ Ազգային ժողովի կարեւոր խնդիրներէն մէկը, որովհետեւ անիկա պէտք է ունենայ մասնակցութիւն այս խնդիրները բացայայտելու գործին մէջ: Մինասեան նշեց, որ կառավարութիւնը չի կրնար պատասխանել պարզ այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը նախատեսուի Նայիրիտի համար, արդեօ՞ք գործարանը պիտի վերագործարկուի:
Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշեց, որ Ազգային ժողովի նախագահին ելոյթը յոյս ներշնչեց, որ քաղաքական մեծամասնութիւնը կը ցանկայ հարցեր լուծել, բայց վերջին կէս ժամուան ընթացքին միանգամայն հակառակ պատկերը պարզուեցաւ:
Վարդանեան շեշտեց, որ Դաշնակցութեան խմբակցութիւնը քաղաքական շահարկում ընողը չէ, այլ իր նպատակը կը վերաբերի գործարանի վերագործարկման:
Նշենք թէ Նայիրիտի խումբ մը աշխատակիցներ Ազգային ժողովին դիմաց բողոքի ցոյց կատարեցին` պահանջելով, որ Ազգային ժողովը հաստատէ Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ներկայացուցած նախագիծը, որուն մէջ կ՛առաջարկուի ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծել Նայիրիտի բոլոր խնդիրները ուսումնասիրելու նպատակով:
Հ.Յ.Դ. “Նիկոլ Աղբալեան“ Ուսանողական միութիւնը նաեւ միացաւ Նայիրիտի աշխատակիցներուն` յայտարարելով, որ իրենք եկած են արդարութիւն պահանջելու Նայիրիտի աշխատակիցներուն համար:
Ուսանողական միութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան նաեւ ցուցարարներուն կոչ ուղղեց սպասելու մինչեւ Ազգային ժողովի նիստին աւարտը, քանի որ նիստէն ետք իրենց պիտի մօտենան սատարող պատգամաւորները: